…«Թողուցէք զիս… մինակ,
Այնքան մինակ, եւ այնքան լուռ,
որ լսեմ տրոփը սրտիս…»:
Դ. Վարուժան
Մենութեան պահն է,
որ կապրիմ ու…
«կը լսեմ տրոփը սրտիս»:
Ձայներ կան
լռութեան մէջ:
Ձայներ, որոնք
«կեանք մը» կարժեն:
Ներաշխարհիս դուռը կը թակեն: Ամէն տարի Ապրիլին, ուխտագնացութիւն մը կը կատարեմ դէպի ներաշխարհիս Անհունը: Ծանօթ եւ անծանօթ ներքին ուժեր կաղմկեն այնտեղ, որոնք մերթ կը վերյայտնուին իբրեւ պատկեր ու խոհեր… մերթ` դասական երաժշտութիւն, հատուածներ հոգեհանգստեան համանուագներէ կամ պատարագներէ…: Վիշտս կը քաղցրանայ կարծէք հոգիէս ներս, ու ես վերստին կապրիմ այն պահս, երբ, իբրեւ ուխտաւոր կը գտնուէի ճիշդ այն Հողին վրայ, որ 1915-1918 եղեր էր անշիրիմ գերեզմանատունը մեր մէկ միլիոն ու կէս նահատակներուն:
Հալէպէն մինչեւ Տէր-Զօր ինքնաշարժով երեք ժամուան ճանապարհ էր: Տեղ-տեղ «ահեղավազ Եփրատն» էր, որ կը գծագրուէր բնութեան մէջ: Եփրա՜տը… որ կը կալանաւորէր մտածումներս ու կը վերարտադրէր հազար անգամ հազար անպատանք դիակներուն իբրեւ անծէս յորդահոս ջուր կենդանի, ծնած լեռնաշխարհէն հայկական, որ չհասաւ սակայն ըլլալու «ջուր ըմպելի», յագեցնելու համար քաղցն ու ծարաւը հազար անգամ հազար նօթի ու ծարաւ տարագիրներու:
Ու ես` Եփրատի կամուրջէն կուղղուիմ դէպի Նահատակաց Յուշարձան-Մատուռը:
Տէր-Զօր: Կիրակի եւ Ապրիլ 24: Այսինքն` կիրակնօրեայ ծէս ու պատարագ:
Անձնատուր ներքնահոս ալեկոծումներուս, կը մօտենամ յուշաքարերուն… ակնածանքով:
Խաչքար… եւ անմար բոցը կրակին:
Չգրուած բանաստեղծութիւն:
Մատներս կը խրեմ սեւ հողին մէջ, ափ մը հող առնելու համար հետս եւ յանձնելու արուեստագէտ բարեկամիս, որ կուզեր վերստեղծել իրմէ ներս Վարուժանին «Կարմիր հողը» քերթուածին վերընթերցումին պարգեւած գեղարուեստական պահերը: Ու հողը կը սրբանայ մատներուս մէջ: Կըլլայ սի՛րտը բաբախուն` Կոմիտասին ու Վարուժանին: Կըլլայ երգ ու քերթուած` մտածումներուս մէջ, հորովել ու շարական` շրթներուս վրայ, եւ արցունք ու թախիծ` հոգիիս խորը: Սա հո՜ղը… որ քիչ առաջ թերեւս պարզ հող մըն էր տակաւին, մինչ հիմա արդէն կայրէ մատներս ու կըլլայ հրակէզ հիշողութիւն…: Գիտեմ, յուշ-յիշատակներն են որ շունչ եւ հոգի կու տան այս հողին:
Հոգեհանգի՜ստ կը կատարուի այստեղ, Յուշարձան-Մատուռին ստորգետնեայ խորհրդատունը: Կիջնեմ վար սանդուխներու պարոյրէն, ուրկէ վայրահակ նայուածքս Յուշասիւն կոթողը կը պարուրէ:
Ոսկերոտիքն է նահատակներուն: Սրբացած ու նշխար դարձած ոսկերոտիք: Կոմիտասեան «Տէր ողորմեա՛»-ն կերգուէր բազկատարած եւ «Տուր աշխարհիս խաղաղութիւն» կաղերսէր:
Ծէսն ու պատարագը` թող որ շարունակուէր վերը, խորանէն, իսկ ես ըլլայի անձնատուր մեծագոյն խորհուրդին` լռութեան ձայնանիշերը վերծանող: Ըլլայի այդ պահուն խորհրդակիր պատարագիչ մը` անսքեմ-անվեղար, վառէի յոյսի եւ լոյսի կանթեղ-մոմ մը, երկուք-երեք… «վասն ձեր եւ բազմաց», բոլորին, «որք անկան յընթացս մեծ եղեռնի»: Այժմ, թողէք զիս մինակ, նահատակաց սրբազան Յուշասիւնին հետ, որպէսզի անոր մէջ ողջունեմ կենդանացած ու վերակենդանացած խորհուրդը մեր լինելութեան եւ այս յուշաքարին մօտ, թողէք որ ըլլամ հայրենի բանաստեղծին խորհրդակից… «չոքեմ ծունկի, քարանամ այստեղ առանց արցունքի…» ու շարունակեմ անաւարտ զրոյցս սրբացած ու քարացած նշխարներուս հետ:
Ապա` կուզէի «մեռելներուս իբրեւ խաչ» երգեր յօրինել ու ձօնել զանոնք անապատին մէջ անշնչացած, բայց թոռներուս մանկական ճիչերովը վերակենդանացած երէց երկու եղբայրներուս: Անոնց, որոնք ապրեցան մէկ-երկու տարուան կեանք մը միայն:
Համբուրելի սրբութիւն:
Որպէսզի, յետոյ, վերադառնամ իմ աշխարհս, ուր նահատակներու թիւին հաւասար քար ու նշխար վերածուին լուսեղէն սիւնի, ստանան մարմի՜ն ու երգեն փառքը ՀԱՅՈՒՆ ՀՐԱՇԱԼԻ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ:
Այժմ, անցեալս աղմկող այս էջերը կրկին կալեկոծեն ներաշխարհս… եւ արդարութիւն կը պահանջեն: Էջեր, որոնք թերթ առ թերթ կը խուժեն դէպի յիշողութեանս աւազանը իբրեւ պատկեր եւ յուշ-քանդակ, կամ ցանուցիր եղած խոհերու յօդուածներ, որոնց մէկտեղումով ահաւասիկ կը կազմւին էջերը սոյն հատորին, իբրեւ խաչբուռ նուիրական:
* («Ձայներ լռութեան մէջ» գրքի նախաբանը)