ՏԵՍԻԼՔԻ ՕՂԱԿԸ / ­Պեր­ճու­հի ԱՒԵՏԵԱՆ

 

Ա­նակն­կալ, անս­պա­սե­լի, գաղ­տա­գո­ղի յայտ­նո­ւե­ցաւ… դա­րա­նա­կալ այն թշնա­միին նման, ո­րուն ներ­խու­ժու­մը ցնցեց եր­կի­րը:
Յայտ­նո­ւե­ցաւ, ցնցեց… ա­մուր ճան­կեց կո­կորդս, սեղ­մեց, հա­սաւ ա­կան­ջիս խո­ռո­չին ու անխ­նայ հա­րո­ւած­նե­րով ծակծ­կեց, մի­սե­րուս մէջ ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քի ցնցում­նե­րով ա­զատ, հա­մար­ձակ դե­գե­րե­ցաւ: Ջեր­մու­թիւն, դող, մրսա­ծու­թիւն, յոգ­նա­ծու­թիւն:
Իր շրջա­պա­տի բժիշկ­նե­րու յոր­դոր­նե­րուն ու թե­լադ­րանք­նե­րուն կու­րօ­րէն հա­ւա­տա­ցող բա­րե­կա­մու­հի մը կը ջա­նար հա­մո­զել զիս, թէ պա­տո­ւաստ ստա­ցած ե­թէ չըլ­լա­յի, ան­պայ­ման հի­ւան­դա­նոց կը հաս­նէի. հա­կա­ճա­ռելն ու քննար­կե­լը ա­նի­մաստ է, բո­լորն ալ հա­մա­կար­ծիք են թէ պա­տո­ւաս­տը խիստ անհ­րա­ժեշտ է… եւ քա­նի որ հա­կա­ռա­կը չեմ կրնար փաս­տել, կը փոր­ձեմ լռել: Մինչ տրա­մա­բա­նու­թիւնս, յա­ճախ զիս խան­գա­րող տրա­մա­բա­նու­թիւնս կը մեր­ժէ հա­ւա­տալ… պա­տո­ւաստ ստա­ցո­ղը ինչ­պէ՞ս կրնայ վա­րա­կը հիւ­րըն­կա­լել հար­ցա­կա­նը կը մրճա­հա­րէ ու­սո­ղու­թեան խնդիր­նե­րուն բա­ւա­կան ճար­տա­րու­թեամբ լու­ծում գտնող ու­ղեղս:
Ա­նի­ծեալ այս ժահ­րը ար­ձակ-հա­մար­ձակ կը փոր­ձէ ոտ­նա­հա­րել զիս. Ե՛ս յանձ­նո­ւո­ղը չեմ: Գի­շե­րը ցա­ւի ու մղձա­ւան­ջի մէջ կը տապլտ­կիմ, ե­րազ­ներ ու տե­սիլք­ներ…

Ա. Տե­սիլք
Ջեր­մու­թիւնս մար­տի հրա­ւի­րող զե­փիւռ մը կը շո­յէ մա­զերս, կը փայ­փա­յէ քնքշու­թեամբ, այս մատ­նե­րը օ­տար չեն ու միայն ա­նոնք այս­քան հո­գա­տա­րու­թիւն կրնան փո­խան­ցել.
Շուք մը կա­մա­ցուկ կը շար­ժի, ան­կող­նիս ծայ­րը ու­շա­դիր նստո­ղի շար­ժու­մը կը զգամ:
– Մամ ե­կար զիս մօտդ տա­նե­լո՞ւ.- կը շշնջամ:
– Չէ, մօտս տեղ չու­նիս, դուն պի­տի ա­ռող­ջա­նաս ան­հոգ ե­ղիր.- կը լսեմ կտրուկ շեշ­տը ու շու­քը ան­մի­ջա­պէս կ’ան­հե­տա­նայ:
Աշ­խար­հը ան­դա­մա­լու­ծող այս հի­ւան­դու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար կուլ տո­ւած ա­նի­ծեալ հա­կա­պի­յո­դիկ դե­ղա­հա­տը կը ճանկռ­տէ ստա­մոքսս…

