1939- ը թուականի ամառը հասած էր աւարտին, բերքը առատ էր, ընտանիքն ու գործաւորները հեւ ի հեւ աշխատած էին, պաշար ամբարած: Նահապետական կարգ էր բաց սեղանը, գործաւորներու արդար բաժինը բերքէն ու ձմեռնամուտի պատրաստութիւնը:
Այդ տարին աշնանամուտը արտասովոր եղաւ, գիւղը յանկարծակի շրջապատուեցաւ ժանտարմաներով ու հնչեց արտաքսման կոչը:
«Տէ՛, գացէք, բաւական է որքան վայելեցիք այս հողի բարիքները… Փառք տուէք կառքով կը ճամբենք ձեզ, ապահո՜վ… Փառք տուէք Աստուծոյ, յիշեցէ՛ք, յիշեցէ՛ք սաֆարպէլիքը, ջարդերը…»:
Կառքին մէջ տեղաւորուեցաւ ընտանիքը: Մարին դատարկ զամբիւղը ձեռքը նայեցաւ մեծմօրը:
Նարնջենիներու ճիւղերը առատ պտուղներու բեռին տակ կքած էին, տէրերուն արտօնուած չէր քաղել: Գրաւողները տիրացած էին ամէ՜ն ինչի… ամէ՜ն ինչի:
Ֆրանսան ծախած էր Աղեքսանդրէթը (Իսկանտարուն), բնակչութիւնը կազմող իւրաքանչիւր անձի համար հատուցում վճարելով մէկ օսմանեան ոսկի: Մեծ պետութիւններու միջեւ կնքուած համաձայնութիւն էր, հպատակները պարտաւոր էին հնազանդիլ:
Մեծերը մօտ քառորդ դար առաջ աքսոր ու ջարդ տեսած էին, Հասանպէյէն քալած էին անիծեալ ճամբով, եկած ու հաստատուած՝ Սուրիական հողի այս բաժնին վրայ: Հիմա այս հողաբաժինն ալ անհասկնալի կերպով կը շնորհուէր թուրքերուն:
Թուրքիան համաշխարհային առաջին պատերազմէն ամօթալի պարտութեամբ դուրս եկած պետութիւն էր, ինչո՞ւ այս գնահատականը:
Մարի դատարկ զամբիւղը, որ պարտէզի միրգերով լեցուն կ’ըլլար, երկարեց առաջ, կառքը քաշող եզը ցնցուեցաւ, զամբիւղը ինկաւ կառքի անիւներուն տակ, ճզմուած, ծռմռած մնաց ճամբեզրին: Մարի կծկուեցաւ մեծմօր կողքին, այնքա՜ն սարսափած էր մտրակը ձեռքը եզը խթանող ժանտարմի դաժան նայուածքէն:
Նարնջենիներուն ճիւղերը ցանկապատային իրենց սահմաններէն դուրս կախուած՝ հասուն նարինջներու բերքով, կը խայտային, կը փնտռէին իրենց տէրերուն հոգատար ձեռքերը:
Փոշին կառքի անիւներուն տակէն բարձրացաւ եւ արագաշարժ շուքի վերածուելով հետեւեցաւ իրենց: Միւս կառքերը եւս կը շարժէին, իւրաքանչիւրը իրեն բաժին ինկած փոշին տանելով ետեւէն:
Պտղատու ծառերուն շարքերը աստիճանաբար փոքրացան ու անհետացան… մնացին հոն, այն հողին վրայ, որ նուիրաբերուած էր նոր տէրերու:
Մեծմայրը խաչակնքեց, մայրը սրբեց արցունքները, հարս ու կեսուր հազիւ կրցած էին իրենց ոսկեղէնը եւ քանի մը ծրար վերցնել իրենց հետ, նեղ օրեր պիտի դիմագրաւէին:
Նորածին քոյրը՝ Պերճուհին լացաւ, մայրը սեղմեց զայն գրկին ու ամօթխած հանեց կուրծքը. Կարապետի գլուխը ինկաւ մեծմօր թեւին վրայ, կառքի ճօճումները խաղաղ քուն պարգեւեցին անհանդարտ տղեկին.
