Մա­րիա­նա Պէր­թիզ­լեան Ղա­զա­րեան­ / ­Մի՛ Ար­տօ­ներ Տէր

Մի ար­տօ­ներ
Որ նոր ցա­ւեր ու­նե­նանք
Մե­զի շատ մօտ
կը բնա­կի մա­հը
Պատ­նէշ ե­ղիր
Մեր եւ մա­հո­ւան մի­ջեւ…

Ապ­րող մար­դոց մէջ չգտանք, ոչ ալ նա­հա­տա­կ­ո­ւած­նե­րուն ա­ճիւն­նե­րուն մէջ։ Գե­րի­նե­րուն մէջ ե­թէ ըլ­լար, գո­նէ ա­ղօտ յոյս մը կ՚ու­նե­նա­յինք…
Շի­րիմ­նե­րուն մէջ ա­­նունդ չկայ զի­նո­ւոր։
Ո՞ւր ես։ Կը փնտռենք քեզ, օր ու գի­շեր, յոյ­սի ծո­ւէն մը միայն շալ­կած մե­զի հետ։ Ա­նունդ մեր ճա­կատ­նե­րուն կա­պած, կը հարց­նենք քա­րէ քար, կը հարց­նենք ծա­ռե­րուն, թռչուն­նե­րուն, ա­մէն ան­ցոր­դի… մի­թէ ա­ռանց հետք մը ձգե­լու ան­յե­տա­ցար.. միայն մար­մին չես դուն, ո՞ւր տա­րին հո­գիդ, ձայն տուր։
Ան­դունդ­նե­րը կամր­ջե­ցիր մատ­ղաշ մար­մի­նովդ. բո­լոր կա­մուրջ­նե­րուն վրա­յէն ան­ցանք, իսկ դուն ո՞ւր ես…
Ոս­կոր­ներդ ա­մե­նա­կա­րող զօ­րու­թեամբ գո­յա­ցան, մօրդ սրտին մօտ. սկզբնաղ­բիւրդ՝ ծնող­ներդ, ստեղ­ծի­չին հետ, քեզ կեր­տե­ցին։ Ար­մատ­ներդ, ծի­ներդ պա­հո­ւած են ծնող­նե­րուդ եւ հե­ռա­ւոր մշու­շա­պատ լեռ­նե­րուն մէջ։ Եր­բեք չես կրնար կոր­սո­ւիլ…
Պահ­պա­նո­ւած է, ոչ միայն հետքդ, պահ­պա­նո­ւած ես՝ դուն, քու ամ­բող­ջու­թեամբդ փո­րագ­րո­ւած՝ քու ստեղ­ծի­չիդ ա­փին մէջ, ան պա­հած է քեզ, իր բի­բե­րուն մէջ եւ մտա­ծում­նե­րուն կի­զա­կէ­տին վրայ…
Դի­մե­ցինք Ա­նոր, այդ պատ­ճա­ռով մեր յոյ­սը չենք կորսն­ցու­ցած… Չենք վհա­տիր…
Ա­մուր մնա՛, սա­րի պէս, սի­րոյ պէս. սէ­րը՝ մօր սէ­րը մա­հո­ւը­նէ ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր է։ Ով­կիա­նոս­նե­րուն ջու­րերն ան­գամ չեն կրնար մա­րել ա­նոր ա­հա­ւոր կրա­կը։ Կա­րօտդ եւ սէրդ, ուժ կու­տան սպա­սե­լու քե­զի, համ­բե­րե­լու եւ հե­ռուն տես­նե­լու հա­մար։
Ար­դա­րու­թիւ­նը ցօ­ղի պէս կը հաս­նի, ուժ կու տայ…
Յա­ւեր­ժու­թեան բի­բե­րուն մէջ, ալ տա­րա­ծու­թիւն­նե­րը կո­ծով չեն լե­ցո­ւիր, հա­պա սի­րով, ա­ղեր­սան­քով եւ պա­տաս­խան կա­րեկ­ցան­քով։
Մայ­րե­րու եւ հա­րա­զատ­նե­րու հե­ծու­թիւնն ու ող­բը բա­ւա­րար է…
