ՆՈՐ ՏՈՒՆԸ / Պերճուհի Աւետեան

 

Այդ առաւօտ չլսեց Արշոյի հողաթափերու քսքսոցը, ննջարանէն պետքարան, հոնկէ բաղնիք, խոհանոց, նստասենեակ: Չէր հասկնար ինչու լուսաբացին ան ոտքի կ’ըլլար.. ի զուր չէր ծնողքը զինք «Արշալոյս» անուաներ էին, ժպտաց դիտելով պատուհանէն ներս խուժող արեւի համարձակ շողերը, մինչեւ այս օրը չէր մտածած քրոջ անունին իմաստը պեղել:
Ուշադիր ականջ դրաւ, տան մէջ կատարեալ հանդարտութիւն կը տիրէր.
Սպասեց վայելելով անկողնի ջերմութիւնը, կողքի ննջասենեակէն թեթեւ տնքոց կարծեց լսել, ընդոստ նստեցաւ անկողնին մէջ ու լարեց լսողութիւնը, այս անգամ հանդարտութիւնը խռովեց հոգին, պատի ժամացոյցի սլաքները եօթը անց վայրկեաններ ցոյց կու տային, փողոցի անցուդարձը սկսած էր:
Տնքոց… այս անգամ ձայնը յստակ էր, ցատկեց ու մէկ ոստումով հասաւ կողքի սենեակ… անկողնին վրայ տարածուած Արշօն սառած նայուածքը յառած էր առաստաղին, բերանը կիսով ծռած: Զանգեց բժիշկին, որ քնաթաթախ ձայնով թելադրեց շտապ օգնութիւն կանչել:
Կաթուածը զօրաւոր էր, տասը օր ի զուր փորձեցին բուժումներ կատարել. վերակենդանացման բաժնին մէջ, սնունդի ասեղը ձեռքին ու պարկը ձողէն կախուած, անորոշ նայուածքը յառած առաստաղին Արշօն մնաց անհաղորդ. յետոյ… վերջ:
Յուղարկաւորութիւն, թաղում, սեւազգեստ հատուկենտ ծանօթներ, խոժոռ դէմքեր ու… յանկարծ տունը կրկնակի պարպուեցաւ:
Այս տունը յաջորդաբար լքած էին ընտանիքի անդամները… նախ մայրն էր, յետոյ հազիւ քսան տարեկան փոքր քոյրը` Անին, յետոյ հայրը, յետոյ եղբայրը…
Տասը տարի է Արշոյի հետ կ’ապրէին, ան ամուսնութենէն շաբաթ մը ետք տուն ճամբուած էր ջղային խանգարումը յայտնուելուն պատճառաւ: Անվնաս էր, նոպայի պահուն պարզապէս կը պոռչտար:
Մեծ մայրէն լսած էր, որ իրենց ընտանիքը անիծուած էր.
Նստեցաւ տիւանին վրայ: Հոն, դիմացը Արշօն կը նստէր, միշտ բան մը ծամելով ու որեւէ նիւթի մասին պատմելով, մերթ կակազելով, մերթ աչքերը չռած: Մտիկ կ’ընէր կէս ականջով, երբեմն կ’արձագանգէր, երբեմն ալ ձանձրանալով «օ՜ֆ» մը կ’արտաբերէր… երանի ըլլար հիմա ու պատմէր, շատախօսէր…:
Սեղանիկին վրայէն վերցուց ծխախոտի տուփը, դուրս քաշեց հատ մը ու վառեց, Արշօն պիտի ըսէր.-
– Քեզի վնաս է, մի՛ ծխեր, հայրիկն ալ նոյնը կ’ընէր, ան ալ խօսք մտիկ չէր ըներ:
Ծուխը պահեց ներսը, յետոյ քթի ծակերէն դուրս հանելով դիտեց քուլաները ու հետեւեցաւ անոնց… ներսի սենեակի սեղանի շուրջ կիսամութին մէջ պար բռնեցին անոնք, յետոյ ծուխը մշուշի նման պատեց ճաշասենեակը. սեղանի գլխուն յայտնուեցաւ մայրը, գլուխը հակած ձեռագործին, կողքին՝ հայրը ծխախոտի ծուխը իր փչած քուլաներուն խառնելով, միւս կողմը Անին էր, իր անհանդարտ նստուածքով կը շարժէր աթոռը, դիմացը երեւաց եղբայրը տժգոյն դէմքով ու գիշերանոցով, Արշօն ալ քաշեց աթոռ մը ու հաստ մարմինը պարկի նման տեղաւորեց վրան:
Քամուած էր տեղը, ծխախոտը մատներուն մէջ կը մխար. սենեակի օդը անբաւարար էր, Արշօն իրաւունք ունէր, ծխախոտը կը վնասէր իր առողջութեան, շնչառութեան:
Հանդարտ քայլերով, կոկիկ քոստումով տղամարդ մըն ալ մօտեցաւ սեղանին… սիրտը ուժգին բաբախեց, Կարպիսն էր իր առաջին ու միակ սէրը… վերջերս իմացեր էր, որ մահացեր է:
Որքա՜ն տարիներ անցեր էին, կէս դար. ինք ուսուցչուհի էր, հազիւ քսաներկու տարեկան, Կարպիսը հոգաբարձական կազմի անդամ նշանակուած էր, լաւ արհեստի տէր, խոստումնալից երիտասարդ մը, կազմին կրտսեր անդամը:
Դպրոցի աւարտական հանդէսին, մանկապարտէզի մանուկներու հանդէպ իր ցուցաբերած հոգատարութիւնը բարձր գնահատած էր, խորունկ նայուածքը մխրճելով աչքերուն մէջ, ինք մինչեւ ականջները կարմրած հազիւ շնորհակալական բառեր մրմնջացեր էր: Տարեվերջի դպրոցական պտոյտին սեղանի շուրջ նստած էր կողքին ու երկար խօսակցած էին… ճիշդ է մեծ զարգացում չունէր, բայց քաղաքավար ու ճարպիկ երիտասարդ էր, գրաւիչ արտաքինով ու խոհուն աչքերով:
Առաջարկեց հանդիպիլ, պահպանողական ընտանիքի աղջիկ էր, կտրականապէս չմերժեց, բացատրեց թէ հայրը պէտք է հաւանութիւն տայ: Հայրը խոհեմ ու իմաստուն մարդ էր, լաւ արհեստաւոր, ազատ ժամերուն Աւետարան, լրագիր ու գիրք կը կարդար, ժամանակին հետ ալ մասամբ քայլ կը պահէր:
– Ի՞նչ եղեր է Խաթուն, պատուաւոր տղայ է, խելքը գլուխը, Նազիկին պիտի չուտէ եա՜, թող մէկ-երկու անգամ միասին տեղ երթան.- ըսաւ ան մօրը աչք-հունք ընելով ու երանելիութեան մէջ շարունակեց.- Է՜յ կիտի կիւնլար (երանելի օրեր):
Հայրը գիտէր ընտանիքի խոցելի կողմերը…
Երկու մեծ մայրերը քոյրեր էին, գաղթի ճամբուն վրայ մեծ քոյրը հազիւ եօթ տարեկան տղու հագուստով, մրոտ երեսով մօրը քարաւանին հետ կը հասնի Հալէպ, փոքր քոյրը՝ այլ քարաւանով իր մեծ մօր հետ մնացած էր, անոր մահէն ետք կը յայտնուի որբանոցի մը մէջ: Քոյրերը կը մեծնան իրարմէ հեռու, իրար գոյութեանը անգիտակից, ընտանիք կը կազմեն ու օր մըն ալ մեծ քրոջ տղան կը հանդիպի փոքրին աղջկան…
Անդօն աշխատած արհեստանոցի ճամբուն վրայ, ամէն օր պատուհանին դիմաց կը տեսնէ հազիւ տասնհինգ տարեկան աղջնակ մը ասեղն ու թելը ձեռքին: Կը հետապնդէ ու կը խօսի աղջնակին հետ, ամէն օր Խաթունիկը այրող այտերով դերձակատունէն կ’երթար տուն Անդոյին ձեռքը բռնած: Ծնողները կ’իմանան ու մանաւանդ կը պարզաբանեն, որ քոյրեր են… արիւնարբու թշնամին աքսորած, ջարդած էր բնաջնջելու ծրագրով, բայց թիթեղածածկ տնակներու մէջ հասակ նետած պատանիները չոր ճիւղերու վրայ ծաղկող բողբոջներ էին, կեանքով լեցուն, սիրով խանդավառ:
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սահմանած օրէնքով այս սիրատոչոր տղան ու աղջիկը կարելի չէր սուրբ պսակով միացնել, նաեւ մեղք էր իրարմէ բաժնելը: Այդ օրէնքը մեր եկեղեցւոյ սահմանումն էր, գացին Լատին համայնք, ու պսակը տեղի ունեցաւ:
Անդոյի մայրը թէեւ ուրախ՝ բայց չէր համոզուած, որ կարելի է տրորել Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ օրէնքը…
– Քրոջս աղջիկը իմ զաւակս է, ամա՜ն ուրիշ աղջիկ չկա՞ր… վա՜յ մեր գլխուն, այս ընտանիքը անիծուած է.- կը կրկնէր յաճախ:
Առջնեկը Արշալոյսն էր, թմպլիկ, առողջ, բայց… արբունքի տարիք թեւակոխելով ի յայտ եկան անոր ջղային նոպաները:
Երկրորդը Կարօն, խելօք, հանդարտ տղան, դասերուն հետեւող, երբ շրթունքին վրայ աղուամազը երեւցաւ դարձաւ մեկուսի, առանձնակեաց, մայրը կը կարծէր պատճառը ջլթիկ Սալուան էր` ասորի խանութպանին աղջիկը:
Երրորդը՝ Նազիկը, աշխատասէր, խելացի, դպրոցասէր աւարտեց երկրորդականը եւ դարձաւ ուսուցչուհի, հայրը սրտատրոփ կը սպասէր… ա՞ս ալ…
Չորրորդը Անին էր, փոքր, շատ փոքր տարիքին յայտնի եղաւ, որ թերաճ էր:
Այսուհանդերձ իրենք ընտանիք էին:
Կարպիսի հետ հանդիպումները սիրալիր էին. պաշտօնական ձեւակերպումներով Կարպիսի մայրն ու քոյրը եկան աղջիկտեսի ու նշանտուքի օրը որոշեցին: Անոնք զննողական նայուածքներ պտըտցուցին համեստ տան կահոյքին ու մանաւանդ Արշոյին ու Անիին վրայ… Արշոօն ժպիտով պատասխանեց ծակծկող նայուածքներուն… Անին հակառակ կանխաւ զգուշացմանց չկրցաւ ծածկել իր շեշտուած թերութիւնը:
Նշանտուքէն շաբաթ մը ետք Կարպիսը հրաւիրեցին ճաշի, ճաշարանի այդ սեղանին շուրջ հաւաքուած էր ընտանիքը: Կարպիսի նայուածքներն ալ զննող էին: Երկու շաբաթ բացակայեցաւ, ամէն օր նոր պատրուակ մը յօրինելով, ետքը, հօրը հանդիպած ու նշանի մատանին յանձնած էր:
– Ծօ՜ դուն խենթ ես, ոտքերուդ ջուրը թող խմեն, հանէ՛, հանէ՛ տեսնեմ այդ մատանին.- Անին ի տես իր արցունքներուն դատեց ու մխիթարեց:
Ճաշի սեղանի շուրջ ծուխը կը թանձրանար, հայրը ծխախոտը հանգեցուցած էր ու սկսած լրագիր կարդալ:
– Բո՜ւհ, բոլորն ալ սուտ կը խօսին.- կ’ըսէր ան միշտ ու կը շարունակէր կուլ տալ ամէնօրեայ սուտ լուրերը:
Եղբայրը Կարօն գլուխը հակած հանդարտեցուցիչ դեղի ազդեցութեան տակ կը մրափէր: Մայրը կը շարունակէր ձեռագործը, Արշօն արմուկը սեղանին կը պատմէր դրացի Ապպուտի երրորդ ամուսնութեան մասին. Անին բարձր ձայնով կը ծիծաղէր, մինչ երանելի փեսացու Կարպիսը շուարած կը դիտէր բոլորը:
Ծխախոտի քթի մոխիրը ինկաւ գետին, ծծեց մատներուն մէջ մնացած մասի դառնութիւնը ու տրորեց մոխրամանին մէջ:
Նկատեց, որ Կարպիսը գլուխը կախ հեռացաւ:
Չհամարձակեցաւ շարժիլ տեղէն, կծկուեցաւ, կծկուեցաւ, ներսը ընտանիքն էր. ընտանիք՝ որուն մնացորդը ինքն էր:
Առաւօտեան դրան զանգին հետ բացաւ աչքերը. դրացի տիկին Անահիտն էր:
– Քա՜ տիւանին վրայ նստած պառկեր ես, աչքերդ կաս-կարմիր են, մեղք ես ճանըմ, ըսէիր քովդ կը մնայի կամ գայիր մեր տուն… հագուի՛ր, հագուի՛ր, երթանք եկեղեցի այգուցի… ո՞վ պիտի գայ մեզի հետ գերեզման.- ըսաւ մէկ շունչով:
Նազիկ գլուխը կախ հաւանութեան նշան ըրաւ:
– Դուն գիտես արդէն հարազատ չմնաց… ուրիշի նեղութիւն չեմ ուզեր տալ.- պատասխանեց գլուխը կախ:
– Հատէ՜ քոյրս չուշանանք, դուն ձեռքէդ եկածը ըրիր մնացեալը Աստծուն ձգէ… գիտե՞ս այս տունին մէջ առանձին ապրիլը քեզի դժուար պիտի ըլլայ…
Տիկին Անահիտը իրաւունք ունէր, անձայն քալեց անոր կողքին:
Քահանան աճապարանօք կատարեց այգուցի արարողութիւնը, օրհնեց, մխիթարական խօսքերը ծամծմեց, ափին մէջ սեղմուած թղթադրամին համար «Պէտք չկար» ըսաւ ու մխրճեց լայն գրպանին մէջ:
Գացին գերեզմանատուն, ընտանիքը հոն էր:
– Կարգս գայ, տեղս հոս է.- ըսաւ:
– Ամա՜ն դուն ալ խենթ-խենթ մի խօսիր, քալէ մեզի պիտի ճաշենք, գիշերն ալ մեզի կը պառկիս.- ըսաւ ձեռքէն քաշելով:
– Չէ, պիտի վարժուիմ.- ըսաւ վճռական:
Իրիկուան երբ բացաւ տան դուռը չհամարձակեցաւ նայիլ ճաշասեղանի կողմը, բոլոր լոյսերը միացուց, նստեցաւ տիւանին, ծխախոտը վառեց, ագահօրէն ծծեց եւ արտաբերեց ծուխը, յետոյ երկար հազաց ու տրորեց ծխախոտը ոտքին տակ ինչպէս դիմացի փողոցի խանութպանը եւ բաւարարութիւն զգաց: Գաղտագողի հետեւեցաւ քուլաներուն… սեղանին շուրջ ընտանիքն էր:
– Ի՞նչ… ի՞նչ կ’ուզէք, ինչու եկա՞ք… Հայրի՛կ, չէ որ հպարտ էիր, որ ես միակ նորմալն եմ այս ընտանիքին մէջ… հա՜ կ’ուզես ես ալ միւսներուն պէս ըլլամ:
Հայրը գլուխը կախած էր աւետարանին վրայ:
– Աստուած ալ գիտէր, որ ես կրնամ գլուխ հանել, անոր համար բոլոր պարտականութիւնները գլխուս փաթթեց… չէ, չէ՜ չեմ կրնար այլեւս…
– Մեղա՜, մեղա Տէր իմ ներէ, սկսայ մեղանչել…
Ժամացոյցի սլաքը «թըք-թըք-թըք» ձայնով սկսաւ մրճահարել գլուխը, ափերով փակեց ականջները, յետոյ ամուր փակեց ճաշասենեակի վրայ բացուող դուռը ու կծկուեցաւ տիւանի անկիւնը:
Յաջորդ օր արդէն որոշում առած էր, ուրուականներու այս տան մէջ կարելի չէր ապրիլ: Զանգեց տուներու վաճառքով զբաղող իր նախկին աշակերտին՝ Յակոբին, որ շուկայի վրայ լաւ անուն ունէր, բացատրեց, որ տունը պիտի վաճառէ:
– Օրիորդ Նազիկ, կը հասկնամ ու պատրաստ եմ ծառայութիւնս մատուցել, բայց կը ներէք դուք ո՞ւր պիտի մնաք:
– Ե՞ս… մէկ սենեականոց պզտիկ տուն մը կը բաւէ ինծի տղա՛ս:
– Գիտէք ես մեծ յարգանք ունիմ ձեզի հանդէպ… պիտի խնդրեմ չնեղանաք:
Յակոբ համարձակ, գործնական տղայ էր, առաջարկեց փոքր տուն գնելու փոխարէն տարեցներու հանգստեան տան մէջ անձնական սենեակ մը ապահովել բոլոր յարմարութիւններով, բժշկական հոգատարութիւն, սնունդ, մաքրութիւն:
Երկար մտմտաց. այդ գիշեր ճաշասեղանին շուրջ ընտանիքը չկար, միայն հայրն էր ձեռքին ստուարաթուղթ մը եւ ցուցակ մը. ակնոցը դրաւ քթին, ստուարաթուղթը մէկ կողմ դրաւ եւ ցուցակին վրայ մատիտով նշում ըրաւ: Յիշեց, որ տան կալուածաթուղթը եւ հանգստեան տան ցուցակը ձգած էր սեղանին: Հայրը համամիտ էր ուրեմն:
Յաջորդող օրերուն զբաղած էր անհրաժեշտ իրերը դասաւորելով, մէկ սենեակի մէջ ամփոփուելու համար շատ ապրանք պէտք չէր: Հաւաքեց իր անձնական իրերը, հագուստները, գիրքերը իսկ մնացեալը բաժնեց ու վաճառեց մանրավաճառին:
Մեքենային մէջ երբ տեղաւորուեցաւ դիտեց տան պատշգամը, մայրը անբաժան ձեռագործը ձեռքին անտարբեր կը նայէր, Անին պատշգամի երկաթին կռթնած ձեռքով հրաժեշտ կու տար, Արշօն մեղադրական կը նայէր, հայրը ծխախոտը մատներուն մէջ քաջալերական գլուխը կը շարժէր, եղբայրը երազկոտ հայեացքը յառած էր հեռուները…
Այդ տունը կէս դար եղած էր բազմանդամ ընտանիքի մը ապաստարանը, աղմկոտ ուրախ պահեր ու տխուր-տխուր օրեր ունեցեր էին… ձեռքով թեթեւակի պատասխանեց Անիի հրաժեշտին, նկատեց որ երկրորդ յարկէն տիկին Անահիտն էր ձեռքով հրաժեշտ տուողը, աւելի համարձակ շարժեց ձեռքը: Մեքենան հռնդիւնով ցնցուեցաւ, իրենց տան պատշգամը դատարկ էր:
Չափսոսաց, ցած գնով վաճառած էր տունը, Յակոբը թերեւս չարաշահած էր զինք, գործունեայ տղայ էր, իր շահը պիտի ապահովէր, ընտանիք ունէր. կարեւորը՝ ուրուականներու տունը ալ ետին էր:
Հանգստեան տան տնօրէնուհին քաղցր ժպիտով բարի գալուստ մաղթեց ու յանձնեց իր սենեակի բանալին, բեռնակիրը դրաւ մեծ պայուսակը սենեակի դատարկ անկիւնը:
Կոկիկ, մաքուր սենեակ էր բոլոր յարմարութիւններով. nոր կեանք չէ որ պիտի սկսէր այլ ապրած իր կեանքի շարունակութիւնը… քանի՞ տարի, ո՞վ գիտէ քանի:
Սա իր Նոր Տունն էր:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։