– Լաւ որ Աղան գնաց, այս օրերը չտեսաւ, տունը-տեղը, դրախտի պէս պարտէզը առին այդ անիրաւները.- փղձկեցաւ մեծմայրը:
Մարի դիտեց նորածին քոյրիկը, որ անյագօրէն կը ծծէր մօր կուրծքը:
Կառքին փոքր պատուհանին սահմաններուն մէջ, գորշ երկինքին վրայ լուսնի մահիկը պահ մը երեւցաւ ու անհետացաւ: Կայծակը փայլատակեց, որոտումը թնդաց… յորդ անձրեւը ծեծեց կառքի տանիքը, կաթիլներ խուժեցին ներս:
Մեծմաման գրկեց վախէն դողդղացող Մարին, անոր գրկին մէջ թարմ հացի հոտ կար.
– Նէնէ՛, անօթի եմ.- փսփսաց Մարի:
– Հա՜, ձագո՛ւկս, տամ հաց, քիչ մըն ալ համբերէ.- մեծմօր խորշոմած ձեռքը ծրարին մէջէն հանեց հացի կտորը ու երկարեց Մարիին:
– Կե՛ր, ձագո՛ւկս,- խռպոտ ձայնը խեղդուեցաւ որոտումի դղրդիւնին մէջ:
– Մի՛ վախնաք, շուտով Հալէպ կը հասնինք.- խրախուսեց հօրը ձայնը:
Մթութիւնը աստիճանաբար կը սողոսկէր, կը թանձրանար… հօրը ծանր ձեռքը խանդաղատանքով շոյեց Մարիին գլուխը:
Կառքի առաստաղը ծեծող կարկուտը կը նախագուժէր գաղթական ընտանիքին գլխուն վրայ ճօճուող պատուհասը:
***
Կառքերը կանգ առին նեղ թաղի մուտքին, եկեղեցիի մը դրան առջեւ:
Բարի աչքերով մարդիկ մօտեցան, առաջնորդեցին զիրենք հսկայ սրահ մը, հաց եւ տաքուկ ծածկոցներ բաժնեցին:
Մեծմայրը մոմ տուաւ Մարիին, ձեռքը բռնեց ու մտան եկեղեցի: Ան ձեռքերը տարածած աղօթեց: Պատերուն վրայ դրոշմուած սրբանկարներու լուռ, սառած նայուածքները քաջալերական ոչինչ կը թելադրէին: Իսկ ամենասարսափազդուն ներքին պատի հսկայական պատկերի սատանաներն էին, անոնցմէ մէկը… բերնէն բոց ու կրակ ժայթքեցնող ահաւոր սադայէլը, գրկած էր փոքրիկ մը, ճիշդ Մարիին տարիքին.
– Մենք միայն Աստուծոյ կը վստահինք.- ըսաւ մեծմայրը:
Մարի կրկին աչքերը յառեց սատանաներուն նկարին, ուր սուրբեր եւ հրեշտակներ ալ կային, բայց զարմանալիօրէն սատանաները գրաւած էին ուշքը, կը դողդղար…
– Աստուած պապան կը պատժէ չարերը, իսկ բարիներուն ահա այդ գեղեցիկ դրախտին մէջ տեղ կու տայ.- բացատրեց մեծմայրը՝ նկատելով թոռնիկին զարհուրանքը:
– Մեր պարտէզը դրախտի չափ գեղեցիկ է կ’ըսէիր…- բացականչեց Մարի մանկական ընդվզումով:
Մեծմայրը տխուր գլուխը օրօրեց.