Լ­սէ՛… գտի՛ր իր սի­րե­լի­նե­րէն ան­տես մնա­ցած կոր­ս­ուած զի­նո­ւո­րը, բայց ոչ՝ ան­հետք…
Դուն բազ­մած լեռ­նե­րուն մէջ վեհ, բնաւ հե­ռու չես մեր տա­ռա­պան­քէն՝ Տէր…
Ո­ղոր­միր հայ­րա­բար, լսէ ճի­չը ար­դար… հա­զար ձայ­նե­րուն մէջ յստակ՝ ճի­չը տան­ջա­լի։
Ձայնդ, պա­տաս­խանդ ան­նենգ, հա­րա­զատ, կը զա­տո­րո­շո­ւի ձայ­նե­րուն մէ­ջէն բո­լոր։
Ա­րե­ւուն տակ, ոչ ոք ու­նինք քեզ­մէ զատ. պա­շա­րո­ւած ենք թշնա­մի­նե­րով, նենգ մար­դոց­մով…
Ա­ղերսն այս, ա­հեղ դա­տա­ւոր, գու­ցէ անն­շան, բայց մե­զի հա­մար՝ կեան­քի չափ կա­րե­ւոր, ըն­դու­նէ սի­րով։
Չես մեր­ժեր դուն բնաւ, չես ան­տե­սեր…։ Մայ­րե­րու սրտե­րուն մէջ, ա­րիւ­նով ծլած կա­կաչ­ներ կան։ Սա­րե­րը ին­կած կո­կոն­ներ կան ար­մա­տա­խիլ, ճմլո­ւած, նո­րո­գէ զա­նոնք։ Մեր նո­ւի­րա­բե­րած սրտի կտոր­նե­րը հայ­րե­նի հո­ղի պաշտ­պա­նու­թեան՝ ան­տես մի ը­ներ։ Մայ­րե­րու տա­ռա­պան­քը, ցաւն է ազ­գին, տա­ռա­պան­քը բո­լո­րիս՝ դառ­նա­ցած, խո­ցո­տած ար­ժա­նա­պա­տու­թեամբ։
Յոյ­սի կան­թեղ­ներ դեռ կը պլպլան։ Մայ­րեր չեն չա­րա­ցած քե­զի դէմ, մայ­րե­րը չեն կրնար չա­րա­նալ։ Նո­ւի­րա­կան տե­սիլքն է ա­նոնց՝ հայ­րե­նի փրկու­թիւ­նը մեր։
Մայ­րեր օ­դի իւ­րա­քան­չիւր ներշն­չու­մի հետ, ցաւ կը ներծ­ծեն։
Զի­նո­ւո­րէն մատ­ղաշ, ոչ մէկ հնչիւն, ոչ մէկ լուր… Վեց եր­կար ու ձիգ ա­միս­ներ ան­ցան վեց դա­րե­րու պէս։ Պա­տու­հան­նե­րէն՝ տխուր քա­ղաքն է ե­րեւ­ացո­ղը, ցա­ւած աչ­քի պէս. սպա­սող հա­յեացք­ներ, ա­ղօթ­քի մրմունջ, օ­րէ օր հա­լող, շշու­կի վե­րա­ծո­ւող…
Տու­նե­րուն բաց դար­պաս­նե­րը հա­ւատ­քով, վե­րա­դար­ձի յոյ­սով կը սպա­սեն։ Կը սպա­սեն տու­նե­րը սրտե­րուն մէջ ա­ղօթ­քի կայծ, նոյ­նիսկ ե­թէ ժա­մա­նա­կի ձեռ­քը փա­կէ բո­լոր դռնե­րը, ե­թէ նոյ­նիսկ ծնող­ներ ան­վե­րա­դարձ հե­ռա­նան տու­նե­րէն, ի­րենց ապ­րած աշ­խար­հէն եւ այս կեան­քէն, ա­նե­րե­ւոյթ դառ­նան, միեւ­նոյնն է, կը սպա­սեն ա­նոնց վե­րա­դար­ձին։ Տաք շուն­չը ա­րեւ­նե­րուն, տիե­զերք հինգ հա­զար՝ դեռ կը թե­ւա­ծէ ի­րենց ապ­րած տու­նե­րուն շրջա­կայ­քը, փո­ղոց­նե­րուն եւ հայ­րե­նի հո­ղին վրայ, ա­մե­նու­րեք։