Բ. Տե­սիլք
Պայ­թող ար­կե­րու հե­ռա­ւոր ձայ­ներ, ցնցում­ներ, աչ­քերս ա­մուր կը փա­կեմ, շու­քե­րը կը շար­ժին, կը վազվ­զեն.
– Աթս-ն.- կը ճչան:
Ա­ղա­ղակ­ներ ու ծուխ:
Կը փոր­ձեմ ճչալ, օ­ղա­կը կը սեղ­մէ կո­կորդս:
– Շ­տապ օգ­նու­թիւն… վա՜յ մեր տղա­քը… Օգ­նե­ցէ՜ք.- կո­կոր­դիս մէջ կան­չը սեղ­մո­ւող օ­ղա­կին տակ կը խլա­նայ:
Շու­քե­րը հոն են դրան առ­ջեւ ան­շարժ:
Ա­նոնց վրայ եր­կին­քը ան­պաշտ­պան էր, իսկ աշ­խար­հը ան­տար­բեր խիստ մտա­հոգ ձե­ւաց­նե­լով հան­դերձ….
Մատ­նե­րովս կը փոր­ձեմ քա­կել օ­ղա­կը, կո­կոր­դիս ցա­ւը կը ճնշէ, սուր-սուր ծա­կող:

Գ. Տե­սիլք
Շու­քե­րը կը յա­ռա­ջա­նան:
«Օ՜ ան­հետ կո­րած­ներ, ե­կաք հա­շիւ պա­հան­ջե­լու, ի­րա­ւունք ու­նիք: Այս երկ­րա­գուն­դի վրայ ի­րա­ւուն­քի չա­փա­նիշ­նե­րը նժա­րի թե­ւին զե­տե­ղո­ւե­լով կ’ար­ժեզր­կո­ւին մե­ծե­րու զօ­րու­թեան ու ծան­րու­թեան դի­մաց տե­ղի տա­լով.
Սեւ ոս­կի, կա­նաչ թղթադ­րամ ու հա­սա­րակ մար­դոց կեան­քեր:
Բայց թան­կա­գին, ան­գին, մատ­ղաշ կեան­քեր:
Պար­տու­թիւ­նը ա­մօ­թի խա­ռան դար­ձաւ… Աս­տո­ւած իմ այս ան­տա­նե­լի օ­ղա­կը:
Դո­ղը կը ցնցէ մար­մինս, կը կծկուիմ, պսա­կա­ւոր այս ա­նե­րե­ւոյթ ժահ­րը կը փոր­ձէ քա­մել ու­ժերս.
Չէ՜ չեմ յանձ­նո­ւիր, պայ­քա­րե­լու ուժ կայ տա­կա­ւին մէջս ու մա­նա­ւանդ յոյս:

Դ. Տե­սիլք
Կի­սա­խա­ւա­րին մէջ գե­տի­նը կողք-կող­քի նստած են շու­քե­րը…
«­Մեր գե­րա­վա­րո­ւած տղաքն են, բո­ցա­վառ նա­յո­ւած­ներ ու­նին, օգ­նու­թիւն հայ­ցող մար­տահ­րա­ւէր չէ այլ պա­հանջք…
Ի­րա­ւունք ու­նիք, բարձր ամ­պիոն­նե­րու վրա­յէն նե­տո­ւած խոս­տում­նե­րը սին էին, յու­սադ­րիչ հա­ւաս­տիա­ցում­նե­րը, ընդ­դի­մա­խօս­նե­րու ճա­ռե­րը… խօսք, խօսք, խօսք… տա­րի ու կէս ու տա­կա­ւին չենք գի­տեր ի՞նչ­քան:
Հա­մայն ան­տար­բե­րու­թիւն, նիւ­թի ու օ­րո­ւան հա­ցը ա­պա­հո­վե­լու վազք, հա­մա­կեր­պու­թիւն ի­րա­վի­ճա­կին հետ։ Յանձ­նո­ւե­ցանք թէ՞ ար­դէն ծնկա­չոք խա­ղա­ղու­թիւն կը հայ­ցենք…
«Ով մարդ­կա­յին ար­դա­րու­թիւն, թող ես թքեմ քու ճա­կա­տիդ». բա­նաս­տեղ­ծը յան­դուգն նե­տեց այս խօս­քը, որ հի­մա ա­կանջ­նե­րուս մէջ բզզիւ­նի նման կը զան­գա­հա­րէ:
1908 թո­ւա­կա­նին Թուր­քիոյ մէջ սահ­մա­նադ­րու­թեան հաս­տա­տու­մը ո­գե­ւո­րեց հա­յու­թիւ­նը, Եւ­րո­պա ու այլ եր­կիր­ներ ա­պաս­տա­նած մտա­ւո­րա­կան­նե­րը հա­ւա­տա­լով եղ­բայ­րու­թեան, հա­ւա­սա­րու­թեան կո­չե­րուն, սահ­մա­նադ­րու­թեան բե­րե­լիք «բա­րիք­նե­րուն» վե­րա­դար­ձան:
Ու եղ­բայ­րու­թիւն քա­րո­զող իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րը սառ­նասր­տօ­րէն կազ­մա­կեր­պե­ցին «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն»ը: Խ­րոխտ յե­ղա­փո­խա­կան եր­գիչ՝ Սիա­ման­թոն եւս նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ, մի գու­ցէ նա­յե­լով մա­հո­ւան աչ­քե­րուն մէջ սոս­կաց, բայց գո­չեց «Ես եր­գե­լով կ’ու­զեմ մեռ­նիլ».
Այս ո­րե­րորդ ան­գամ պի­տի խա­բ­ուինք, պի­տի հա­ւա­տանք, պի­տի խո­նար­հինք ա­ռանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու:
Ես կ’ա­տեմ պա­տե­րազմ­նե­րը… այս ո­րե­րո՞րդ պա­տե­րազմն է ո­րուն ժա­մա­նա­կա­կից եւ մա­սամբ ա­կա­նա­տես կ’ըլ­լամ: Ա­ռա­ջի­նը՝ կա­պոյտ ներ­կուած ա­պա­կի­նե­րու, հո­սան­քազրկ­ման ու մէկ հա­տիկ «­Միկ» օ­դա­նա­ւի մը սա­ւառմ­նան յի­շո­ղու­թիւնն է. ձայ­նա­սփիւռէն ո­գե­կո­չում­ներ (այդ օ­րե­րուն հե­ռա­տե­սիլ չու­նէինք), ո­գե­ւո­րիչ ազ­գա­յին եր­գեր, ա­րա­բե­րէն լե­զո­ւով «­Յաղ­թե­լու ենք»ի հա­ւաս­տիա­ցում­ներ… ու հո­ղե­րու յանձ­նու­մը Իս­րա­յէ­լին: Եր­կու տա­րի ետք կրկին սահ­մա­նա­յին պա­տե­րազմ, նոյն ո­գե­ւո­րիչ վի­ճա­կը եւ մա­սամբ ար­ժա­նա­պատ­ւու­թեան վե­րա­հաս­տա­տում…
Ար­ցա­խեան հե­րո­սա­մար­տը, ո­րուն կը հե­տե­ւէինք հեւ ի հեւ, լու­րեր, թեր­թե­րու յօ­դո­ւած­ներ ու խան­դա­վա­ռու­թիւն:
Տա­րի­ներ ետք Սու­րիա­կան ներ­քին պա­տե­րազ­մը, որ ԷՐ մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու շա­հե­րուն հա­շո­ւե­յար­դա­րը, ժո­ղո­վուր­դի պա­ռակտ­ման, տարտղ­ման ու երկ­րի քանդ­ման, հո­շոտ­ման, սնան­կաց­ման հաշ­ւոյն:
Յե­տոյ քա­ռօ­րեան ու ա­մե­նա­ցա­ւա­լին քա­ռա­սուն­չոր­սօ­րեան…
Ես կ’ա­տեմ պա­տե­րազմ­նե­րը, խա­ղա­ղու­թեան ջա­տա­գով­նե­րէն եմ… բայց ար­ժա­նա­պա­տիւ խա­ղա­ղու­թեան:
Քր­տին­քը պա­տած է մար­մինս: Ծան­րա­ցած գլուխս կը բարձ­րաց­նեմ բար­ձին վրա­յէն, տղա­քը հոն են գետի­նը նստած կողք-կող­քի:
Նե­րե­ցէք տղաք, որ ես ան­կող­նիս մէջ եմ դուք յա­տա­կին, նե­րե­ցէք որ ձե­զի օգ­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նիմ, ՆԵՐԵՑԷՔ…
Չէ՜, չենք յանձ­նո­ւիր.
«Այն­քան ար­շա­լոյս­ներ կան, որ տա­կա­ւին չեն ծա­գած…»
Ե. Տե­սիլք
Քրտ­նա­թա­թախ ու ծանր քայ­լե­րով կը բարձ­րա­նամ աս­ֆալ­թա­պատ ճա­նա­պար­հէն, ձեռ­քիս փունջ կայ կաս-կար­միր վար­դե­րու, ա­նոնց փու­շե­րը ա­ռատ են, կը ծակծ­կեն մատ­ներս: Այս­քան գե­րեզ­մա­նա­քա­րե­րէն որ մէ­կուն վրայ դնեմ այս վար­դե­րը:
Ե­ռա­գոյն­նե­րը կը ծա­ծա­նին, ես կը սոս­կամ, եր­բեք չէի ու­զեր տես­նել
ե­ռա­գոյն­նե­րուն ծա­ծա­նու­մը այս վայ­րին մէջ:
Ին­չո՞ւ, ին­չո՞ւ այս­քան նոր հո­ղա­թում­բեր:
Քաղցր նա­յո­ւածք­ներ, ժպիտ­ներ ու տա­պա­նա­քար­նե­րուն վրայ փո­րա­գ­րո­ւած թո­ւա­կան­ներ ի­րար­մէ փոքր գծի­կով բաժ­նո­ւած, փոք­րիկ տե­ւո­ղու­թեամբ կեան­քեր 2020-ին ա­ւար­տող:
Խունկ կը վա­ռեմ, խուն­կի ծու­խին ամ­պիկ­նե­րը կը բարձ­րա­նան:
«­Թող ոչ մի զոհ չպա­հան­ջո­ւի…»

