Եւ եթէ յանկարծ քո ճանապարհին
Նախապապերիդ դու չհանդիպես,
Ուրեմն՝ սխալ ճամբով ես գնում,
Եւ ոչ մի հրաշք չի փրկելու քեզ։
Ռազմիկ Դաւոյեան
Մարդը երբեք չի կրնար դադրիլ երազելէ։ Յաճախ կը կործանին կամ կը վիրաւորուին կատարելութեան տեսլականով հիւսուած մարդկային երազները։ Հաւաքական թէ անձնական մեր երազները կրնանք սպաննել կամ յիասթափիլ անոնցմէ. բայց երբ կը դիտենք բնութիւնը, նոյնիսկ գարունը ուշացած, որ մեծ ուրախութիւն, խինդ եւ կեանք կը բերէ իր հետ, երկար սպասուած ցուրտ եւ գորշ օրերէ ետք, որ կրկին պիտի հեռանայ իր շրջանը կատարելու, մենք եւս կը լեցուինք ոգեւորութեամբ եւ յոյսով։ Օղակ մըն է շնչող կեանքը իր բոլոր երեւոյթներով։ Մարդն ալ իր ընթացքը կատարելէ ետք, կը վերադառնայ իր սկզբնաղբիւրին։
Միայն գոյութիւն ունենալու համար ստեղծուած չենք։ Երկրագունդի վրայ իւրաքանչիւր շունչ ունեցող արարուած է նախախնամութեան երազներն ու նպաատկները իրականացնելու համար։ Ամբողջ ստեղծագործութիւնը շարժման եւ պայքարի մէջ է։ Մեր դատարկ կարծած, անտես կամ աներեւոյթ տարածքները նոյնիսկ, որոնք շատ անգամ նշանակութիւն չունին մեզի համար, ստեղծուած են յատուկ նպատակով, որոնք իրենց պարտականութիւնները կը կատարեն ամենայն բծախնդրութեամբ։ Բնութեան մէջ չկան անիմաստ գոյութիւններ։ Պէտք է միշտ գիտակցինք, թէ մենք միայն այս կեանքին համար չէ որ գոյութիւն ունինք։
Մենք չէ, որ կը խօսինք, այլ մեր նախահայրերը կը խօսին մեր միջոցով։ Անոնց ձայները երբեք չեն անհետանար, կը շարունակեն ճամբորդել տիեզերական տարածքով։ Եթէ նոյնիսկ զանոնք գտնելու ճամբան կորսնցնենք, անոնց ձայնը կենդանի է եւ կ՚ապրի. կը գտնենք մեր նախահայրերը եթէ քալենք այդ ձայնին ուղղութեամբ։ Անոնց կիսատ մնացած կամ բռնաբարուած երազները պարտաւոր ենք իրականացնելու, անկատար տենչանքները կեանքի կոչելու։ Անոնց հոգին կենդանի է իսկ արեան հոսքը կը շարունակէ հոսիլ մեր երակներով։ Մեզի յաջորդող սերունդները դարձեալ մեր մէջ ներկայ են, եւ անոնց սիրտերը կը բաբախեն մեր ընդմէջէն։ Անցեալն ու ապագան մեր մէջ են, մենք ենք ժամանակները իրար կապող օղակը, մեր ներկայի շնչառութեամբ եւ գիտակից գոյութեամբ։ Մեր դիմագիծերուն մէջ կը ժպտին, նաեւ կարտասուեն մեր նախնիները։ Մեր ընդմէջէն անոնք կ՚ապրին եւ կը գոյատեւեն։
Անոնց հասցէն մեր մէջ է, անոնց լոյսը կը լուսաւորէ մեր էութիւնը. ուր որ ստուեր կայ, կայ նաեւ լոյս։ Անոնք կը ծաղկին մեր մէջ եւ կը սպասեն որ ջրենք իրենց հողը, մեր հողը։ Հողը մենք ենք հիմա…
Ինչպէս մեր արիւնը պարտաւորութիւնը ունի մեր մարմինը ապրեցնելու, նոյնպէս ալ մենք պարտական ենք, ապրեցնելու եւ իրականացնելու մեր նախնիներուն նպատակները ու կենդանի պահել անոնց երազներն ու բաղձանքը, մեր եւ մեր յաջորդներուն մէջ։
Իբրեւ եղեռնէն ճողոպրած, հրաշքով փրկուած հայու յաջորդներ, բնազդաբար մեր ներսիդին կը կրենք եւ կը զգանք մեր նախապապերու տառապանքն ու յոյզերը։ Իրաւունք չունինք յուսահատելու, մոռնալու կամ անտեսելու անոնց եւ մեր դատը, մեր կորուսեալ պապենական հողերը։
Մենք նաեւ մարդկութեան մեծ ընտանիքի մէկ բջիջն ենք, որ նոյն արարիչը ունինք, այն արարիչը որ մարդոց ապրելու բնակութեան սահմաններ ճշդեց։ Ստեղծուած ենք իր պատկերով, մեր ձեռքերն ու ոտքերը անոր ծրագիրները իրականացնելու համար պէտք է շարժին եւ շարունակեն ծառայել անոր եւ իր կամքը կատարեն այս երկրի վրայ։ Այս գիտակցութեամբ եթէ ապրինք, օր ըստ օրէ պիտի փոխուին մեր պատմուճաններն ու դիմագիծերը, մինչեւ որ հասնինք կատարելութեան։
Եւ եթէ հանդիպինք մեր նախապապերուն, ուրեմն մօտ ենք արդէն մեր ապագային։
Հալէպ