«ՀԱՄԱՆՎԱԳ»… «ԱԶԳԱՏՈՀՄԻՍ ԳՈՂԳՈԹԱՆ»… ու նաև մտորումներ. ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆՀարցազրույց արձակագիր ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆԻ հետ

ԼԻՒՍԻ ՍՈՒԼԱՀԵԱՆ.- Ի՞նչ զգացումներ ու մտորումներ ունեցաք, երբ ձեր «Ափրիկեան Համանուագ»ը անգլերէնի ու ռուսերէնի թարգմանուելէ ետք Սուրիոյ մշակութային նախարարութեան ուշադրութեան արժանացաւ ու Դամասկոսի մէջ արաբերէնով լոյս տեսաւ: Եւ դեռ, ինչպիսի՞ ապրումներ ունեցաք, երբ «Համանուագ»ը արաբական տարազով տեսաք:
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ – Գեղարուեստական գրողի մը համար, հոգ չէ թէ ի՜նչ գոյնի ու ազգութեան կը պատկանի, վերացնող յուզիչ զգացում դառնալու կողքին հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կը պատճառէ անոր, երբ ստեղծագործութիւններէն փունջ մը օտար լեզուներու կը թարգմանուի ու սեփականութիւնը կը դառնայ բազմամիլիոն ընթերցասէր զանգուածի մը: Ի դէպ, Սուրիոյ Ալեքսանտրէթ քաղաքը ծնած ըլլալով, արաբերէնը օտար լեզու չեմ համարեր: Թարգմանուիլն ու օտար հեղինակներու գործերը իր կարգին մայրենի լեզուով թարգմանելը համամարդկային հնչողութեամբ արարքի վերածուելով, քաղաքակրթութիւններու եւ ազգերու միջեւ հաղորդակցութեան զօդ կը դառնայ եւ կը նպաստէ ժողովուրդներու եղբայրութեան, յատկապէս երբ այդ արարքը կը կատարուի ինքնաբուխ, առանց նախապայմաններու ու ակնկալիքներու: Այսպէս, ներկայ թարգմանութեան միջոցով միլիոնաւոր արաբ ընթերցողներ պիտի անդրադառնան, թէ հակառակ թիւով փոքր ժողովուրդի մը ծոցէն ներս գործող գրողի անհաւակնոտ մեր գոյավիճակին ու դիմակալած սահմանափակ շուկային, հայ ստեղծագործ միտքը քայլ պահած է արդի մարդը յուզող տագնապներուն հետ ու իր հետաքրքրութիւններու կարկինը լայն բանալով, յաճախ հասած է համամարդկայինին:

Լ. Ս. – «Ափրիկեան Ափերու Վրայ» հատորը առաջի՞նն էր «Համանուագ»ներու շարքին: Իւրայատուկ այդ շարքը սկսելու գաղափարը ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու տակ ծնունդ առաւ ձեր միտքին մէջ:
Պ. Գ. – Ճիշդ է, որ «Ափրիկեան Ափերու Վրայ» հատորը տպագրուած իմ առաջին գործս էր, սակայն պորտային կապ ունէր «Համանուագ»ին հետ: Արդարեւ, երբ սկսայ Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին ուղարկելու ափրիկեան թեմայով պատմուածքներու շարքը, Սիմոնեան իր նամակներով կը խրախուսէր զիս կեդրոնանալ միայն ափրիկեան թեմային վրայ, զգալով անոր բերած նոր աւիւնը սփիւռքահայ գրականութեան, եւ ստեղծած հետաքրքրութիւնը ընթերցողներուն մօտ: Ըստ տպարանը բանող բարեկամ տողաշարին, երբ պատմուածքներս հասնէին, շատ անգամ պատրաստի թերթէն կտոր մը կը հանէր Սիմոնեան գրութեանս տեղ տալու համար: Ներկայ «Համանուագ»ին մէջ պարփակուած են ափրիկեան թեմայով գրուած ամէնէն ուշագրաւ կտորները: Երբ անգլերէն թարգմանութիւնը պիտի հրատարակուէր, «Անտառը Մարդուն Մէջ» խորագիրը կը կրէր պատմուածքներու հաւաքածոն: Սակայն նախագահ Պուշի անուան հետ խորագիրիս նմանութիւնը ամերիկեան ընկերութեան պատասխանատուներուն հաճելի չեկաւ եւ ինձմէ բացատրութիւն խնդրեցին: Ես ալ իրենց ափրիկեան առածը կրկնեցի. «Աւելի հեշտ է մարդը անտառէն դուրս հանել, քան թէ անտառը` մարդուն մէջէն»: Դարձեալ չհամոզուեցան ու եկան, կեդրոնացան «Համանուագ»ին վրայ, զայն աւելի հնչեղ ու բովանդակալից նկատելով:

Լ. Ս. – Հետաքրքրական է իմանալ «Ազգատոհմիս Գողգոթան» անտիպ հատորին բովանդակութեան եւ այդ վիպակի պարգեւատրումին մասին:
Պ. Գ. – Լաւ սահմանեցիք հարցումը: Հրատարակուած կամ այս պարագային` անտիպ իւրաքանչիւր գիրքի ետին, յատկապէս հայ գրողի պարագային, չըսեմ տրամա ու ողբերգութիւն, բայց գոնէ դիպ­ուած մը կամ յուզիչ պատմութիւն մը ծրար­ուած է: Ցարդ, խուսափած եմ գիրքերուս ետին պահուած դրուագներուն մատչելու, կեդրոնանալով նորը գրելու մարտահրաւէրին: Գուցէ օր մը քանի մը նախադասութիւններով անդրադառնամ անոնց ծննդոցին: Ներկայ հատորը ծրագրաւորուած չէր: Սակայն երեք տարի առաջ անցուցած ուղեղային կաթուածը, ենթագիտակիցիս մէջ ահազանգ հնչեցուց: Ու հազիւ գրական առօրեայ զբաղումներուս վերադառնալու երկչոտ որոշումը տուի, սկսայ տասնամեակներէ ի վեր լքուած արխիւս կարգի բերելու. անշուշտ հոն յայտնաբերած գերդաստանիս նախաեղեռնեան ու իմ մանկութեանս լուսանկարները բաւական աղօտ յիշատակներ արթնցուցին մէջս ու հոգեկան մտաւորական աշխարհս տակն ու վրայ ըրին: Սակայն բառիս բուն առումով «Առաքելութիւն Մարաշ» կամ «Ազգատոհմիս Գողգոթան» գործին դայեակը երկուորեակ եղբայրս հանդիսացաւ, երբ օր մը ինծի հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ կը խրտչէի ազգատոհմիս Գողգոթան վիպագրելէ: Գրել սկսած օրէս, եղբայրս խստաբիբ քննադատի դերը ստանձնած ու, կարեւորագոյնը, ամէնէն հաւատարիմ ընթերցողս եղած է: Եւ քանի որ իմ սերունդիս տղոց ամբողջ կեանքը գրեթէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նուիրուած էր, իմ կարգիս, այդ թեմայով ահագին գրականութիւն կարդացած եմ. Եղեռնը` ներսով, դուրսով ինծի ծանօթ թեմայ մը եղած է: Երբ իրերայաջորդ հատորներս սկսան լոյս տեսնելու, փորձեցի Ցեղասպանութեան թեմայէն հեռու մնալ, այնքա՜ն, որ այդ մէկը անկարելի թուէր սփիւռքահայ գրողի մը: 1993ին Լիբանան մեկնեցայ հիւանդ մայրս խնամելու: Մօտ տարի մը մնացի հոն, վերյիշելով մանկութիւնս ու Ցեղասպանութենէն ճողոպրած թաղեցի հերոսներս: Զոյգ մը գործեր ծնան այդ ժամանակաշրջանին` «Մերսի պոքու ասպետական Ֆրանսա»ն եւ «Ողջո՜յն, յաւերժական Լիբանան» հատորները: Իսկ հիւանդի անկողինէն մօրս պատմածները գրի առի` հետագային գործածելու եւ օր մը ազգատոհմիս պատմութիւնը կանգնեցնելու համար: Սակայն տեղէ տեղ փոխադրութիւններու ժամանակ կորաւ օրատետրս: Մինչ այդ, փորձեցի վերականգնել յիշողութիւնս, Մարաշցի հայրենակից փրոֆ. Օննիկ Քէշիշեանին դիմեցի, որպէսզի քանի մը գիրքեր թելադրէ: «Մարաշի Առիւծները» հատորը փոխ տուաւ: Պատմական տեղեկութիւններու ու ականատեսի վկայութիւններու ոսկեհանք մըն էր Ճոնաթան Քերի անգլերէն այդ հատորը: Երբ իմացայ, որ ցարդ ոչ ոք թարգմանելու փորձ կատարած էր ներկայ գործը, պարտականութիւնը զգացի անձամբ նախաձեռնելու անոր: Իսկ մտաւորական ու գրական քննադատ բարեկամս` Երուանդ Գոչունեանը, սիրով յանձն առաւ կատարել խմբագրական աշխատանքը: Յուսամ Եղեռնի հարիւրամեակի առիթով կազմակերպութիւն մը կը նախաձեռնէ յոյժ հետաքրքրական այդ գիրքի հրատարակութեան: «Միշըն Թու Մարաշ» ներկայ գործին իբրեւ վէպ կամ տոհմագրութիւն չմօտեցայ: Ինչպէս Հայաստան, Գրողներու համագումարին իմ ելոյթիս մէջ շեշտած էի, այլեւս հինգ-վեց հարիւր էջերով վէպերուն օրը անցած է: Հայ գրողը իր վէպը սպիտակ պաստառի համար պիտի գրէ ու սցենարի նման խճճէ պատկերներով ու «աքշըն»ով, կամ ալ հետաքրքրական, «ֆենթեսթիք» գործողութիւններով:
Ներկայ վէպը մօտ 200 էջէ կը բաղկանայ: Տոհմագրութեան կողքին թափ տուած եմ երեւակայութեանս, ու վտանգաւոր գործողութիւններով յագեցած է ամէն մէկ գլուխ: Ներկայիս, ծանօթ իրողութիւն է, որ հոլիվուտեան սցենարները ութսուն մեքենագրուած էջերու սահմանին մէջ կը մնան, եւ թէ հեղինակ մը այս պարագային շատ բան ըսելու մոլուցքին զոհ պիտի չերթայ… Ուրախ եմ յայտնելու, որ ֆիլմարուեստի մէջ ծանօթ անուն դարձած մանչս, «Վարդանանց Հերոսամարտ»էն անմիջապէս ետք «Միշըն թու Մարաշ»ը պիտի նկարահանէ:
Գալով Հայաստանի մէջ անտիպ վիպակիս տրուած գրական մրցանակին, թէեւ երախտագէտ եմ հայրենի պետութեան ու գրողներուն, սակայն այդ պարգեւը խոնարհութեամբ ստացայ եւ զայն ձօնեցի սփիւռքահայ գրող ընկերներուս, որոնք գերմարդկային ճիգերով ու դժուարագոյն պայմաններու տակ կը շարունակեն հերոսաբար մարտնչիլ ու գեղեցիկը արարել:

Լ. Ս. – Իւրաքանչիւր հատորի լոյս ընծայման առիթով թեր ու դէմ կարծիքներու ու գրախօսականներու արժանացած է յանդուգն գրիչդ: Օշականեան մակարդակով լուրջ գրախօսականներու դժուար է հանդիպիլ արդի ժամանակներուն: Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ ձեւով կ’արժեւորես գիրք գրախօսելը արհեստի վերածած չակերտեալ գրողները:
Պ. Գ. – Այն գրողը, որ ստամոքս չունի դրական կամ ժխտական կարծիքներ լսելու իր նոր երկին մասին, պէտք չէ գիրք հրատարակէ: Միշտ ալ տարբեր ճաշակներու տէր ընթերցողներ եղած են: Բարեբախտաբար, կան նաեւ հասուն ճաշակով մարդիկ, որոնք յափշտակութեամբ կը կարդան իրենց սիրած հեղինակին գործերը: Բայց բարիները երգ չունին, իսկ կիրթ ընթերցողը հազիւ թէ նամակ մը գրէ թերթի խմբագրութեան ու իր գոհունակութիւնը յայտնէ նոր լոյս տեսած գրքի մը կամ յօդ­ուածի մը առնչութեամբ: Չարամիտներն են, որոնք իրենց քունը կը կորսնցնեն ու կ’աճապարեն հեռաձայնով կամ գրաւոր յարձակում գործելու իրենց չհանդուրժած գրողին վրայ: Սակայն կայ նաեւ այսպէս կոչուած ծանր հրետանին: Այսինքն` իրենք զիրենք լրջախոհ գրական քննադատի տեղ դնող երանելիներ, որոնք նոր լոյս տեսած հատորը խղճմտօրէն քննարկելու փոխարէն` վարժապետի փութկոտութեամբ ու գիւտ ընողի յաւակնութեամբ, առանց իրենց գրաջարդած գործին խորքը թափանցելու, ընթերցողը նախատրամադրելու միտումով յաճախ սխալ եզրայանգումներու կը հասնին…

