Գէորգ ՊԵՏԻԿԵԱՆ/ Թարգ­ման­չաց Տօն

Ա­մէն տա­րի, երբ կը փոր­ձենք հրա­պա­րա­կա­յին ձե­ւով ո­գե­կո­չել կամ տօ­նա­խմբել 5-րդ դա­րու մեր թարգ­մա­նիչ­նե­րու տօ­նը եւ կամ պաշ­տօ­նա­պէս կը տօ­նա­կա­տա­րենք Հայ Մ­շա­կոյ­թի նո­ւի­րո­ւած օ­րը, չեմ գի­տեր ինչ­պէ՞ս աչ­քիս առ­ջեւ կը պատ­կե­րա­նան քա­նի մը տաս­նեակ վա­նա­կան­ներ, սե­ւազ­գեստ, թաւ յօն­քե­րով, եր­կար մա­զե­րով եւ մօ­րու­քով հայր սուր­բեր, ո­րոնց ա­նուն­նե­րը ան­քակ­տե­լիօ­րէն կա­պո­ւած կը մնան մեր ա­ռա­ջին ու­սու­ցիչ՝ սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ա­նո­ւան հետ:
Ա­ւան­դա­կան դար­ձած բա­ցատ­րու­թիւն մը չէ որ կ­’ու­զեմ ակ­նար­կել, կամ անդ­րա­դառ­նալ, այլ յստակ եւ պարզ Հոկ­տեմ­բե­րի երկ­րորդ շա­բա­թո­ւան օ­րե­րուն, մեկ­նե­լով ընդ­հա­նուր խոր­հուր­դէն, մտքիս մէջ կը գծագ­րո­ւի Մաշ­տո­ցի եւ Սա­հակ Պար­թե­ւի դէմ­քե­րուն եւ ա­նոնց հսկո­ղու­թեան կող­քին, վան­քի մը խու­ցին մէջ ա­ռանձ­նա­ցած, մո­մե­րու լոյ­սին տակ ճգնա­ժամ եւ քրտնա­թոռ գոր­ծող, աշ­խա­տող Կո­րիւ­նի, Եզ­նի­կի, Բիւ­զան­դի, Ե­ղի­շէի եւ Խո­րե­նա­ցիի ա­ղօտ դէմ­քե­րը:
Այլ խօս­քով, մեր հին­գե­րորդ դա­րու թարգ­մա­նիչ­նե­րու կեր­պար­նե­րը, ո­րոնք մա­գա­ղաթ­նե­րու վրայ եւ գի­տակ­ցօ­րէն հայ նոր մտքի գե­ղեց­կու­թիւ­նը ար­մա­տե­ցին ու ի­րենց ապ­րած դա­րը «ոս­կի» դար­ձու­ցին: Այլ խօս­քով, մեր պատ­մու­թեան մէջ Ոս­կե­դար մը ու­նե­ցանք: Ինչ որ չէ տրո­ւած ա­մէն ժո­ղո­վուր­դի։
Ու բնա­կա­նա­բար ի տես այս բո­լո­րին, այս մտա­ւոր ու­ժի հսկա­յու­թեան, յան­կարծ իբ­րեւ հա­յեր, մեր հո­գին ու միտքն ալ  կ­’ու­ռին, կը մեծ­նան, կը լիա­նան եւ կ­’ար­բե­նան: Կա­խար­դա­կան եւ մաքն­սա­կան իր ու­ժե­րով այս տե­սա­րա­նը մեզ հաս­տա­տօ­րէն մեր ար­մատ­նե­րուն կը կա­պէ: Ու իբ­րեւ հա­րա­զատ ար­դիւնք՝ ազ­գո­վին կը զգաս­տա­նանք:
«­Թարգ­ման­չաց Տօն»:
Կը յի­շեմ, շատ-շատ տա­րի­ներ ա­ռաջ, այս տօ­նախմ­բու­թեան օ­րը ե­րե­կո­յեան, կա­նու­խէն մեր հին քա­ղա­քի հին ու մեծ ե­կե­ղե­ցին կ­’եր­թա­յինք, ծնող­նե­րու  ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ: Հոն կը մէկ­տե­ղո­ւէինք, ու Աս­տու­ծոյ այդ տան մէջ հնա­զանդ նստած, ան­ձայն մտիկ կ­’ը­նէինք մեր մե­ծե­րուն այս առ­թիւ տո­ւած պատ­գամ­նե­րը:
Ու այդ հան­դի­սու­թեան, մեր մա­նուկ եւ կամ պա­տա­նի սիր­տե­րը ինք­նա­ծին կ­’ուռ­ճա­նա­յին եւ ինք­նա­բե­րա­բար կը նո­րո­գո­ւէինք ու մեր մտքե­րուն մէջ ան­գամ մը եւս մեր ժո­ղո­վուր­դը կը վե­րա­կեն­դա­նա­նար: Կը պայ­ծա­ռա­նար:
Նաեւ մշա­կոյ­թի տօն նկա­տո­ւած է Թարգ­ման­չաց այս տօ­նը: Եւ տա­կա­ւին՝ մեր պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն ժո­ղովր­դա­կանն ու հա­մազ­գա­յի­նը: Տօն մը, նո­ւի­րո­ւած ազ­գի մը հա­մայն զա­ւակ­նե­րուն, եւ որ ա­պա­հո­վեց ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դի մը յա­ւեր­ժու­թիւ­նը եւ նոյն այդ ժո­ղո­վուր­դը, սկսաւ իր Աս­տու­ծոյն հետ իր մայ­րե­նի լե­զո­ւով խօ­սիլ եւ ա­ղօ­թել:
Պէտք է նաեւ շեշ­տել, որ 1600 եւ ա­ւե­լի տա­րի­ներ ա­ռաջ, Մես­րոպ Մաշ­տոց եւ իր ա­շա­կերտ-թարգ­մա­նիչ­նե­րը միայն թարգ­մա­նու­թիւն­ներ չը­րին, այլ՝ դպրոց­ներ հիմ­նե­ցին ու իբ­րեւ ու­սու­ցիչ­ներ, հա­յու նոր ո­գի եւ շունչ փո­խան­ցե­ցին ի­րենց ա­շա­կերտ­նե­րուն:
Դպ­րոց ը­սի եւ կը շեշ­տեմ: Իր ծնուն­դէն ի վեր, հայ դպրո­ցը ե­ղած է ու կը մնայ մեր ազ­գա­յին գո­յա­տեւ­ման գլխա­ւոր խա­րիսխ­նե­րէն մէ­կը: Հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը գլխա­ւոր փաստն է հայ դպրո­ցի գո­յու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան: «­Թարգ­ման­չաց Տօն»…­-ինք­նա­բե­րա­բար մեր աչ­քե­րը կը կեդ­րո­նաց­նենք մէկ ան­ձի մը վրայ: Հայ ու­սու­ցի­չին…: Ու կրկնու­թեան գնով կ­’ը­սենք, որ կա­րե­լի չէ ժխտել ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: Հա­յու­թեան պայ­քա­րին ըն­թաց­քին ճա­կա­տի վրայ գտնուող­նե­րը հայ ու­սու­ցիչ­ներն էին ե­ղած, ո­րոնք դա­րե­րու եր­կայն­քին մեր ազ­գա­պահ­պան­ման կա­ռոյց­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան բեր­դա­պա­հու­թիւ­նը կա­տա­րած էին: Միւս կող­մէ սա­կայն, պէտք է ըն­դու­նիլ, թէ այս օ­րե­րուն Ս­փիւռ­քի կրթա­կան մեր ներ­կայ վի­ճա­կը այդ­քան ալ խրա­խու­սիչ չէ: Նա­հանջ մը կայ ա­մէ­նու­րեք: Նա­հանջ մը որ շա­տոնց սկսած է: Այ­սօր ա­մէն տեղ սկսած ենք դի­մագ­րա­ւել ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան լուրջ տագ­նապ­ներ, ո­րոնք ազ­գո­վին մեզ կը հիւ­ծեն:
Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը իր սար­սա­փե­լի ա­ւեր­նե­րը սկսած է գոր­ծել եւ մեզ­մէ զո­հեր խլել: Կը գտնո­ւինք այն­պի­սի պայ­ման­նե­րու տակ, որ նոյ­նիսկ սկսած ենք կորսնց­նել մեր ինք­նու­թիւ­նը, մեր հա­ւատ­քը եւ մեր լե­զուն: Այս վտան­գա­ւոր եւ հա­մայ­նա­կուլ ա­ղէ­տին դի­մաց մեր աչ­քե­րը յա­ռած ենք մեր դա­րե­րու մշա­կոյթն ու ինք­նու­րոյն փառ­քը պահ­պա­նե­լու կո­չո­ւած հայ ու­սու­ցի­չին,  ա­նոր կամ­քի զօ­րու­թեան, ա­նոր հա­ւատ­քին, ա­նոր մեզ գօ­տեպն­դող ներ­կա­յու­թեան:
Ա­նոր հա­մար է, որ «­Թարգ­ման­չաց Տօն»ը կ­’ու­զենք ա­նո­ւա­նել նաեւ հայ «Ու­սու­ցի­չի Օր»: Տա­րին ան­գամ մը զինք յի­շե­լու եւ յի­շա­տա­կե­լու մի­տու­մով եւ ա­ւե­լին, նոյ­նիսկ ա­ռա­ջին թարգ­մա­նիչ­նե­րու ուխ­տով, կ­’ու­զենք պա­տո­ւել նոյն ա­ւան­դին ներ­կայ ան­խոնջ պա­հա­պա­նը: Ո­րով­հե­տեւ, հայ ու­սու­ցի­չը թէ՛ դա­սա­տու է եւ թէ՛ դաս­տիա­րակ: Ա­ռանց ա­նոր, մենք պի­տի չճանչ­նա­յինք մենք զմեզ:
Ու պա­տիւ ի­րեն, իր անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կը մնայ եւ պի­տի մնայ անժխ­տե­լի եւ իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ վճռա­կան: Ու հաս­տա­տօ­րէն կրնաք փաս­տել, թէ ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը մնա­ցած է նոյ­նը:
Ո­րով­հե­տեւ ազ­գո­վին կը հա­ւա­տանք, որ հա­յա­կերտ­ման ազ­գա­յին մեր ճի­գե­րուն մէջ, մե­զի հա­մար իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը մեծ զո­հո­ղու­թիւն մըն է, նախ­քան մաս­նա­գի­տու­թիւն ըլ­լա­լը եւ նո­ւի­րում մը՝ նախ­քան պաշ­տօն կամ աշ­խա­տանք կո­չո­ւի­լը:
Ներ­կա­յիս գի­տենք, որ հայ­կա­կա­նու­թեամբ ապ­րի­լը մեծ եւ հա­ճե­լի փոր­ձա­ռու­թիւն է: Բայց գի­տենք նաեւ, Ս­փիւռ­քեան մեր գո­յա­տեւ­ման եր­կա­րաձ­գու­մը կա­խեալ է հայ մեր մշա­կոյ­թին՝ մեր կառչ­ման չա­փա­նի­շէն:
Ս­փիւռք կ­’ապ­րինք չեմ գի­տեր մին­չեւ երբ, բայց լաւ գի­տեմ, որ ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ ա­մէ­նօ­րեայ մեր մա­շու­մին եր­բեմն ան­տար­բեր ա­կա­նա­տես­ներ կը դառ­նանք:
Մեր մտքե­րը նոր զար­թօն­քի մը կա­րի­քը ու­նին, մեզ դէ­պի նոր ար­շա­լոյ­սեր ա­ռաջ­նոր­դող կա­րօ­տով: Ներ­կա­յիս ա­մէն տեղ մնա­յուն ար­ժէք­նե­րը կը նո­ւա­զին: Ար­ժէք­նե­րու այս փո­փո­խու­թիւն­նե­րը յու­սա­հա­տու­թեան կը տա­նին մեզ:
Մեր մտքե­րը նոր զար­թօն­քի մը կա­րի­քը ու­նին, մեզ դէ­պի նոր ար­շա­լոյ­սեր ա­ռաջ­նոր­դող կա­րօ­տով: Պա­հենք մեր լե­զուն, ո­րով­հե­տեւ ան մեր աչ­քի լոյսն է, մեզ պա­հողն ու պահ­պա­նո­ղը: Մեր հո­գու բերդն ու ո­գու զէնքն է: Վեր­ջա­պէս ան մեր հայ­րե­նիքն է:
Ու «­Թարգ­ման­չաց Տօն»ին առ­թիւ մե­զի կը մնայ ոչ միայն վառ պա­հել, այլ նաեւ բար­գա­ւաճ դարձ­նել մեր մշա­կոյ­թը, ար­ժե­ւո­րել մեր հայ վար­ժարն­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը ու սա­տար հան­դի­սա­նալ ա­նոր յա­րա­տե­ւու­թեան, մե­ծա­պէս գնա­հա­տել հայ ու­սու­ցի­չը, ո­րուն շնոր­հիւ հայ լե­զուն, մեր հայ նոր սե­րունդ­նե­րը դէ­պի նոր ու փայ­լուն ա­պա­գայ կ­’ա­ռաջ­նոր­դո­ւին:
Փառք ու պա­տիւ բո­լո­րին:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։