Աշ­խարհ չե­կած ժա­ռանգ­ներն ա­նոնց, կը հա­ւա­ք­ուին օր մը, կը խու­ժեն ա­նոնց ապ­րած փո­ղոց­նե­րը, կը պատ­մեն՝ սխրան­քին եւ չապ­րո­ւած կեան­քին մա­սին։
Օր մը լքո­ւած, որ­բա­ցած տու­նե­րուն լոյ­սե­րը կը լու­սա­ւո­րո­ւին, ժա­մա­նա­կը ու­րա­խու­թեան մե­ղե­դի կը հիւ­սէ տե­րեւ­նե­րու փսփսու­քով, նո­րա­ծին­նե­րու գեղ­գե­ղով, թռչուն­նե­րու դայ­լայ­լով խօ­սե­լու ա­նոնց հա­րա­զատ­նե­րուն։
Հե­րո­սա­ծին մայ­րե­րու ո­գին վեհ է, ազ­նիւ. Հայ­րե­նի­քը կեան­քէն ալ թանկ է ա­նոնց հա­մար, որ ի­րենց ա­մե­նա­թան­կը, լու­սա­շող անկրկ­նե­լին նո­ւի­րե­ցին հայ­րե­նի երկ­րի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։

Հի­մա փո­ղոց­նե­րը սեւ ժա­պա­ւէն­նե­րով զար­դա­ր­ո­ւած են. թէեւ գա­րուն է, ծա­ղիկ­նե­րու փո­խա­րէն, ծա­ղիկ­նե­րու քա­նա­կով զո­հո­ւած մատ­ղաշ կեան­քեր են…
Հո­ղա­թում­բի մը վրայ նստած սպի­տա­կազ­գեստ կին մը կ՚ա­ղօ­թէ իր ան­յայտ զի­նո­ւո­րին հա­մար։
Չա­րե­րը միա­ցան, լոյսս գող­նալ փոր­ձե­ցին, գե­ղե­ցիկ բա­լես ա­րե­ւան­գել…
Ան­հետք չէ ան, հոս են բո­լո­րը, կողք-­կող­քի կը ննջեն, ձայն մի՛ հա­նէք, մի՛ խան­գա­րէք ե­րա­զը իմ զի­նո­ւոր­նե­րուս, բո­լորն ալ իմն են, իմ հե­րո­սիս ըն­կեր­նե­րը հա­րա­զատ։
Հի­մա երկ­րա­գուն­դի վրայ, ա­մէն բան ա­նի­մաստ կը թո­ւի ին­ծի հա­մար, կը­սէ սպի­տա­կազ­գեստ կի­նը. ես ար­դէն դժող­քը տե­սայ, ի­ջայ այն­տեղ բայց բարձ­րա­ցայ…։ Դ­ժող­քը տե­սած մայ­րե­րուն տան­ջան­քէն, ա­նոնց ցա­ւէն թպրտա­ցող սրտե­րէն զատ, ալ ոչ մէկ բան կը հե­տաքրք­րէ զիս։
Ա­մէն կողմ թա­փա­ռող տխրու­թիւ­նը, թե­ւե­րուն մէջ ա­ռած է վի­րա­ւոր քա­ղաք­ներն ու գիւ­ղե­րը։ Քր­քիչն ու ծի­ծա­ղը ի­րենց տե­ղե­րը զի­ջած են տխրու­թեան եւ հա­ռա­չան­քին։ Մար­դիկ ա­ւե­լի կը նա­խընտ­րեն լռել, քան՝ խօ­սիլ։ Օ­րե­րը չար, պայ­թու­ցիկ են։ Մար­դիկ կորսն­ցու­ցած են ի­րենց վստա­հու­թիւ­նը, նոյ­նիսկ ի­րար նկատ­մամբ։ Կաս­կածն է տի­րո­ղը եւ գա­լի­քին նկատ­մամբ ան­յու­սու­թիւնն ու վա­խը։ Բո­լո­րը շփօ­թած են։ Ա­մէն ան­հե­թեթ գա­ղա­փար, ա­մէն կաս­կած սո­ղոս­կած է սահ­ման­նե­րէն ներս, սահ­ման­նե­րը վտան­գո­ւած են հի­մա… Բզկ­տո­ւած են եր­կիր ու եր­կինք, սա­տա­նան ա­զատ ար­ձա­կո­ւած է, իր հրե­ղեն թոյ­նը տա­կա­ւին կ՚ար­ձա­կէ անշն­չա­ցած մար­մին­նե­րուն վրայ։ Լեռ­ներ կը շար­ժին, ա­պա­ռաժ­նե­րը ան­դունդ կիյ­նան։ Ուր որ է կը խե­լա­գա­րին երկ­նա­յին պատ­կե­րով ստեղ­ծո­ւած հրեշ­տա­կան­ման փխրուն այս էակ­նե­րը։ Մայ­րե­րը ան­պաշտ­պան են, ա­նօգ­նա­կան… Տար քու դաշտդ, դուն կե­րակ­րէ զա­նոնք քու հո­գիովդ, թող ծլար­ձա­կին գե­ղե­ցիկն ու բա­րին։ Ժայ­ռոտ, ցա­ւէն քա­րա­ցած մեր երկ­րին, անձ­րե­ւի պէս վե­րէն թա­փո­ւող խա­ղա­ղու­թիւն հար­կա­ւոր է…
Վե­րա­դար­ձուր կոր­սո­ւած­նե­րը, ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն։

Եր­կին­քը երբ իր մութ վա­րա­գոյր­նե­րով ծած­կեց եր­կի­րը, երկ­նա­յին բո­լոր լոյ­սե­րը ան­ջա­տո­ւե­ցան. մայ­րեր շա­րու­նա­կե­ցին փնտռել այն բա­նա­լին, ո­րուն հետ կրնա­յին բա­նալ եր­նա­յին օ­թե­ւան­նե­րուն դռնե­րը. օ­թե­ւան­ներ, որ պա­տեր չու­նե­նան, ան­ջատ­ման կամ սահ­մա­նա­փակ­ման։
Եւ ա­թո­ռին վրայ բազ­մո­ղը սկսաւ ամ­պե­րուն վրայ յան­ցանք­նե­րը գրել ու ջնջել։ Անձ­րե­ւի թա­ցու­թեան պէս ա­նոնց կպչու­նու­թիւ­նը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ցօ­ղի։
Մե­տաք­սեայ խոտ, կա­նաչ եւ ծա­ղիկ բուս­ցուց բնու­թիւ­նը որ իր թար­մու­թեամբ եւ մաք­րու­թեամբ հանգս­տա­ցուց սրտե­րը…
Ար­ցախ հողդ ո­րո­գո­ւած մնաց հե­րոս­նե­րու ա­րեամբ սուրբ։ Կր­կին կը վե­րա­դառ­նաս մե­զի, ո­րով­հե­տեւ հպարտ ճակ­տիդ վրայ քա­ջե­րու ա­նուն­ներն են. ա­մէն քա­րի վրայ ա­րեան շի­թեր, ա­մէն ան­կիւն՝ տա­ռե­րը մեր սրբա­զան, հե­րոս­նե­րու ա­ճիւն­ներ, նշխար­ներ…
Ա­րեան կան­չը տուն կը կան­չէ, դէ­պի եր­կիր ա­րե­ւի, եր­կիր հայ­րե­նի։
6 Մա­յիս 2021
Հալեպ

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։