ԼԵՒՈՆ ԱՆԱՆԵԱՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹԸ (Ուրուանկարի փոխարէն) / ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

Ճակատագիր կոչուած եօթգլխանի հրէշը եթէ այսքան քարսիրտ չըլլար, ընթացիկ տարուան 13 Հոկտեմբերին, իրեն վայել լուռ ու անշշուկ գաղտնապահութեամբ, հարազատներուն եւ հաւանաբար քանի մը մտերիմ ընկերներու հետԼեւոն Անանեան պիտի նշէր իր ծննդեան 68-րդ տարեդարձը: Այդ առիթով, ի շարս այլ նուէրներու, ան մանուկի մը բարի հրճուանքով եւ խանդաբորբ ցնծութեամբ պիտի գրկէր իր այնքա՜ն սպասած այս հատորը` «Ժամանակ եւ ոգիե խորագրեալ այս թանկ արմաղանը:
Խոստացած էինք հատորը ձեռամբ, հայրենի հողին վրայ յանձնել իրեն: Կամայ եւ ակամայ ձգձգումներէ ետք, այս «բազմաչարչարե −իրն է բնութագրումը, Ս.Կ.− գիրքը արդէն սկսած էր վերջնական տեսք ստանալ: Դասական ուղղագրութեան փոխադրուած գրութիւններուն վերընթերցումը կատարած էինք: Մեսրոպեան ուղղագրութեան փոխադրելի հինգ գրութիւններուն աշխատանքը հասած էր իր աւարտին: Օտար բառերու բառարանը աւելի քան երեք քառորդով կրցած էինք գլուխ հանել` մէկ-երկու ազնիւ բարեկամներու աջակցութեամբ, իսկ էջադրումը` նկատառելի ճամբայ կտրած: Կը մնային ստուգելի տասնհինգ բառեր, մանաւանդ բազմատաղանդ Գրիգոր Գուրզադեանի եւ նոյնքան յիշարժան բըժիշկ Գրիգոր Սաղեանի նուիրուած բաբախուն ու պատմարժէք գրութիւններուն մէջ Լեւոն Անանեանի գործածած տիեզերագիտական եւ բժշկական բառերը, որոնց համար իր օժանդակութիւնը խնդրած էինք: Եւ ճիշդ այս իսկ պատճառով, 2 Սեպտեմբեր 2013 թուակիր − ո՜վ ճակատագրի հեգնանք − մեր վերջին նամակը սկսած էինք` աւետելով իրեն. «Իր եօթներորդ ամիսը թեւակոխած հատորդ արդէն սկսաւ խլրտալ ժամանակի արգանդին մէջ: Եթէ ականջդ լարես “ժամանակ”ի որովայնին վրայ, անպայման պիտի լսես խանդաբորբ տենչերու “ոգի”ին ոտնահարուածներըե:
Կէսօրին նոյնիսկ փորձած էինք հեռաձայնել: Երկար հնչած էր իր ձեռքի հեռաձայնը` առաջին անգամ ըլլալով: Պատասխան չէինք ստացած նաեւ Գրողներու Տունէն: Անշո՛ւշտ զարմացած էինք եւ չէինք յաջողած լուծել անբացատրելի հանելուկը: Տակաւին չորս օր առաջ, հեռաձայնով երկա՜ր-երկա՜ր զրուցած էինք իրարու հետ: Անաւարտ եւ նոյնիսկ դեռ թուղթին վրայ մրափող նորանոր ծրագիրներու վերաքաղը կատարած էինք եւ ժամադրուած… Երեւանի մէջ զիրար ողջագուրելու: Գիշերուան ուշ ժամուն, «Ազդակեի խմբագրատունէն հնչած հեռախօսազանգը տակնուվրայ ըրած էր մեզ: Չէինք հաւատացած, սխալ բան մը ըլլալու էր, գուցէ չէինք ուզած հաւատալ եւ հեռաձայնած Երեւան, գրչեղբօր մը: Ծանր ու դանդաղ բառերը փշրուած էին մեր սրտին մէջ եւ երկինքը մեր շանթահար գլխուն փուլ էր եկած:
Աղէտը հարուածած էր Հայաստանն ու Սփիւռքը: Բոլո՛րս անխտիր: Այլ տարաբախտ հսկայի մը` Պարոյր Սեւակի ահադղորդ բառով` անսպասելին պատահած էր «միանգամիցե, երկրաշարժի ահաւորութեամբ` քարուքանդ ընելով ե՛ւ տրամաբանութիւն, ե՛ւ սիրտ, ե՛ւ տրամադրութիւն:

Հիմա, շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանի անձնուէր անձնակազմի բացառիկ ճիգին` սեղանիս վրայ է իմ դժբախտ եղբօր` խիզախ հրապարակագիրին, ներհուն մտաւորականին, տաղանդաւոր փորձագիրին, բայց ամէն բանէ առաջ եւ վերջ ամբողջական հայուն եւ վաւերական մարդուն` Լեւոն Անանեանի տագնապով, տառապանքով, ցաւով, ինքնայրումով, բայց միաժամանակ հայկեան հաւատքով ու ցեղին անկատար տենչերով երկնուած «Ժամանակ եւ ոգիե կտակին տպագրութեան պատրաստ թղթածրարը:
«Արմատ եւ սաղարթե, «Տագնապներե, «Դիմակայութիւնե, բարացուցական խորագիրներով լոյս տեսած հատորները, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք ստորագրած իր կրակուբոց գրութիւնները եւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահի հանգամանքով ի պաշտօնէ արտասանած ադամանդակուռ խօսքերը աղբիւր ընտրած այս հաւաքածոն, կը հաւատանք, լաւագոյնս կը ներկայացնէ այս յանձնառու հայ մտաւորականին արտասովոր, ամբողջական եւ յաւերժօրէն անկրկնելի կերպարը: Պիտի ուզէինք աւելցնել` Լեւոն Անանեան եզակի երեւոյթը:
«Գրութիւնը նոյնիքն մարդն էե, ըսած են յաճախ եւ ճիշդ են ըսած: Յար եւ նման բոլոր վաւերական տիտաններուն` այս խօսքը նաեւ լաւագոյնս կը պատշաճի Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ հայ գիր ու գրականութեան անմնացորդ նուիրեալ, ծառայ եւ իշխան, տէր ու պահապան Լեւոն Անանեան անուն խոնարհ հերոսին:
Բացէ՛ք ձեր տրամադրութեան տակ դրուած հատընտիրին որեւէ պատահական էջը, կարդացէ՛ք ծաւալուն կամ կարճաշունչ ձեր նախընտրած գրութիւնը, եւ անմիջապէս պիտի համոզուիք, որ հայ ժողովուրդին ու համայն մարդկութեան հասցէագրուած, ի խորոց սրտի ահագնացած, բայց միեւնոյն ատեն զուսպ, հաւասարակշռուած, խոհիմաստ ու պատասխանատու հոգեմտաւոր որոտումներ են անոնք: Արիւնով գրուած մեսրոպատառ լաւաներ, որոնք կը շողշողան Աբովեանի երգով ու վէրքով, Րաֆֆիի ապագայատես երազով անվախճան պայծառութիւններու կը բացուին, Սիամանթոյի եւ Չարենցի յեղափոխաշունչ մրրկումներով նորանոր ուխտեր կÿերկաթագրեն եւ Մեծարենցի ու Թումանեանի անանձնական բարութեամբ հայ մարդը կը բարձրացնեն իր է՛ն գերազնիւ ու ամէնէն ճշմարիտ աստուածային պատկերին:
Եւ այս բոլորը` առանց գրական աւելորդ պաճուճանքի: Պարզապէս` «տագնապներե ու «դիմակայութիւնեներ, «արմատեներուն պատգամներուն ունկնդիր եւ «սաղարթեներուն երկնուղէշ թռիչքներով թեւաւորուած: Ահա թէ ինչու Հայաստանի, Հայ ժողովուրդի եւ հայ գիր ու մշակոյթի փառահեղ անցեալով, ալեխռով ներկայով եւ պայծառ ապագայի տեսլականով ապրած ու երազած, պայքարած ու սխրագործած Լեւոն Անանեանի ջղապիրկ ու վարակիչ այս վկայութիւնները կը փոթորկին ա՛լ աւելի` կազմելով խայտաբղէտ «ներքին դաշտանկարըե մեր օրերու հայրենական վէրքերն ու երգերը, հոգերն ու ուրախութիւնները, ցաւերն ու երազները ջիղերու բացառիկ գերլարումով ապրած Լեւոն Անանեան հա՛յ մարդուն եւ նոյնքան սիրելի մա՛րդ հայուն:
Երեւութապէս` վերջին երկու տասնամեակին հեղինակին թուղթին յանձնած հրապարակախօսական, խոհական, գրականագիտական հրապարակագրական էջերը, գրական դիմանկարները, փորձագրութիւնները, գրապատկերները եւ սրտի պոռթկում խօսքերը ի մի հաւաքած հատոր մըն է «Ժամանակ եւ ոգիեն, ուր ամէն բանէ առաջ կը հնչէ բացարձակ ժամանակին, այսինքն` անցեալին, ներկային եւ ապագային պատմակերտ ոգին, բարձր բարոյականութիւնը եւ հպարտ արժանապատ
