ԶԱՀՐԱՏ

Չեմ հանդիպած Իրեն, բայց արժանահաւատ աղբիւրէ իմացած եմ թէ Աստուած գիտէ ամէն ինչ՝ ամենագէտ է, թէ կրնայ ընել ինչ որ ուզէ կամ յարմար նկատէ՝ ամենակալ է և ամենակարող, թէ կը գթայ՝ գթած է, բարեգութ և բազմագութ, կը համբերէ՝ երկայնամիտ է,- ու թէպէտ ըստ Դուրեանի՝ ոխերիմ է, բայց Ան կը ներէ՝ անյիշաչար է. չի շանթահարեր, բայց թոքախտէ կը մեռցնէ։

Աղէկ կողմեր ունի. եթէ մէկ դուռը գոցէ՝ ուրիշ դուռ մը կը բանայ և մենք ալ, Աստուծմով, նոր գործերու կը ձեռնարկենք, բարեկամ թէ թշնամի մեզի նեցուկ կ’ըլլան. «Աստուած հետդ ըլլայ» կ’ըսեն։ Նոյնը կ’ըսեն նաեւ ռազմաճակատ գացող զինուորեալ մանուկներուն. անոնք կը կռուին Աստուծոյ փառքին համար։ Իսկ մենք, երբեմն՝ յատկապէս Կիրակի առաւօտները, կ’երգենք «Փառք ի Բարձունս» և կ’երգենք բարձրաձայն՝ որպէսզի իմանայ։ Այսպէսով մենք կը փաստենք թէ զԻնքը կը սիրենք և կ’ուզենք հաճելի ըլլալ Իրեն՝ աստուածահաճոյ գործեր կատարելով և փոխարէն կը սպասենք որ օրհնէ մեզ։

Ան՝ Արարիչ է, ամէն ինչ՝ մինչեւ իսկ Եւան, Ան ստեղծած է ու կը շարունակէ ստեղծել։ «Լոյս ըլլայ» կ’ըսէ ու լոյս կ’ըլլայ։ (Խօսքը մեր մէջը՝ ատիկա մենք ալ կ’ընենք. կը կոխենք ելեկտրական կոճակին ու սենեակը կը լուսաւորուի)։ Իսկ եթէ Ինք զուգէ այրն ու կինը՝ մարդ պէտք չէ զանոնք զատէ իրարմէ, մինչև որ իրենք բաժնուին։

Ան՝ Բազումողորմ է, կը բանայ Իր ձեռքերը և կը լեցնէ բոլոր արարածները Իր ողորմութեամբ և մենք կը զարմանանք թէ ինչպէս կը հասնի բոլորին. հաւանաբար Իր գործերը կը կարգադրէ աստուածային բարդ համակարգիչով մը։ Ո՞վ գիտէ քանի պաշտօնեայ կ’աշխատցնէ քովը։ Մեզի տրուած բոլոր բարիքները և կատարուած բոլոր պարգեւները՝ վերէն՝ Իրմէ կ’իջնեն մեզի և այդ պատճառաւ զԻնքը կը կոչենք «Հայր Լուսոյ»։

Հակառակ անոր որ մեզի պատուիրուած է աստուածավախ ըլլալ և Իր անունը պարապ տեղ բերան չառնել, նորէն ալ մենք զԻնքը յաճախ կը կանչենք որպէս վկայ՝ մեր թիւր արարքները իբրեւ ուղիղ ներկայացնելու համար. «Աստուած վկայ» կ’ըսենք։ (Ոմանք կը խաչակնքեն ալ. անոնք «Խաչ վկայ» կ’ըսեն)։

Կամ եթէ ուրիշէ մը օգնութիւն կամ ծառայութիւն մը խնդրենք ու քծնինք. «ի սէր Աստուծոյ» կ’ըսենք մեր դիմացինը համոզելու համար, խորհելով թէ հաւանական է որ վախնայ ան Աստուծմէ և Իր դատաստանէն։

Վերջապէս՝ չենք մոռնար թէ մեր Գրիգորը՝ Նարեկացին, իր սրտին խորերէն խօսած և լաց ու կոծով պատմած է թէ որքան մեղաւոր ենք մենք, որքան մեղապարտ և որքան անարժան՝ Իր ձեռակերտը նկատուելու։ Բայց որպէսզի Աստուած անդրադառնայ թէ այդքան խեղճուկրակ մահկանացուներ չենք ի վերջոյ, հոս հանդիսաւորապէս կը յիշեցնենք Իրեն թէ մենք ձեւաւորուած ենք համաձայն Իր պատկերին։

ԳԱԹ, Զահրատի ֆոնդ, թիվ. 20

Պատրաստեց Գոհար ԳԱԼՍՏՅԱՆԸ

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։