Ժի­րայր Դա­նիէ­լեան

­Ժիրայր ԴանիէլեանԺի­րայր Դա­նիէ­լեան (1941-2022) ար­մատ­նե­րով ­Հա­ճը­նէն, Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տան:
Ս­փիւռ­քա­հայ ակ­նա­ռու մտա­ւո­րա­կա­նը, բա­նա­սէրն ու վեր­ջին մո­հի­կան­նե­րէն մէ­կը Սփիւռ­քա­հայ ազ­նո­ւա­կան ու պա­տ­ուա­կան սե­րուն­դի մը շի­ցե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի մէջ, թո­ղե­լով ան­դառ­նա­լի բաց մը:
­Դա­նիէ­լեա­նը թէ՛ իբ­րեւ բա­նա­սէր եւ թէ՛ իբ­րեւ ուսու­ցիչ-տնօ­րէն, խմբա­գիր եւ գրող ­Լի­բա­նա­նա­հայ ի­մա­ցա­կան, մտա­ւոր ու գրա­կան-մշա­կու­թա­յին կեան­քի սիւ­նե­րէն մէ­կը կրնայ հա­մա­րո­ւիլ եւ կէս դա­րի հաս­նող ար­գա­սի­քու­թեան մը գի­ծը բա­նա­լով, ան կրցաւ միա­ժա­մա­նակ յար­գանքն ու համա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը վա­յե­լել հայ­րե­նի­քի եւ Ս­փիւռ­քի գրե­թէ բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն:
Ա­նոր յօ­րի­նած բա­նա­սի­րա­կան հա­տոր­նե­րը (հրա­տա­րա­կ­ուած Ե­րե­ւա­նի եւ ­Պէյ­րու­թի մէջ)  հարս­տա­ցու­ցին ­Հայ գրա­կա­նու­թեան բա­նա­սի­րա­կան, գրա­կա­նա­գի­տա­կան եւ ի­մա­ցա­կան աշ­խար­հը: Ըլ­լա­լով խմբա­գիր զա­նա­զան գրա­կան հան­դէս­նե­րու եւ հիմ­նե­լով իր անձ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ «­Կա­մար»ը՝ ­Դա­նիէ­լեան մշտա­պէս բարձ­րա­ցուց ­Հայ գիրն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը եւ Ս­փիւռ­քա­հայ վե­րապ­րած սե­րուն­դին սկսած ար­դար ու  պայ­ծառ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը  ար­ժա­նօ­րէն յա­ռաջ տա­րաւ:
­Վա­յե­լած եմ իր մե­ծու­թիւնն ու սոր­ված եմ ալ իր­մէ, եւ կրնամ ար­դա­րօ­րէն ը­սել որ ­Հայ մտա­ւո­րա­կա­նի եւ մար­դու ի­րա­կան ու ա­ռինք­նող կեր­պա­րի մարմն­ցումն էր ­Ժի­րայր ­Դա­նիէ­լեան:
­Հա­զար հո­գիին լոյս ա­նոր հո­գիին, ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ բո­լո­րիս:

Տիգ­րան ­Գա­բո­յեան

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։