ւութիւնը: Աւելի յստակ խօսքով` «Ոգու սովը բախում է մեր դուռըե, «Ցեղասպանութեան կազմախօսութիւնըե, «Հաւաքական ուժի պատգամըե եւ նոյնիսկ զուտ գրական «Գիրս մնայ յիշակատողե եւ գեղարուեստական «Արմատ եւ սաղարթե շարքերը, իրարու արձագանգելով` կը կազմեն Հայաստանի եւ Հայութեան գաղափարաոգեղէն անաւարտ ոսկեմատեանը: Ըսինք` երեւութապէս, որովհետեւ առաջին ակնարկով գոյացող այս թիւր ու հապճեպ տպաւորութիւնը խաբուսիկ անդրադարձ մըն է պարզապէս: Վասնզի օրը օրին տեսք ու ոգի ստացած Անանեանի թուղթերը − մի՛ մոռնաք, որ մարգարէներն ու առաքեալները իրենց թուղթերուն յաւերժափայլ արշալոյսներով մարդկութեան անշեղ ուղին ճշդորոշեցին − կը կազմեն առաքելական ծառայութիւնը իր կեանքի գերագոյն նպատակ ճշդած այս անձնուրացին խոհերուն եւ խռովքներուն այն ամբողջական հոգետիեզերքը, որուն կեդրոնը կ’արեւէ վաւերական կերպարը Հայաստանն ու Հայութիւնը սրբութիւն սրբոց դաւանած մարգարէաշունչ այս հա՛յ գրողին, մարդո՛ւն, տեսլահարի՛ն:
Հաւատքի, սիրոյ եւ նուիրումի յիշատակարան մըն է Լ. Անանեանի մտքին ու հոգիին ոսկեթելերով բանուած այս հատորը: Գրուած` արիւնով, իմացական ու հոգեկան քաղցր ճենճերումով, մտաւորականի անշահախնդիր խիզախութեամբ եւ նրբաճաշակ գրագէտի պատասխանատու գիտակցութեամբ: Հայաստանն ու Հայութիւնը յուզող հիմնահարցերուն միայն ճշմարտութեան զէնքով պատասխանելու, դիմակայելու եւ յաղթանակելու այս մտաւորական ողջախոհութիւնը, որ իր պայծառագոյն որակները կը նուաճէ հատորին իրերայաջորդ գլուխներուն նիւթ ու ցասում, ապրում ու հաւատք, տեսիլք եւ ուխտ փոթորկած էջերն ի վեր, զուտ գրական թեմաներ շօշափող վերջին երկու բաժիններուն` «Գիրս մնայ յիշատակողե եւ «Արմատ ու սաղարթե քաղցրաթրթիռ էջերուն մէջ կը լիանայ հիմնովին տարբեր վառ հմայքով ու բանաստեղծական թելադրական շունչով, երբ Լ. Անանեան ամենայն երկիւղածութեամբ կը խոնարհի հայ գրականութիւնը յաւերժահունչ գանձերով հարստացուցած անմահանուն հսկաներուն` Յովհաննէս Թումանեանի, Սիամանթոյի, Վահան Թէքէեանի, Գուրգէն Մահարիի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Մուշեղ Գալշոյեանի, Զարեհ Խրախունիի, Հրանտ Մաթեւոսեանի, Աղասի Այվազեանի, Գրիգոր Գուրզադեանի եւ այլ նուիրեալներու խնկելի յիշատակին ու ծանրակշիռ վաստակին դիմաց:
Եւ Հայաստանի բնութեան կանաչ խորհուրդներէն եւ երկնավճիտ համանուագներուն թափանցիկ մեղեդիներէն ու աղօթքներէն արբեցած` կը քաղցրանայ հայօրէն, կը համովնայ եանա՜-եանա՜, ապա` հայ հողին ու արեան, քարին ու աղբիւրին, արեւուն ու շունչին, կանչին ու ոգիին կենսապարգեւ ակունքներուն բացարձակ ճշմարտութիւնները լոյսին բարձրացուցած լուսանուն անմահներուն մտերմութեամբ, իր կարգին, ինքզինք կը յայտնագործէ, կ’ամբողջանայ վերանորոգ բովանդակութեամբ, կը բարձրանայ գեղեցկօրէն եւ կ’արեւէ տիւ ու գիշեր, որպէսզի «յիշողութեան զրնգուն գնացքներովե, «մեր հայրերի եւ պապերի դժուար անցեալը փնտռելովե ու շրջանցելով` «իր խռովքի ու տագնապների վերջին մատեանըե լիանայ լոյսին բարիքներով, հողին ջերմութեամբ, գիրին զօրութեամբ, նոր ուխտապահներ գրաւեն անդարձ մեկնածներուն դիրքերը, յաղթամարտը շարունակուի իր ամէնօրեայ ներկայութեամբ, լայնաժպիտ կենսունակութեամբ, նոյն հաւատարմութեամբ եւ միեւնոյն անանձնական երանութեամբ` իբրեւ ուխտ ու կտակ եւ երաշխիք ու գրաւական նորանոր յաղթանակներու:
Որպէսզի իրերայաջորդ սերունդները ստեղծեն իրե՛նց ժամանակը, զայն ապրին արժանապատուութեան բարձրագոյն պատասխանատուութեամբ եւ յաւե՛րժ ապրի Հայաստանի ու Հայութեան անվախճան ժամանակին յաւերժաթռիչ ոգին:

Անթիլիաս, 12 Սեպտեմբեր 2013

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։