«ԻՄ ՈՒՂԵՊԱՏՈՒՄԸ»

Վրեժ-Արմեն«Գահիրէ» Տահեր թաղամասի մեր բնակարանը, ուր անցաւ մանկութիւնս ու վաղ պատանեկութիւնս: Մեր տունէն ո՛չ շատ հեռու՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որուն սուրբերը հայու աչքեր ունէին: Թաղը՝ հանրակառքի ճռնչիւններով ու շրջիկ վաճառորդներու անվերջ կանչերով: Դպրո՜ցս՝ Գալուստեան ազգային վարժարանը, որուն պատերէն հայութիւն կը ծորէր մեր հոգիներուն մէջ, եւ ուր անցան կեանքիս ամենէն կարեւոր տարիները: «Յուսաբեր»-ը՝ շէնքը, թե՛րթը մանաւանդ, որ իր հմայքին տակ առաւ զիս: Հայկական միւս ակումբները, միւս դպրոցները, այլ կալուածները: Առաջնորդարանը՝ եկեղեցիին կողքին:
Միւս եկեղեցիները»:
Այսպէս կը սկսի այս հատորը, որ իւրայատուկ ձեւով կը ներկայացնէ Վրէժ-Արմէնի անցած ուղին: Անոր յուշերուն ընդմէջէն, Եգիպտոսէն Գանատա, ընթերցողը մասնակից կը դառնայ մեր ազգային կեանքի տարբեր իրադարձութիւններուն, որոնց ականատեսը եւ յաճախ դերակատարը հանդիսացած է գրողը ինքը:
Աղբիւրները չեն պակսած այդ բոլորը վերյիշելու եւ իրարու քով բերելով հետաքրքրական պատումի մը վերածելու համար: ,Բարեբախտաբար այն մեծ սնտուկը, որ մեզմէ առաջ ճամբայ էր ելած արդէն, ոչ միայն մեր կահ-կարասին ու հագուստ-կապուստը կը փոխադրէր, այլեւ մեր հազարաւոր գրքերուն հետ նաեւ մեր թուղթերը՝ շարադրութեան տետրակներէս, նամակներէս, օրատետրերէս սկսեալ մինչեւ հրատարակուած յօդուածներս, լուսանկարներու մի քանի տասնեակ ալպոմները, որոնք մայրս կազմած էր տարիներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ իր ալ օրատետրերն ու նամականին: Այս թռիչքը ըրած պահուս, դեռ չէի գիտեր ե՞րբ պիտի գար առիթը օգտուելու այդ բոլորէն ու գրելու»,- կը կարդանք գրքի ներածականին մէջ: Օգտագործուած է նոյնպէս հեղինակին շուրջ կէս դարու արխիւը՝ հաւաքուած Գանատայի՛ մէջ:
Վրէժ-Արմէնի կեանքի ուղին կը զուգադիպի Եգիպտոսի հայ գաղութի կեանքի բարձրակէտին, այլեւ կծկումի սկզբնաւորութեան, ապա Գանատայի, յատկապէս Մոնթրէալի հայ գաղութի կերտման ու զարգացման տարիներուն:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։