Լ. Ս. – Ի՞նչպէս կ’արժեւորէք ժամանակակից սփիւռքահայ գրականութիւնը:
Պ. Գ. – Լիւսի ջան, այս հարցումդ առանձինն ամբողջ հարցազրոյցի մը նիւթ կրնայ ծառայել: Սակայն պիտի փորձեմ քանի մը տողով պատասխանել: Ամէն ժամանակաշրջան ունեցած է գրական ասպարէզի մէջ փայլատակող առանցքային իր անունները: Անոնց կողքին եղած է նաեւ շարքային գրողներու ստուար թիւ մը: Երբ հարցը գրականութեան կու գայ, մարդ չի կրնար յստակօրէն նախատեսել, թէ ներկայ գրողներէն որո՞նք պիտի դիմանան ժամանակի մաշումին եւ ովքե՞ր պիտի մոռցուին առանց իրենց ետին հետք մը ձգելու: Իմ համեստ կարծիքով պիտի մնան ու ժամանակի հեռաւորութենէն պիտի փայլատակեն անոնք, որոնք նոր ակօսներ բացած են գրական մեր անդաստանէն ներս, այն վաւերական գրողները, որոնք մեծերը կրկնելով` ժամանակաւորապէս չեն փայլատակած, այլ փորձեր են իրենցը ստեղծել, հոգ չէ թէ նուազ շքեղ…

Լ. Ս. – Օտարալեզու հայ գրողներու նոր սերունդ մը պիտի փոխարինէ՞ սփիւռքահայ ժամանակակից գրողներու այս փաղանգը:
Պ. Գ. – …Այսօր հայ գրողը բոլորովին անտեսուած ու արհամարհուած է մեր կառոյցներուն կողմէ, իսկ հայերէն ընթերցողներուն թիւը անկման մէջ է: Երիտասարդ գրողները, տեսնելով երէցներուն տուայտանքը, այլ ի՞նչ սիրտով պիտի խիզախին «մահացող» լեզուով արտայայտուելու` անգլերէնի բազմամիլիոն շուկան կեցած տեղը: Իսկ հայրենի ժողովուրդը ռուսերէնի հանդէպ ունեցած սէրն ու բարդոյթը փոխարինած է անգլերէնով: Կ’երեւի հոն ալ շուկայական նկատառումները իրենց տխուր անդրադարձը կը թողուն Մայրենիի անտեսումին մէջ: Ցաւը խոր է, չեմ ուզեր երկարել…

Լ. Ս. – Ձեր կարծիքը եւ ձեր խօսքը սփիւռքահայ երիտասարդ հայագրիչ գրողներու հայաշատ գաղութներու մէջ:
Պ. Գ. – Մեզմէ անոնք, որոնք պայմաններու բերումով երկար ատեն զրկուած մնացած են Մայրենիէն, վարժ են ամէն տեսակի զոհողութիւն յանձն առնելու, հայերէն լեզուի պահպանման սիրոյն: Կեանքի մէջ ամէն ինչ յարաբերական է եւ իր գինը ունի, մայրենի լեզուի եւ ինքնութեան պահպանումը` նոյնպէս; Արդ, գուրգուրալ է պէտք վտանգուած մեր լեզուին վրայ, որպէս անփոխարինելի ժառանգ ու հարստութիւն: Նոր սերունդէն նուիրեալներու բանակը գերմարդկային իր զոհողութիւններով պիտի ապահովէ մեր սքանչելի լեզուին գոյութիւնն ու զարգացումը: Դիւրին է վհատելով կռիւի դաշտը լքել, հօրենական մեր ժառանգութիւնը աճուրդի հանել: Ինչպէս հայկական հողին պահպանման համար, առանց բացառութեան, բոլորս պատրաստ ենք մեր կեանքերը զոհելու, նոյնքան եւ գուցէ աւելի, այդ հողերուն գոյն ու երանգ պարգեւող, այդ հողերուն հայեցի շունչ ու նկարագիր տուող Մեծասքանչի կորստեան թումբ կանգնելու համար:
Ձրիօրէն ո՛չ ինքնութիւն կը պահպանուի, ո՛չ լեզու եւ ոչ ալ հայրենի հող: Դասալիքներու բանակով կարելի չէ հայեցի մեր գոյութիւնն ու նկարագիրը ապահովել: Ըսուած է որ վտանգի պահուն քաջերն ու վախկոտ դասալիքները տարբեր ուղղութեամբ կը շարժին: Ատոր խօսուն մէկ փաստը տեսանք Ղարաբաղի պատերազմին… Ուրախ եմ, որ նոր սերունդի մեր հայագիր երիտասարդ գրողները դասալքութիւնը չեն ընտրած իբրեւ ուղեգիծ:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։