ՍՓԻՒՌՔ՝ ՇԱՏԵՐՈՒ «ԾԱՆՕԹ» ԵՒ ՆՈՅՆՔԱՆ ԱԼ «ԱՆԾԱՆՕԹ» / ­Գէորգ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ան­մեղ հար­ցում մը.- ար­դեօ՞ք օր մը դուք ձե­զի եւ կամ հե­ռու-մօ­տիկ հայ­րե­նի­քի ձեր բա­րե­կամ­նե­րէն մէ­կուն հար­ցու­ցած էք, թէ ի­րեն հա­մար ի՞նչ կը նշա­նա­կէ Ս­փիւռք եւ կամ ար­դեօ՞ք ծա­նօթ է Ս­փիւռք կո­չո­ւած բա­ռին եւ ա­նոր ե­տին թաք­նո­ւած ի­մաստ-խոր­հուր­դին:
Պար­զա­պէս՝ հե­տաքր­քրու­թիւն: Ո­րով­հե­տեւ, կը կար­ծեմ, որ շատ-շա­տեր, երբ Ս­փիւռք բա­ռը լսեն, ան­պայ­ման «տո­լա­րը» ի­րենց աչ­քին առ­ջեւ կը պար­զո­ւի: Ա­ռանց վի­րա­ւո­րան­քի ը­սեմ, որ նման մօ­տե­ցում միշտ նկա­տած եմ հայ­րե­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու մօտ: Ո­րով­հե­տեւ, տես­նո­ւած է, թէ տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր Ս­փիւռք կո­չո­ւա­ծը ի­րենց հա­մար ու­րիշ բան չէ ե­ղած, ե­թէ ո՛չ Ե­րե­ւա­նի հրա­պա­րա­կը «սար­քո­ղը», կամ Ար­ցա­խեան հո­ղա­շեր­տի մը վրայ անձ­նա­պէս վար ու ցան «ը­նող» մը, եւ կամ շրջա­նի մը կամ մար­զի մը մէջ նոր շէնք, տու­ներ, խա­նութ­ներ եւ կամ գի­նիի նոր գոր­ծա­րան մը «բա­ցո­ղը» եւ ա­ւե­լին՝ սահ­մա­նա­մերձ եւ կամ մօ­տիկ գիւ­ղե­րէն մէ­կուն՝ դպրո­ցի մը, ման­կա­պար­տէ­զի մը կամ փո­ղո­ցի մը նո­րո­գու­թիւն­նե­րը եւ շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն նիւ­թա­պէս հո­վա­նա­ւո­րող բա­րե­րա­րը: Այլ խօս­քով՝ իր տո­լար­նե­րով ներ­դ­րում «ը­նող» հա­յը:
Աս­տո­ւած տայ, որ այս մատ­նան­շում­նե­րուս մէջ սխա­լած ըլ­լամ: Բայց եւ այն­պէս հա­կա­ռակ Ս­փիւռ­քի եւ կամ սփիւռ­քա­հա­յուն ներ­քին տագ­նապ­նե­րուն, հար­ցե­րուն, դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն եւ կեան­քի գո­յա­տեւ­ման սպառ­նա­ցող «վտանգ­նե­րուն», նման բա­րե­սի­րա­կան աշ­խա­տանք­ներն ու սրտա­բուխ ներդ­րում­նե­րը, հայ­րե­նի­քը շէնց­նե­լու եւ ձե­ւով մը ա­նոր ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման օգ­տա­կար դառ­նա­լու այս քայ­լե­րը, միշտ եւ մե­ծա­պէս գնա­հա­տե­լի եւ նոյն­քան ալ օ­րի­նա­կե­լի նկա­տո­ւած են:
Բայց «դրա­մը եր­կու կողմ ու­նի»-ը­սած են մեր մե­ծե­րը: Ճիշդ են: Ուս­տի իմ կար­ծի­քով, այս բո­լո­րին ե­տին, Ս­փիւռ­քի մօտ ան­պայ­ման կայ եւ ըլ­լա­լու է դրա­կան խթան-մղում մը, որ թէեւ տե­սա­նե­լի չէ եւ սա­կայն ծնած է ա­նոր մտքին եւ հո­գիին մէջ բոյն դրած հայ­րե­նա­սի­րա­կան ո­գիէն:
Ս­փիւռք.- պա­տիւ ի­րեն, ան միշտ իր ներ­սին ու­նե­ցած է եւ տա­կա­ւին ու­նի հայ­կա­կա­նու­թիւն կո­չո­ւած տագ­նա­պը: Տաս­նա­մեա­կներ հե­ռու մնա­լով հայ­րե­նի հո­ղէն եւ ջու­րէն՝ ար­դէն օ­տար ա­րեւ­ներ ան­ցած են ա­նոր մա­զե­րէն: Ու ե­թէ զինք քիչ մը ա­ւե­լի մօ­տէն դի­տե­լու ըլ­լանք, իր աչ­քե­րէն կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ կար­դալ իր հա­յու հո­գին եւ սիր­տը: Ո­րով­հե­տեւ, ի՛նք միշտ փոր­ձած է հա­յու­թեան հրա­պա­րա­կէն չհե­ռա­նալ եւ նոյ­նիսկ հայ կեան­քը ի­րեն հա­մար դարձ­նել իբ­րեւ մեծ հանք, ուր­կէ կրնայ պե­ղել ան­հատ­նում սէրն ու գի­տակ­ցու­թիւ­նը՝ հան­դէպ հայ­րե­նի­քին եւ հա­յու­թեան:
Տա­րի­ներ շա­րու­նակ ան եր­կար լռու­թեամբ խօ­սած է: Նոյ­նիսկ հայ­րե­նի­քէն ներս ա­ռանց դիրք եւ պաշ­տօն ու­նե­նա­լու՝ նո­ւի­րա­բե­րած: Հա­ւա­տա­ցէ՛ք, այն­քան նե­րուժ ու տրո­փում ու­նի իր սիր­տը, որ նոյ­նիսկ իր հետ խօ­սիլն ու շա­ղո­ւի­լը հո­գե­կան վա­յել­քի պա­հեր կ­’ա­պա­հո­վեն դի­մա­ցի­նին:
Արդ, այս բո­լո­րէն ետք, չէք կար­ծե՞ր, որ ժա­մա­նա­կը ե­կած է, որ ինքն ալ մուտք գոր­ծէ հայ­րե­նի մտա­ծու­մին, ծրագ­րում­նե­րուն եւ վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ: Մէկ խօս­քով, Ս­փիւռ­քը ի­րա­պէս եւ ան­շա­հախն­դիր կա­պել Հա­յաս­տա­նին, մաս­նա­կից դարձ­նե­լով ա­նոր ներ­քին եւ ար­տա­քին ծրագ­րում­նե­րուն, գոր­ծու­նէու­թեան: Վեր­ջա­պէս, ինքն ալ ըլ­լայ մնա­յուն եւ գոր­ծօն ներ­կա­յու­թիւն մը, իր իսկ հա­րա­զատ հայ­րե­նի­քէն ներս: Ո­րով­հե­տեւ կը հա­ւա­տանք, որ տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ ար­տեր­կիր­նե­րու մէջ իր ձեռք ձգած փոր­ձա­ռու­թիւ­նը նոր շունչ եւ ո­գի կրնայ տալ եւ բե­րել հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քին ու ո­լոր­տին: Ա­ւե­լի մօ­տէն փոր­ձե­ցէ՛ք զինք դի­տել եւ պի­տի ա­կա­նա­տես ըլ­լաք, որ ան միշտ տա­ռա­պած է յատ­կա­պէս հայ­րե­նի ցա­ւե­րով: Ան­կաս­կած: Ոչ ո՛ք կրնայ ու­րա­նալ:
Ան նաեւ ու­նի կա­նաչ ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն: Տաք շունչ եւ ուժ: Ու ա­մէն ա­ռի­թով «հա­սած» է իր հայ­րե­նի­քին ու նոյ­նիսկ ող­բա­ցած՝ հա­յու կոր­սո­ւած աշ­խար­հին: Ա­նար­դա­րու­թեան դէմ հրա­պա­րա­կա­յին բողո­քած է: Ար­դա­րու­թիւ­նը փնտռած եւ միշտ դի­մած է առ որ անկ է: Յա­նուն հայ­րե­նի շա­հե­րուն ու ա­նոր հո­ղե­րու պաշտ­պա­նու­թեան՝ կռո­ւած ու իր ա­րիւ­նը թա­փած է: Միշտ հա­ւա­տա­ցած է հայ­րե­նի­քի վա­ղո­ւան ա­րե­ւին: Իր պայ­քա­րի զէն­քը ե­ղած է հա­յու իր ո­գին, իր լե­զուն եւ այս մո­լո­րա­կին վրայ ա­զատ եւ ան­կախ ապ­րե­լու իր կամ­քը: Հա­ւա­տա­ցած է, թէ ինք մեծ դեր ու­նի խա­ղա­լիք հայ­րե­նի աշ­խար­հէն ներս: Այս մէ­կուն գի­տակ­ցիլ է պէտք: Ներ­կայ ա­զատ եւ ան­կախ հայ­րե­նի­քը ինք տաս­նա­մեակ­նե­րով ե­րա­զած է եւ իր յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը այդ ո­գիով դաս­տիա­րա­կած: Կամ­քով եւ ո­գիով ե­ղած է ու­ժեղ, ո­րով­հե­տեւ իր հո­գե­կան սնուն­դը Ա­րա­րա­տէն ա­ռած է: Ե­թէ մօ­տէն հե­տե­ւինք հայ Ս­փիւռ­քի ա­մէ­նօ­րեայ հեւ­քե­րուն, մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն եւ մա­նա­ւանդ մա­շու­մին, այն ժա­մա­նակ միայն կրնանք հասկ­նալ, թէ տա­կա­ւին դա­մոկ­լեան սու­րի նման ա­նոր գլխուն կա­խո­ւած է տխուր եւ վշտա­լի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը: Եզ­րա­կա­ցու­թիւն՝ վտան­գը բա­ցա­յայտ է: Բայց… բայց միշտ հայ­րե­նի­քին ծա­ռա­յե­լու ո­գին ա­մուր եւ ան­խախտ պա­հած է իր մէջ: Ու­րեմն, պէտք չէ թե­րագ­նա­հա­տել իր ու­ժերն ու զգա­ցում­նե­րը, իր կա­րո­ղու­թիւն­ներն ու ծրագ­րում­նե­րը: Զինք լա­ւա­պէս ճանչ­նա­լու հա­մար, ա­մէ­նէն ա­ռաջ պէտք է մտնել իր հա­յու մոր­թին տակ: Ա­նոր սրտին հաս­նե­լու հա­մար, նա­խա­պայ­ման է ա­նոր ա­րիւ­նին հետ հո­սիլ: Ո­րով­հե­տեւ, ան կը հա­ւա­տայ, որ օր մը պի­տի գայ ժա­մա­նա­կը, երբ ի­րեն հետ միա­տեղ շի­նա­րար ձեռ­քեր պի­տի շար­ժին նո­րա­կեր­տե­լու հայ­րե­նի ՏՈՒՆԸ:
Ու այս մէ­կը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար, նոր ներ­գաղթ մը կազ­մա­կեր­պե­լու հե­ռան­կա­րը պէտք է որ ու­նե­նան հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը: Տա­կա­ւին ուշ չէ: Այս մէ­կը կ­’են­թադ­րէ ու­նե­նալ քա­ղա­քա­կան միտք եւ հա­սու­նու­թիւն: Թէեւ տա­ռա­պան­քի, սար­սա­փի մտա­հո­գու­թեան եւ դառ­նու­թեան ու անս­տու­գու­թեան ճի­րան­նե­րուն մէջ ա­կօ­սած է իր դէմ­քը, թէեւ միշտ ձուլ­ման վտան­գով ապ­րած է, սա­կայն Ս­փիւռ­քը մե­ծա­պէս հա­ւա­տա­ցողն է հայ­րե­նի­քի վա­ղո­ւան լոյ­սին եւ ա­րե­ւին: Ուս­տի կը կար­ծեմ, որ ի­րեն ա­ռիթ պէտք է, որ տրո­ւի հայ­րե­նի­քէն ներս բո­լո­րին հետ   ձեռք-ձեռ­քի քա­լե­լու եւ ապ­րե­լու, իբ­րեւ մէկ հա­յու­թիւն:
Արդ, նաեւ յի­շենք, որ մենք ազ­գո­վին տա­ռա­պած ժո­ղո­վուրդ ե­ղած ենք: Հո­գիով լե­ցուն ժո­ղո­վուրդ. ե­թէ կ­’ու­զէք: Մեր ճա­կա­տա­գի­րը մեր պատ­մու­թիւնն է: Նաեւ յի­շենք, որ այս հո­գե­պէս «տա­ռա­պեալ» Ս­փիւռ­քը կը հա­ւա­տայ, որ միաս­նա­բար եւ մէկ յար­կի տակ, կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ հայ­րե­նի­քը ծրագ­րո­ւած եւ հա­մա­խոր­հուրդ «նո­րո­գել» եւ «վե­րա­նո­րո­գել»: Այս բո­լո­րին ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար, նոր եւ դրա­կան մտա­ծո­ղու­թեան պա­հանջ է պէտք: Ներ­կա­յա­ցո­ւած կամ հրամ­ցո­ւած այս կէտ-ա­ռա­ջարկ­նե­րը ա­ռար­կա­յա­կան ձե­ւով ըն­կա­լե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն-բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թիւն է պէտք: Ներ­կայ բո­լո­րիս ծա­նօթ եւ հա­րա­զատ եւ ան­հա­ճոյ պայ­ման­նե­րու տակ, ան­յա­պաղ հար­կադ­րո­ւած ենք միա­սին ապ­րե­լու: Ու հա­կա­ռակ Ս­փիւռ­քի բազ­մա­զան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն եւ հա­յա­պահ­պան­ման ա­մէ­նօ­րեայ սուր եւ ան­հա­ւա­սար պայ­քա­րին, հա­կա­ռակ ձուլ­ման վտան­գին, ան տա­կա­ւին յուշ չէ դար­ձած:
Այ­սօր Հա­յաս­տա­նը պար­տա­ւոր է սփիւռ­քա­հա­յուն հա­մար ստեղ­ծել են­թա­հո­ղը, որ­պէս­զի ան կա­րե­նայ ա­ռա­ւել ներդ­րում կա­տա­րել Հա­յաս­տա­նի մէջ: Ուս­տի, ժա­մա­նակն է բա­նա­լու են­թա­գի­տակ­ցու­թեան կոր­սո­ւած ծալ­քե­րը, տես­նե­լու հա­մար այս պարզ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը: Ալ կը բա­ւէ ի­րա­րու յոյս ծա­խենք: Վերջ ի վեր­ջոյ պէտք է գտնել ի­րա­կա­նու­թիւ­նը: Մ­տա­հոգ հա­յու մը հա­մար, լուրջ վա­խի ստո­ւեր մըն է այս մէ­կը, որ կար­ծես սկսած է նշմա­րե­լի դառ­նալ ա­մէն տեղ:
Ու այս մէ­կը իբ­րեւ յանձ­նա­ռու­թիւն ըն­դու­նի­լը, քա­ջու­թեան հա­մա­զօր է: Ի սէր Աս­տու­ծոյ,  21-րդ դար կ­’ապ­րինք, գո­նէ փոր­ձենք ապ­րիլ իբ­րեւ մէկ ամ­բող­ջու­թիւն: Այս ձե­ւով ան­կաս­կած մեր հայ­րե­նի­քի եւ հա­յու ապ­րե­լու մի­ջու­կը պի­տի կա­րե­նանք բազ­մաց­նել եւ զօ­րաց­նել: Գէթ ազ­գո­վին ըլ­լանք, ինչ որ այ­սօ­րը կը պա­հան­ջէ, իբ­րեւ մէկ բռունցք: Միա­սին բա­նանք մեր պատ­մու­թեան է­ջե­րը եւ միա­սին, նո­րը գրենք: Վերջ ի վեր­ջոյ, բո­լորս ալ ե­րազ ու­նե­ցող մար­դիկ ենք: Ու­րեմն բո­լորս ալ յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թիւն մը ու­նինք: Ու մեր այս մեծ ե­րա­զը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար, կա­րի­քը ու­նինք հզօր պե­տա­կա­նու­թեան: Միաս­նա­բար կա­ռու­ցենք:
Այս բո­լո­րէն ետք եւ ան­կեղ­ծօ­րէն, ին­ծի այն­պէս կը թո­ւի, թէ հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դին մեծ տո­կո­սը, դժբախ­տա­բար. ցարդ չէ տե­սած սփիւռ­քա­հա­յուն ի­րա­կան ե­րե­ւոյ­թը: Ա­նոր հա­մար Ս­փիւռ­քի իր հա­րա­զատ հայ­րե­նի­քէն ներս, ա­նոր ծրա­գիր­նե­րուն եւ ո­րո­շում­նե­րուն, աշ­խա­տանք­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը անժխ­տե­լի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն նկա­տած ենք: Ս­փիւռ­քը, միայն իր նիւ­թա­կա­նով կամ ներդ­րու­մով  կամ եւ զբօ­սաշր­ջի­կի տա­րա­զով պա­հե­լը պատ­մա­կա­նօ­րէն մեծ սխալ է: Ժա­մա­նակն է, որ զինք գործ­նա­կան քայ­լե­րով մաս­նա­կից դարձ­նել հայ­րե­նի­քի ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ո­լորտ­նե­րուն եւ նոյն­պէս՝ երկ­րի բազ­մա­զան ծրա­գրում­նե­րու ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն:
Այլ խօս­քով, Ս­փիւռ­քը չզրկել հայ­րե­նի մթնո­լոր­տէն: Այս առ­թիւ լուրջ մտա­ծո­ղու­թիւն է պէտք: Կարկ­տան ո­րո­շում­նե­րը չեն ա­պա­հո­վեր վա­ղո­ւան մեր յոյ­սը: Փոր­ձենք Ս­փիւռք եւ Հայ­րե­նիք դառ­նալ մէկ ամ­բող­ջու­թիւն, ոչ միայն բա­ռե­րով, այլև՝ գործ­նա­կան: Թող բո­լո­րով միա­սին մեր ցե­ղին ա­ւա­զա­նին մէջ վե­րա­նո­րո­գենք հա­յու­թեամբ ապ­րե­լու մեր ցան­կու­թիւ­նը: Ա­հա՛ սփիւռ­քեան եր­դումն ու սրբա­զան ուխ­տը:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։