Զ. Տե­սիլք
Ս­պի­տակ, ջար­դո­ւած զոյգ հրեշ­տակ­նե­րու պատ­կերն է, ա­կան­նե­րով խոր­տա­կո­ւած ե­կե­ղե­ցիի գմբէ­թը, իսկ քա­ղա­քը… քա­ղա­քը դժգոյն չէր, այլ դժբախտ, այն գե­ղեց­կու­հիին նման ո­րուն ծնող­քը կը յանձ­նեն զինք սուլ­թա­նի հա­րէ­մին:
Կը զգամ որ ճա­կա­տէս ու վզէս քրտին­քը կը ծո­րի, կը շնչեմ խուն­կի բոյ­րը, կը բա­նամ աչ­քերս: Քր­տին­քը մարմ­նէս ար­տաք­սած է թոյ­նե­րը, գլուխս թե­թեւ­ցած է, կո­կոր­դիս մէջ խայ­թոց չկայ, թե­թեւ հազ մը տա­կա­ւին կը յի­շեց­նէ թէ ծանր քայ­լե­րով բայց ե­րեք շաբ­թո­ւայ տե­ւո­ղու­թեամբ յաղ­թա­հա­րած եմ «քո­րո­նա»ն:
«Ու պայ­քա՜ր, պայ­քա՜ր եր­գե­ցի…»

Կան ան­տար­բեր­ներ, կան հա­մա­կեր­պող­ներ, բայց մենք յանձ­նո­ւո­ղը չենք: Չե՜նք… կը լսեմ ար­ձա­գան­գը:
Հե­ռա­տե­սի­լը կը միաց­նեմ, ա­լի­քէ-ա­լիք կը շրջիմ ճնշող մտա­ծում­ներս ցրե­լու.
Տա­փակ զո­ւար­ճա­խօ­սու­թիւն­ներ, ան­մա­կար­դակ «սե­րեալ­ներ», վայ­րագ մի­ջա­դէ­պեր, դա­նակ, ծեծկ­տուք… իսկ լու­րե­րը.
Ու­ղիղ միա­ցում Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ե­լոյթ­նե­րու հե­ռար­ձակ­ման, ամ­պիո­նին վրայ կը փո­խո­ւին դէմ­քե­րը, գզգզուք, ընդ­դի­մա­խօ­սու­թիւն­ներ, լու­տանք­ներ:
«Եվ ո՞վ, և­ ո՞վ է մեր ա­պա­գա­յին տվել
Անխ­զե­լի ըն­թացք ու գա­ղա­փար…»

Կ­’ան­ջա­տեմ միա­ցու­մը: Կը փա­կեմ աչ­քերս ու այս ան­գամ տե­սիլք չէ այլ դառն ի­րա­կա­նու­թիւն:
Մինչ պատ­գա­մը կը թե­լադ­րէ.-
«­Վեր­ջին զին­վորն էլ ընկ­նի
հու­սա­հատ
Քո ժո­ղովր­դի հա­վեր­ժու­թեա­նը
Չ­հա­վա­տա­լու ի­րա­վունք
ՉՈՒ­ՆԻՍ»։

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.