Պերճուհի ԱՒԵՏԵԱՆ / ՏՕՆԱԾԱՌ ՈՒ ՆՈՐ ՏԱՐԻ

Ես երբեք տօնածառ չեմ զարդարած, ընդհանրապէս զարդարանքը զիս չէ հետաքրքրած, բայց… կը սիրեմ սիրուն տեսքով զարդարուած ամէն ինչ դիտելը:
Հալէպի մեր տան հսկայ տօնածառը պատերազմի օրերուն զարկերու ու պայթիւններու սպառնալիքին տակ քոյրս ազատագրեց մեր վիրաւոր տան ձեղնայարկէն ու տարինք այդ օրերուն մեր ապաստանած տունը: Փորձութիւն էր, բայց ընտանիքի փոքրերը պէտք է ուրախանային «Տօնածառ ջան, տօնածառ..» երգելով, իսկ մեծերը բարի մաղթանքներով յուսային, որ նոր տարին անպայման խաղաղ օրեր պիտի բերէր: Քանի մը օր առաջ, քոյրս զարդարած էր մեր Երեւանի տան փոքրիկ տօնածառը. մտայ տուն ու չնկատեցի:
– Չտեսա՞ր մեր տօնածառը, զարդարանքները,- ըսաւ մեղադրական:
«Այս օրերուն տօնածառնիս էր պակաս” պիտի ըսէի, բայց մտաբերելով որ հրապարակէն սկսեալ բոլոր փողոցները կը զարդարուին ու մարդիկ խուժած խանութ-մոլեր անսպառ գնումներով ծանրաբեռնուած են՝
– Այո՜, ապրի՛ս… օրուան խորհուրդը,- ձեւական քաջալերանքով գլուխս շարժեցի:
Համակերպում…
Համատարած համակեցութիւն…
Հասկնալի է, կեանքը պիտի շարունակուի, փոքրիկները ուրախ մանկութիւն պէտք է ունենան, քաղաքը` լոյսերով պսպղուն սիրուն տեսք… Այո՛, մեզ տպաւորողը երեւոյթներն են, զարդարանքը, իսկ ամենախոցելին` անտարբերութիւնը:
Ու տարին բոլորելով հաշուեյարդարի նստիլ անցնող տարուան հետ թէ՞ մենք մեզի հետ:
Բոլոր ձախորդութիւնները վերագրելով հինին, դիմաւորենք նորը բազում մաղթանքներով:
Հինը «Նապաստակի տարիե էր ու ապրեցանք նապաստակի նման, գալիքը «Վիշապի տարիե է, վիշապի խոյանքով առաջ անցնինք:
Ապահով սահմաններ ու արժանապատիւ խաղաղութիւն:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։