– Մեր պարտէզը այս դրախտէն աւելի գեղեցիկ է.- կրկնեց Մարի անդրդուելի եւ ինքնավստահ, նկարը մատնանշելով:
– Այդ հողերը այլեւս անհաւատներուն ձեռքը մնացին, այդ արիւնարբու ազգը չկշտացաւ մեր ունեցածը յափշտակելէ.- մրթմրթաց մեծմայրը:
– Նէնէ՛… ուրեմն Աստուած պապան թող պատժէ իրենց, ինչո՞ւ մեր դրախտը առին:
Մեծմայրը չպատասխանեց, քաշեց ձեռքէն ուղղուելով դէպի ելքի դուռը, մինչ Մարիին նայուածքը կառչած մնաց փոքրիկը գրկած սատանային կարմիր երախին ու դժոխքի կարմիր-կարմիր բոցերուն:
Պատկերները խառնուեցան, դրախտի նման իրենց պարտէզին սեմին կանգնած զէնքերով, լայն ու լպիրշ ժպիտներով ժանտարմաները այդ սատանաներուն այնքան նման էին:
Եկեղեցիի սրահին մէջ իրենց տուներէն դուրս շպրտուած Աղեքսանդրէթի շրջանի հայ ընտանիքներ իւրաքանչիւրը կարպետ մը փրած գետինը ժամանակաւոր տեղաւորուած էին: Օրէ օր վիճակը կը բարդանար, նորեր կը ժամանէին:
Մայրը գաղտագողի քակեց ծոցի ծրարը ու ոսկի մը երկարեց ամուսնուն:
Յաջորդ օրը Սահա հայաշատ շրջանի արաբական բակի մը մէջ, հայրը վարձով երկու ընդարձակ սենեակ ապահոված էր…: Ընտանիքը լծուած էր գործի, մեծմաման հորէն ջուր կը քաշէր, Մարին՝ նոյնիսկ հազիւ քայլերը հաւասարակշռող Կարապետը ջուրով լեցուն փոքրիկ դոյլերը կը հասցնէին մամային:
Իրիկունը ընտանիքը գետինը սփռուած «լաթէ սեղան»ին շուրջ հաւաքուած, կը ճաշակէր ընթրիքը:
– Տղա՛ս, մէկ սենեակ կը բաւէր մեզի, նեղ օրեր են…
Հայրը խեթ նայեցաւ մօրը ու պատառը կուլ տալով անկիւն մը քաշուեցաւ:
Մայրը իրաւունք ունէր, նեղ օրերը փակ դրան ետեւ պահուըտած գողի նման կը սպասէին: Ամիս մը ետք, միւս սենեակը պիտի յանձնուէր այլ գաղթական ընտանիքի մը, լաւ դրացի ունենալու եւ նեղ օրերը դիմագրաւելու հեռանկարով:
Հայրը գործ կը փնտռէր, հողի մարդ էր, բահ ու բրիչ բռնող: Այս քաղաքին մէջ ի՞նչ աշխատէր:
Օր մըն ալ ծանրոցներով, համով ուտելիքներով, զինուորական տարազով մտաւ տուն:
– Ֆրանսական բանակին զինուոր արձանագրուեցայ, այլեւս ամսական ունիմ, հանգիստ կ’ապրինք:
Մեծմայրը խաչակնքեց, մայրը անորոշ, ծամածուռ ժպիտ մը գծեց շրթունքներուն վրայ:
– Ի՞նչ, չհաւնեցա՞ք, հապա ամէն շաբաթ մուրացկանի նման ձեր բէշէն ոսկի՞ մը առնեմ տանիմ ոսկերիչ Արթինին… դուք կը հասկնա՞ք վիճակս, կը հասկնա՞ք թէ ի՞նչ կը զգամ:
Հայրը ծանրոցները թափով դրաւ սեղանին, մշիկ-մշիկ քնացող աղջնակը ցնցուեցաւ ու սկսաւ ճչալ: Փոքրիկ Կարապետը վազեց ներս ու հիացած նայուածքով փարուեցաւ հօրը:
– Պապա՜, պապաս քաջ զինուոր.- հազիւ թոթովեց:
– Խնձոր… խնձոր.- Մարին ձեռքը երկարեց տոպրակին:
Մեծմայրը փակեց դուռը ու անխօս եփած ճաշի կաթսան դրաւ յատակին, արդէն ճաշելու յատուկ ծղոտէ կլոր «թափիր» ունէին:
– Տղա՛ս, մենք աքսոր տեսած ենք…- փորձեց մեղմացնել:
Մայրը գրկեց փոքրիկը ու սկսաւ կերակրել: Մարին եւ Կարապետը ճաշը ծամելով անկուշտ կը դիտէին հօր նոփս-նոր, փայլուն կոճակներով համազգեստը: Աշխարհի վրայ իրենց հօր նման շէկ, լայնաթիկունք ու քաջ պապա չկար:
Հայրը թելադրեց հաւաքել իրերը Մունպուճ երթալու, զինուորի ընտանիքը թափառական կեանքով կ’ապրէր հետեւելով բանակի գերագոյն հրամանատարի հրամանին:
– Տղա՛ս, ես աղջկանս տունը կ’երթամ, իմ տարիքիս տեղէ-տեղ թափառիլը դժուար է:
Հայրը լուռ մնաց, հաւանութեան նշան էր:
***
Մունպուճ քաղաքի մէջ շրջան մը ապրելէ ետք, տան սակաւաթիւ իրերը հաւաքեցին, ուղղուեցան դէպի երկրի հիւսիս արեւելքը:
Ֆրանսական բանակի ծառայող զինուորները, մեծ թիւով հայեր՝ հաստատուած էին Րաս ուլ Այն (աղբիւրի գլուխ) փոքրիկ գիւղաքաղաքին մէջ:
Հողածածկ փողոցներ ու արաբական բակեր, որոնց մէջ ուս-ուսի տուած սենեակներ, իւրաքանչիւր սենեակի մէջ ծուարած ընտանիք մը: Բոլորը մէկ սիրտ, մէկ հոգի, բոլորը աքսորի, չքաւորութեան ու տառապանքի երկրորդ սերունդ…: Այդ տառապանքը մաշած, բայց ազնուացուցած էր հոգիները:
Բակերը փոքրիկներուն խաղավայր, մայրերուն հաւաքատեղի էին, մինչ զինուոր հայրերը, առտնին հոգերը վստահած մայրերուն ու մեծմայրերուն, որպէս կարգապահ ծառայողներ պարբերաբար միայն կրնային այցելել իրենց ընտանիքներուն:
Մարին ու փոքրիկ եղբայրը՝ Կարօն, խառնուած բակի փոքրիկներու խումբին, կը վայելէին երջանիկ մանկութիւն, նոյնիսկ երբ մեծերը փսփսուքով ու խոժոռ դէմքերով խօսէին պատերազմի մասին:
Աշնանային առաւօտ էր, քամին կը հաւաքէր փոշոտ քաղաքի առատ փոշին ու «Հո՜ււււււււ» սուրալով կը փչէր աջ ու ձախ:
Քամի՞ն էր, թէ՞… լրաբերը ուժգին թակեց բակին դուռը, Թրվանտա մամիկը՝ բակի կիներու ամենատարեցը, խոնջած սրունքներուն վրայ շորորալով, աջ ձեռքը կողին, ձախով կոնքը շփելով հասաւ սեմին, զինուորական մըն էր դրան առջեւ խեղճուկ սպասողը: Բոլոր սենեակներու դռներէն գլուխները առաջ երկարեցան…: Պատերազմը սկսած էր: Ամուսինները ամիսներով կը բացակայէին: Արդէն սեւ լուրեր կու գային:
Սեւ լուրը աներեւոյթ սուրի նման կը կախուէր ընտանիքի գլխուն եւ նիւթական, հոգեկան անտանելի վիճակը իր յորձանքի մէջ կ’առնէր զոհուողի կինն ու զաւակները մատնելով խոր դժբախտութեան:
Սեւ լուրը Կիւլէնիայի ընտանիքինն էր:
– Կիւլլիւ, աղջիկս, ամուսինդ շատ բարի մարդ էր, դրախտ գնաց:
Թրվանտա մամիկը մխիթարական խօսքեր կը փնտռէր:
– Աստուա՛ծ իմ, երեք որբուկներով ինչ պիտի ընեմ, ո՞ւր տարիր ամուսինս: Այդ գազան թուրքերը սիրէ… հա՜, այդ գազաններուն դժոխքիդ մէջ տեղ տուր, մենք պէտքը չունինք դրախտիդ.- մայրը փետտեց մազերը:
– Մեղա՜յ իմ, Տէր, ինչե՜ր կը խօսիս աղջի՛կս, մեղա՜յ, մեղա՜յ.- Թրվանտա մամիկը գրկեց մօր ուսերը ու լացաւ, լռելեայն իրաւունք տալով անոր:
Դրացիները մէկ մարդու նման կեցան իրենց կողքին, բոլորը սգակիր էին, նոյնիսկ փոքրիկները հրաժարած էին խաղալէ: Բակին մէջ քար լռութիւն կը տիրէր, պիտի սպասէին պաշտօնական թաղումին, ո՛չ դագաղ կար, ո՛չ… դիակ:
«Թաք, թաք, թաք»:
Ուշ գիշերին դրան թակոցը արձագանգեց բակին մէջ, Թրվանտա մամիկը ձայն տուաւ.
– Խէր ըլլայ, նորէն ի՞նչ կայ…- վերցուց լապտերը ու վախվխելով ձայն տուաւ:
– Այս ժամուն ո՞վ է…
– Մի՛ վախնաք, ես եմ, Պաղտասարը:
– Յիսուս Քրիստոս, դո՛ւն, դո՛ւն…- կակազեց Թրվանտա մամիկը, լապտերը ձեռքին ուղղուելով դէպի դուռը:
Դրան շեմին զինուորի տարազով հայրիկն էր տժգոյն, տառապած աչքերով, բայց երջանիկ:
Բակի սենեակներուն դռները կամացուկ ետ գացին ու շուքերը անշարժացան:
Մայրը ցնցուեցաւ, խաչակնքեց, մոռնալով պահպանողական օրէնքները, անտեսելով ներկաները, փաթթուեցաւ ամուսինին վզին, Թրվանտա մամիկը արագ փակեց սենեակին դուռը:
– Քա՜, ինչ սառեր կեցեր էք, ամէն մարդ իր սենեակը… ամօթ է, քա՜:
Երազ չէր, հօրը ձեռքին վիրակապ կար, Աստուած պահած էր զինք: Գրոհելու հրաման էր, կողքի երկու զինուորները ինկած էին ձիերէն ու… մինչ իր ձին ծառանալով սուրացած էր՝ կրակի մէջէն դուրս քաշելով զինք:
– Իմ ասլանս, հիմա ան ալ բուժումի պէտք ունի.- տխուր կը պատմէր հայրը:
Հրաշք էր, բայց ընտանիքը ուրախութիւնը բարձրաձայնելու իրաւունք չունէր, կողքի բակին մէջ միւս երկու զինուորներուն սեւ լուրը հասած էր հօր լուրին հետ:
– Պա՛պ, ինծի ալ հետդ տար.- կը թախանձէր Կարոն:
Հայրը շոյեց տղուն գլուխը, աղջնակին ու Մարիին սեղմեց կրծքին ու կնկան ձեռքին մէջ զոյգ մը ոսկի դնելով ըսաւ:
– Կիւլլիւ… զաւակներս բանէ մահրում չընես, քանի մը ամիսէն կրկին արձակուրդի կու գամ:
Պատերազմի շրջանին զինուորներու ընտանիքները մասամբ բախտաւոր էին, պարէն կը ստանային, ամսական ունէին… բայց ի՜նչ բախտաւորութիւն, երբ սեւ լուրը սեւ քօղով կը ծածկէր ամէն ինչ:
Ահաւոր է պատերազմը, համաշխարհային պատերազմը, դաշնակից պետութիւններ համաձայնագրերով կը վաճառեն իրենց հպատակներուն կեանքը: Ժողովուրդը կը հեծէ զոհեր տալով, սով ու զրկանքներ կրելով:
Առաջին համաշխարհամարտի սերունդի զաւակներն ու թոռները, որոնք իրենց հողերէն դուրս շպրտուելով, ջարդուելով, կոտորուելով հասած էին այս երկիրը կը ներգրաւուէին երկրորդին մէջ, վասն ինչի՞, ինչո՞ւ կը կռուէին այս զինուորագրուած հայերը, պարզապէս գոյատեւելու, իրենց ընտանիքի օրուայ հացը ապահովելու սիրոյն զինուորագրուած այս հայորդիները: Այս խառնակ օրերուն հազարապետին շունը աւելի բախտաւոր էր քան հասարակ երկրացին:
Գարուն էր, հայրը եկաւ ձիուն վրայ հեծած: Ձին գեղեցիկ էր ու հայրը իր զաւակներուն չափ կը սիրէր իր կեանքը փրկած ձին: Ամէն առտու խրոխտ ու երջանիկ հեծած ձիուն վրայ, աղբիւրի մօտ, ուր կը հաւաքուէին արձակուրդի եկած միւս զինուորները, զբօսանքի կը տանէր սիրելի իր աղջնակը:
Պատերազմը դանդաղ քայլերով պիտի ուղղուէր դէպի աւարտ, բոլորը լաւատես էին չիմանալով թէ ինչքա՜ն զոհողութիւններ ու զոհեր եղած էին, չիմանալով թէ աշխարհի մեծերը ինչ գաղտագողի համաձայնութիւններ ու զիջումներ ըրած էին:
Զինուորներու ընտանիքները աւելի երջանիկ էին, վտանգաւոր օրերը պիտի չքուէին… մօր աչքերուն մէջ այլ թացութիւն կար, երջանկութեան փայլքը, որ սակայն…
Ո՞վ չհանդուրժեց ընտանիքի երջանկութեան:
Հայրը քանի մը օր ետք հիւանդացաւ:
Այդ գիշեր, երբ հայրը տաքութեան մէջ կը զառանցէր ու կը դողար, մայրը շուարած՝ թրջոցները կը փոխէր, ախոռէն կը լսուէր ձիուն վրնջիւնը, ան անհանգիստ կը դոփէր գետինը:
Գիւղի միակ բժիշկը գլուխը օրօրեց, ախտը թունաւոր էր, անկարելի էր կանխել:
Մարի աչքերը ամուր փակեց ու ճչաց… երկար պոչով ու կարմիր երախով սադայէլը ցցուած էր իրենց սենեակին դրան առջեւ: Մայրը եւս կը ճչար: Հօր ապակեայ նայուածքը ափսոսանքով քամուած էր գորշ պատին:
– Գնաց… գնաց.- ծունկերուն զարկաւ մայրը:
Բակի սենեակներէն բոլորը փութացին օգնութեան, բայց ոչինչ կարելի էր ընել…
– Եաւրում… պապադ շատ բարի մարդ էր, դրախտ գնաց.- ըսաւ Թրվանտա մամիկը շոյելով Մարիի գլուխը:
Այսինքն հոն՝ ուր մնաց իրենց տունը, պարտէզը, որ նման էր դրախտի… հոն կը թեւածէր հօրը հոգին:
Այդ օրերուն հազարաւորներ կը սպանուէին պատերազմի ճակատի վրայ… յետոյ կու գային նորերը զինուորագրուելու: Ֆրանսական բանակին մէջ զինուորը անուն չէր, այլ թիւ… ու թուաբանական օրէնքներով բանակէն ոչ թէ Պաղտասարը այլ թիւ… զինուորը պակսած էր… ան ալ ոչ թէ պատերազմի դաշտին վրայ, այլ արձակուրդի ընթացքին թունաւոր ախտէն մահանալով:
Թուրքի նման անողոք էր հօր կեանքը խլող ախտը:
Դժուար օրեր էին: