­Պեր­ճու­հի ԱՎԵՏԵԱՆ / ՄԻԱՍԻՆ

«­Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ բարձ­րա­ցող­նե­րը ձեռ­քեր­նուն մէջ ծա­ղիկ ու­նին, իջ­նող­նե­րը՝ սրտեր­նուն մէջ կսկիծ եւ աչ­քե­րու մէջ ա­նօ­րի­նակ տխրու­թիւն մը»։
Անդ­րա­նիկ Ծա­ռու­կեան

– Կար­միր կա­կաչ­ներ.- աղ­ջի­կը գու­մա­րը եր­կա­րեց տա­րեց ծաղ­կա­վա­ճառ կնոջ:
Կող­քի ե­րի­տա­սարդ ծաղ­կա­վա­ճա­ռու­հին մօ­տե­ցաւ:
– Նա­յեք ինչ սի­րուն են իմ վար­դե­րը, մի փունջ տա՞մ:
– Չէ՛, ես կա­կաչ­ներ վերց­րել եմ ար­դէն…- պա­տաս­խա­նեց աղ­ջի­կը:
Ու աչ­քե­րը խո­նար­հե­լով ձեռ­քի փուն­ջին՝ շա­րու­նա­կեց բարձ­րա­ձայն մտա­ծե­լով։
– Կար­միր փակ թեր­թիկ­նե­րը պա­հում են խո­ցո­ւած, սեւ սիր­տը:
Տա­րեց ծաղ­կա­վա­ճա­ռու­հիի դէմ­քի կնճիռ­նե­րը ա­ւե­լի խտա­ցան, աչ­քե­րուն մէջ յի­շո­ղու­թիւ­նը խլրտաց, ու ար­ցուն­քի կա­թի­լը սա­հե­ցաւ այ­տին վրայ:
– Թոռս կո­րել է, եօթ ա­միս ա­ռաջ զան­գել էր մօ­րը թէ Շու­շիում ենք… հի­մի զո­հո­ւել է թէ գե­րի չգի­տենք…
– Մ­նա­ցեա­լը պա­հիր.- աղ­ջի­կը շտա­պեց հե­ռա­նալ, նկա­տեց որ փուն­ջէն կա­կաչ մը բա­ցած էր իր թեր­թիկ­նե­րը ու սեւ, սեփ-սեւ սրտի­կը կը թրթռար:
Նա­րե­կը ե­րէկ զան­գեց:
– Օ՜… Աս­տո­ւած իմ Նա­րեկ, ինչ­պի­սի՜ ա­նակն­կալ:
– Ա­յո՛ Մա­նէ, ես ողջ եմ… վա­ղը հի­ւան­դա­նո­ցից դուրս եմ գրո­ւե­լու, կը հան­դի­պե՞նք…
Մա­նէ լուռ էր:
– Հը՞ Մա­նէ, յու­շա­հա­մա­լի­րի մօտ:
– Յու­շա­հա­մա­լի­րի՞… բայց ին­չի՞.- Մա­նէ շո­ւա­րած էր:
– Միա­սին քայ­լենք դէ­պի ան­մար կրա­կը:
– Նա­րեկ դու լաւ ե՞ս…- աղ­ջի­կը շո­ւա­րած էր, ա­պա ա­րագ կողմ­նո­րո­շո­ւե­ցաւ.- լա՛ւ, լա՛ւ կը գամ:
Մէկ տա­րի ա­ռաջ, Նա­րե­կը զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան մեկ­նե­լու օ­րը սէր խոս­տո­վա­նած էր Մա­նէին, որ ա­նակն­կա­լի ե­կած ա­կա­մայ գրկա­խառ­նո­ւած էր զօ­րա­կո­չի մեկ­նող զի­նո­ւո­րի հան­դէպ իր պարտ­քը կա­տա­րող աղջ­կայ փութ­կո­տու­թեամբ եւ զգա­ցած Նա­րե­կի սրտի զար­կե­րը… ան իր դա­սըն­կերն էր, լռա­կեաց, ամչ­կոտ ա­նո­ւա­նո­ւե­լու չափ:
Պա­տե­րազ­մի նա­խօ­րեա­կին զան­գած էր ու հաս­տա­տած, որ ողջ-ա­ռողջ է, ան­պայ­ման պի­տի վե­րա­դառ­նայ, յե­տոյ լռու­թիւն:
Նա­րեկ մուտ­քին, ծա­ռին տակ ան­շարժ կանգ­նած էր. յի­շեց ա­ռաս­պե­լը, տղան իր սի­րած աղ­ջի­կը սպա­սե­լով քար դար­ձած էր, իսկ այս քա­րե­րը բո­լո­րը սպա­սող տղաք էին, թէ՞ յու­սա­հատ աղ­ջիկ­ներ, ո­րոնց սի­րած տղա­քը չդար­ձան:
Հա­պա յու­շար­ձա՞­նը, սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րու կան­գուն քա­րերն էին… Հա­յաս­տա­նը՝ քա­րա­կոյ­տե­րու եր­կիր:
Հար­ցու­մը չարչր­կեց ու­ղե­ղը: Ին­չո՞ւ այս­քան սի­րեր ենք քա­րե­րը, մոխ­րա­գոյն, վար­դա­գոյն, գորշ քա­րե­րը… ին­չո՞ւ մեր վար­պետ­նե­րը յա­մա­ռօ­րէն փո­րագ­րած են խաչ­քա­րեր, զար­դա­նախ­շեր… զէնք սար­քէին, ա­նօ­դա­չու սար­քեր, ո­րոնք պա­տու­հաս ե­ղան մեր ան­պաշտ­պան տղա­նե­րուն, վար­դի նման Նա­րե­կի սերն­դա­կից­նե­րուն:
Նի­հար­ցած էր Նա­րեկ, տա­րի­քոտ մար­դու տխուր նա­յո­ւածք կար աչ­քե­րուն մէջ, նկա­տեց բաճ­կո­նին տակ վի­րա­կա­պո­ւած աջ ձեռ­քը:
– Ձե՞ռքդ…
Պա­հե­լը ի­մաստ չու­նէր.
– Հա՜…­ այս ձեռ­քի շնոր­հիւ եմ շնչում… բե­կո­րը անս­պա­սե­լի խո­ցեց, ու­շա­կո­րոյս տա­րել են հի­վան­դա­նոց…- յան­կարծ կանգ ա­ռաւ, կա­խեց գլու­խը ու խուլ ձայ­նով շա­րու­նա­կեց.- յա­ջորդ օ­րը ա­նօ­դա­չու սար­քը խփել է մեր ջո­կա­տի տղեր­քը, բո­լո­րը…- չշա­րու­նա­կեց:
Կան պա­հեր երբ բազ­մա­կէ­տե­րը ա­ւե­լի պեր­ճա­խօս են:
Չող­ջա­գու­րո­ւե­ցան. Նա­րե­կի ձեռքն էր պատ­ճա­ռը թէ՞ իր վե­րա­պա­հու­թիւ­նը: Հա­ւա­նա­բար պա­տե­րազմն էր սրտե­րը քա­րաց­նո­ղը… չէ, չէ, պա­տե­րազ­մը սրտե­րը տե­սակ մը փխրուն, դիւ­րա­բեկ գուն­տի վե­րա­ծեց:
Սի՜րտ, սիրտ կայ, սիրտ ալ…
Թշ­նա­մին ա­խոր­ժա­կը սրած կ’ու­զէ տի­րա­նալ այս քա­րա­կոյ­տին…­ իսկ քա­րի լե­զո­ւէն միայն հա­յը կը հասկ­նայ: Ի՞նչ քա­րեր, թշնա­մին մեր բար­ձունք­նե­րուն, բա­րե­բեր հո­ղին, մեր զու­լալ ջու­րին տի­րա­նալ կը տեն­չայ։
Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին հա­մայն աշ­խար­հը դի­տոր­դի դե­րի մէջ զգաս­տու­թիւն թե­լադ­րեց կռո­ւող կող­մե­րուն: Նա­խա­յար­ձա­կը թշնա­մին էր, ար­գի­լեալ ֆոս­ֆո­րա­յին զէն­քեր, ա­հա­բե­կիչ զի­նեալ­ներ օգ­տա­գոր­ծո­ղը ու… ար­դէն հասկ­նա­լի է, հա­մայն աշ­խար­հը ոչ միայն դի­տող էր, այլև մեղ­սա­կից:
Մա­նէն ըն­կե­րու­հի­նե­րուն հետ սննդամ­թերք, օ­ժան­դա­կու­թիւն­ներ կը հա­ւա­քէր, քա­ղա­քի կեդ­րո­նի մար­դա­շատ թա­ղե­րու մայ­թե­րուն վրայ սե­ղա­նիկ­ներ զե­տե­ղե­ցին, բո­լո­րը ան­վե­րա­պահ կու տա­յին, ինչ­քան կա­րող էին։ Տա­կա­ւին ի­րի­կո­ւան կ’եր­թար ցան­ցա­յին ծածկ սար­քե­լու աշ­խա­տան­քին մաս­նակ­ցե­լու, իւ­րա­քան­չիւր կտա­ւի կտո­րը կա­պած պա­հուն պա­րոյ­կը կը գծագ­րո­ւէր ու­ղե­ղին մէջ։
Ին­չո՞ւ բաց է մեր եր­կին­քը, երբ պա­տե­րազ­մի ու­րո­ւա­կա­նը սահ­մա­նին վրայ ա­մէն օր դի­պու­կա­հա­րի գնդա­կով մատ­ղաշ կեան­քեր կը խլէր… մատ­ղաշ կեան­քեր, Նա­րե­կի ըն­կեր­նե­րու ջո­կա­տի նման հա­զա­րա­ւոր­ներ, ան­պաշտ­պան երկն­քի տակ:
Յե­տոյ պա­րոյկ­նե­րը կը բազ­մա­նա­յին, կը խտա­նա­յին ագ­ռաւ­նե­րու սեփ-սեւ կտուց­նե­րու նման ու կը ճնշէին ստի­պե­լով մտա­ծել:
Սահ­մա­նի վրայ ան­փորձ տղաք, նախ­նա­կան զէն­քե­րով ինչ պի­տի ը­նէին ու այս ծած­կե­րը հի­մա՞ պի­տի պատ­րաս­տո­ւէին ու ե­թէ տեղ հաս­նէին, պի­տի պաշտ­պա­նէի՞ն…
Գի­շե­րը պա­տե­րազ­մի մա­սին տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ժա­մին աչ­քե­րը հե­ռա­տե­սի­լին պաս­տա­ռին, Արծ­րու­նի հա­ղոր­դում «շոու»ին, թշնա­միին տու­ժած­նե­րը լսե­լով, դի­տե­լով, կար­դա­լով կը խան­դա­վա­ռո­ւէր: Բո­լո­րը, բո­լո­րը կը խան­դա­վա­ռո­ւէին, բո­լոր-բո­լո­րի նշա­նա­բա­նը «հաղ­թե­լու ենք» լո­զունքն էր: Յ­ղի ըն­կե­րու­հին, որ ա­րու զա­ւակ կը սպա­սէր, ար­դէն ո­րո­շած էր «Արծ­րուն» ա­նո­ւա­նել նո­րա­ծի­նը…­ ու 44 օր ետք Արծ­րու­նը ի յայտ ե­կաւ, որ­պէս սու­տա­սան… միայն Արծ­րո՞ւ­նը, ո­րո՞ւ հա­ւա­տալ, այն­քան շատ էին սու­տա­սան­նե­րը:
Շուտ ո­գե­ւո­րո­ւող խեղճ հե­տե­ւորդ­ներ էին, ե­րեք տա­րի ա­ռաջ հրա­պա­րակն ու փո­ղոց­նե­րը ո­ղո­ղող՝ «Ա­զա­տու­թիւն, ար­դա­րու­թիւն» դու­խով գո­ռա­ցող հե­տե­ւորդ­ներ:
Քար սի­րող, հրա­բու­խա­յին քա­րի նման ծակծ­կո­ւած, քա­րա­յին կարծ­րու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած հե­տե­ւորդ­ներ: Իսկ այս բազ­մա­չար­չար ազ­գը մի­թէ՞ ար­ժա­նի չէ կար­գին ա­ռաջ­նորդ ու­նե­նա­լու:
Բայց ան­հեր­քե­լի ի­րա­կա­նու­թիւն էր, որ հայ ազ­գը յաղ­թա­կան ե­ղած է, Մա­նէի մօ­րեղ­բայ­րը այդ յաղ­թա­նակ կեր­տող­նե­րէն էր, զո­հո­ւած Ար­ցա­խեան ա­զա­տա­մար­տին ու ինք ա­ռի­թը չէր փախց­ներ հպար­տա­նա­լու։
Հի­մա գլխի­կոր, ձեռ­քե­րուն մէջ ա­մուր սեղ­մած կա­կաչ­նե­րու փուն­ջը կը քա­լէր ան­խօս տու­ժա­ծի կող­քին։ Օ՜, քաւ լի­ցի Նա­րե­կը մե­ղա­ւոր չէ, որ յաղ­թա­կան չդար­ձաւ… մե­ղա­ւոր չէ, որ չզո­հո­ւե­ցաւ…
– Իսկ ին­չո՞ւ Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ, Ե­ռա­բլուր պի­տի գնա­յինք.- կանգ ա­ռաւ Մա­նէ ու նա­յո­ւած­քը քա­մեց Նա­րե­կի աչ­քե­րուն:
– Ես, ես… կմկմաց Նա­րեկ.- ախր մեր ջո­կա­տի տղա­քը… – շա­րու­նա­կե­լու ան­կա­րող նե­տո­ւե­ցաւ նստա­րա­նին վրայ:
Մա­նէ կա­մա­ցուկ նստե­ցաւ կող­քին:
Պա­տե­րազ­մը շա­ռա­չիւն ապ­տա­կի նման շշմե­ցու­ցած էր բո­լո­րը, պար­տու­թիւ­նը՝ յի­մա­րա­ցու­ցած: Խո­նար­հե­ցուց նա­յո­ւած­քը ձեռ­քի փուն­ջին վրայ, մատ­նե­րը անզ­գա­լա­բար շօ­շա­փե­ցին փա­փուկ թեր­թիկ­նե­րը, ցնցո­ւե­ցաւ, թաց ա­րիւն էր կար­ծես, գրկին մէջ ա­րիւն ու սեւ-սեւ սրտիկ­ներ:
– Մեր ջո­կա­տի տղա­քը էն­տեղ են, ե­ռաբ­լու­րի թարմ հո­ղաթմ­բե­րի տակ… էս­տեղ սրբա­դա­սո­ւած­նե­րի յի­շա­տա­կին խո­նար­հած քա­րերն են.- գլու­խը կախ վեր­ջա­պէս խօ­սե­ցաւ Նա­րեկ.- ա­յո՛, ես էլ նրանց հետ պի­տի լի­նէի, դու ինձ…
– Չէ՛, Նա­րեկ, դու պի­տի ապ­րես, ե­րա­նի նրանք էլ…
Զո­հո­ւած­նե­րու ա­նուն­նե­րը երբ յայտ­նո­ւէին հե­ռա­տե­սի­լի պաս­տա­ռին վրայ Մա­նէ կող­քի ծննդեան թո­ւա­կան­նե­րը կը ստու­գէր, մեծ մա­սամբ 18-20 տա­րե­կան նո­րա­կո­չիկ­ներ էին: Պա­րոյկ­նե­րու շար­քը մե­ղու­նե­րու աշ­խու­ժու­թեամբ կը բզզար, կը խայ­թէր, ե­րի­տա­սար­դու­թեան ա­ռա­ջին սան­դու­ղին հա­զիւ ոտք դրած այս տղա­քը սահ­մա­նագ­ծին, կրա­կի դի­մաց, բաց երկն­քի տակ:
Ին­չո՞ւ, ին­չո՞ւ…
– Ի՞սկ ձեռքդ.- հար­ցա­կան­նե­րու ճնշման տակ ընկ­ճո­ւած Մա­նէ կրճա­տու­մով դի­մեց Նա­րե­կին:
– Ապ­րե­լու հա­մար պիտ նա­յես քե­զա­նից վա­տե­րին, եր­կու թե­ւեր կորց­րած տղա­ներ էլ կան… պիտ գո­հա­նաս.- սա­ռած նա­յո­ւած­քը թե­ւին սե­ւե­ռած շա­րու­նա­կեց Նա­րեկ.- կարճ ա­սած, լու­ծե­լի պա­րա­գայ է: Դժ­բախ­տու­թիւն­նե­րը կը կո­փեն մար­դը:
– Ա­յո՛, ան­պայ­ման.- հա­մա­ձայ­նե­ցաւ Մա­նէ, ա­ւելց­նե­լիք չու­նէր:
Տեղ մը կար­դա­ցած էր, որ պա­տա­նի տա­րի­քին աղ­ջիկ­նե­րը ա­ւե­լի հա­սուն տրա­մա­բա­նու­թիւն կ’ու­նե­նան քան տղա­քը, Նա­րե­կը ոչ թէ հա­սուն մար­դու նման կը խօ­սէր, այլ կը փի­լի­սո­փա­յէր, պայ­ման­նե­րը, պա­տե­րազ­մը փո­խե­ցին մեր տղա­քը, իսկ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը շլմո­րած ցա­ւով ոռ­նա՞ր, մխի­թա­րէ՞ր, ող­բա՞ր հինգ հա­զար զո­հո­ւած­նե­րու կո­րուս­տը, հա­զար-հա­զար­նե­րով հաշ­ման­դամ­նե­րը, ան­հետ կո­րած­նե­րը:
– Պատ­միր Նա­րեկ.- աչ­քե­րը աս­տի­ճա­նա­բար բա­ցո­ւող թեր­թիկ­նե­րուն յա­ռած շշնչաց Մա­նէ:
– Ի՞նչ պատ­մեմ… քե­ռիդ յաղ­թա­կան զո­հո­ւել էր իսկ ես պար­տու­թեան խա­րա­նը ճակ­տիս վե­րա­դար­ձել եմ…
– Չէ՛, Նա­րեկ, դու չես պար­տո­ւել… ա­րի բարձ­րա­նանք:
Լուռ քա­լե­ցին կողք-կող­քի, յան­կարծ Նա­րեկ վճռա­կան կանգ ա­ռաւ:
– Աջ ձեռ­քի ե­րեք մատ­նե­րը կորց­րած, պար­տո­ւած բայց քեզ շատ սի­րող ձա­խող տղուն կըն­դու­նե՞ս.- հար­ցուց:
Տա­տամ­սի­լը կրնար վի­րա­ւո­րա­կան ըլ­լալ, Մա­նէ եւս վճռա­կան կողմ­նո­րո­շո­ւե­ցաւ:
– Բռ­նիր ձեռքս Նա­րեկ.- ը­սաւ քնքշօ­րէն ա­ռաջ մեկ­նե­լով աջ ձեռ­քը եւ բռնեց Նա­րե­կի ձախ, ա­զատ ձեռ­քը:
Ա­րե­ւի շո­ղե­րը ո­ղո­ղե­ցին զոյ­գը, որ ի­րար հան­գու­ցած մատ­նե­րով կը յա­ռա­ջա­նա­յին ինք­նավս­տահ:
– Ծա­ղիկ վա­ճա­ռող տա­տիկն ա­սաց զի­նո­ւոր թոռ­նի­կից լուր չկայ… Շու­շիում է ե­ղել…
– Ա՜հ…­ ափ­սոս.- խո­րունկ շունչ քա­շեց Նա­րեկ.- Սի­րուն քա­ղաք­նե­րը դա­ժան թշնա­մու ձեռքն ըն­կան, նա­հա­տակ­ներ, գե­րի­ներ.- ձայ­նը դող­դո­ղաց ու մնա­ցեալ բա­ռե­րը խեղ­դո­ւե­ցան կո­կոր­դին մէջ:
– Շու­շի՜՜.- հա­ռա­չեց Մա­նէ։
Եր­կու տա­րի ա­ռաջ երբ այ­ցե­լեց Շու­շի սի­րա­հա­րո­ւե­ցաւ այդ սի­րուն, պատ­մա­կան քա­ղա­քին… իսկ այժմ տժգոյն պի­տի ո­րա­կո­ւէ՞ր, ա­նո­րոշ, ան­ծա­նօթ պա­րա­գա­նե­րով ա­նա­ռիկ Շու­շին յանձ­նո­ւէր թշնա­միին ու… ու կո­չո­ւէր Շու­շա, անց­ներ այլ քա­ղաք­նե­րու Սա­սու­նի, Վա­նի, Ա­նիի, Կար­սի կար­գին դառ­նա­լով աղջ­կայ, թա­ղա­մա­սի, խա­նու­թի ա­նուն: Եւ այս­պէս կորսնց­նենք, կորսնց­նենք ու ան­մա­հաց­նենք:
– Զ­գա­ցա­կան, մշա­կոյ­թի նո­ւի­րո­ւած ժո­ղո­վուրդ ենք, բայց եւ յանձ­նո­ւած, երկ­պա­ռակ­տո­ւած .- մրմնջեց:
Սիր­տը ա­մուր ճան­կե­ցին։ Ո՛չ, ո՛չ, ա­մէն ինչ ա­ւար­տած չէր, ան­յոյս, խոր­տա­կո­ւած կա­րե­լի չէր ապ­րիլ, ինք Շու­շին ա­զա­տագ­րած, զո­հո­ւած մօ­րեղ­բայր ու­նէր:
Ան­մար կրա­կին առ­ջեւ եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ կանգ ա­ռին, խա­չակն­քե­ցին ու Մա­նէ ձեռ­քի փուն­ջի կա­կաչ­նե­րը թա­փա­հա­րե­լով նե­տեց ան­մար կրա­կի խո­ռո­չին մէջ. կար­միր թեր­թիկ­նե­րը դող­դո­ջե­լով բաժ­նո­ւե­ցան ցո­ղուն­նե­րէն, ի­րեն թո­ւե­ցաւ թէ կրա­կի բո­ցե­րը կլա­նե­ցին սեւ սրտիկ­նե­րը:
– Հայր մեր, որ յեր­կինս ես…- Մա­նէ եր­կու­ղա­ծու­թեամբ ար­տա­սա­նեց, մինչ Լու­սի­նէ Զա­քա­րեա­նի ձայ­նը կը բարձ­րա­նար դէ­պի եր­կինք։
– Տէր Ո­ղոր­մեա՛…- միա­ցաւ ա­ղօթ­քին:
Նա­րեկ նա­յո­ւած­քը սե­ւե­ռած բոցկլ­տա­ցող կրա­կին քա­րա­ցած էր:
– Ա­րի, Նա­րեկ.- Մա­նէ քա­շեց Նա­րե­կի ձեռ­քը:
Նա­րեկ քա­լեց շլմո­րած, մտա­մո­լոր, բարձ­րա­ցաւ աս­տի­ճան­նե­րէն ու կռթնե­լով թեք պա­տին կանգ ա­ռաւ, յե­տոյ հա­ւա­քե­լով ուժն ու կո­կոր­դին մէջ փա­կո­ւած բա­ռե­րը գո­չեց.
– Ինձ կը նե­րե՞ս… չգի­տեմ… ու­զում էի մի կերպ ա­զա­տո­ւել պա­տե­րազ­մի դժոխ­քից, էն­տեղ ա­հա­ւոր էր, խլաց­նող պայ­թում­նե­րի, յան­կար­ծա­կի յայտ­նո­ւող ա­նօ­դա­չու սար­քե­րի սար­սա­փը, ո­րոնք անս­պա­սե­լիօ­րէն ա­մէն ինչ կ’ոչն­չաց­նէին… զգում էի վտան­գը, քո մա­սին էի մտա­ծում… ու… չգի­տեմ ո՞նց ստա­ցո­ւեց, ստա­ցո­ւեց… բե­կո­րը օգ­նու­թեան հա­սաւ, խոցո­ւե­ցի:
Մա­նէ քա­րա­ցաւ ինք եւս հե­նո­ւե­լով պա­տին. սփո­փան­քի բա­ռեր չու­նէր, Նա­րե­կի հան­դէպ պար­զա­պէս ար­գա­հա­տան­քի զգա­ցում կը տա­ծէր, իսկ սէ՞ր… յի­շեց մօր խօս­քե­րը, ան բուռն սի­րա­հա­րու­թեամբ ա­մուս­նա­ցած էր հօ­րը հետ ա­պա… ա­մուս­նա­լու­ծո­ւած:
«Տ­ղա­մար­դու սէ­րը ջրի նման է, մէկ էլ տե­սար եռ գա­լով շո­գիա­ցաւ, գնաց ա­պա­կի­նե­րին կպաւ ու նո­րից ջրի կա­թիլ, նոր սէր…» սի­կա­րէ­թը մոխ­րա­մա­նին մէջ ճզմե­լով կը փի­լի­սո­փա­յէր մայ­րը:
Զոյ­գի հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը հօր բարձր պաշ­տօն ստա­նա­լով աս­տի­ճա­նա­բար տու­ժած էր, սէ­րը շո­գիա­ցած, մայրն ու ին­քը մնա­ցեր էին երկ­սե­նե­կա­նոց բնա­կա­րա­նին մէջ, մինչ ա­պա­կի­նե­րէն այն կողմ հայ­րը իր դիր­քին յա­րիր կեանք կը վա­րէր. սի­րու­հի­ներ, մե­քե­նա­ներ, ա­ռանձ­նա­տուն…
Ե­րեք տա­րի ա­ռաջ երբ եր­կի­րը կ’ա­լե­կո­ծո­ւէր ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան գա­ղա­փար­նե­րով, ինք շարժ­ման թունդ հա­մա­կիր (հա­ւա­նա­բար հօր հան­դէպ ու­նե­ցած մեր­ժո­ղա­կանն էր պատ­ճա­ռը) դա­սըն­կեր­նե­րուն միա­նա­լով կ’ուղ­ղո­ւէին Ա­բո­վեան փո­ղոց, առևտ­րի կեդ­րո­նին ապ­րան­քի պա­հե­լու պա­հա­րան­նե­րուն մէջ կը զե­տե­ղէին ի­րենց պա­յու­սակ­նե­րը ու կը սու­րա­յին հրա­պա­րակ, «դու­խով» մաս­նակ­ցե­լու բազ­մա­հա­զար հո­գիա­նոց հա­ւաք­նե­րուն: Երբ խան­դա­վառ ու ո­գե­ւո­րո­ւած կը դառ­նար տուն, մայ­րը ծխա­խո­տի ծու­խը փչե­լով քմծի­ծա­ղը քթին տակ.
– Հը՞, նախ­կին­նե­րը ճամ­բե­ցի՞ք:
– Հա՜ շու­տով, ինչ է վա­խե­նում ես ա­մուս­նեակդ դիր­քը կորց­նէ, մեզ տրա­մադ­րած ո­ղոր­մե­լի նպաս­տը կա­սեց­նէ…
– Լ­սի՛ր, աղ­ջիկ ջան, հին-նոր բո­լորն էլ դիրք-պաշ­տօն որ ստա­նան… փո՜ւֆ. հայրդ էլ ի­տէալ­ներ ու­նէր… բայց լաւ չի երբ հօրդ մա­սին էդ ո­ճով կը խօ­սես.- մրթմրթաց մայ­րը, ու շա­րու­նա­կեց քթա­ծա­կե­րէն դուրս ե­կող ծու­խի գու­լա­նե­րը դի­տե­լով.- տե­սա՞ր ծու­խը ոնց դուրս ե­կաւ պա­տու­հա­նից, նրանք էլ կգնան… դու քո դա­սե­րին նա­յիր, տա­րին լրա­նում է, հա­մալ­սա­րա­նում ա­թոռ է քեզ հար­կա­ւոր:
– Նա­րե՛կ, յի­շում ե՞ս մեր դա­սա­րան­ցի­նե­րով ոնց հրա­պա­րակ կը գնա­յինք.- ը­սաւ փոր­ձե­լով ան­ջա­տել յու­շե­րու թե­լը:
– Է՜հ… ե­րա­նե­լի օ­րեր.- Նա­րեկ խոր շունչ քա­շեց քու­նէն արթն­ցո­ղի նման:
– Յա­ջորդ տա­րին բա­նակ պի­տի գնա­յիք, դա­սա­րա­նի աղջ­կե­քով հա­ւա­քո­ւե­ցինք ձեզ ճա­նա­պար­հե­լու:
– Էդ օ­րը երկ­նա­գոյն շոր էիր հա­գել, ես պինդ-պինդ գրկե­ցի քեզ.- խօ­սե­ցաւ Նա­րեկ ո­գե­ւո­րու­թեամբ:
– Տ­ղեր­քը՝ Սի­սա­կը, Սա­րոն, Վա­հա­նը, Ա­ւե­տը…- Մա­նէ չշա­րու­նա­կեց:
– Ափ­սո՜ս.- հա­ռա­չեց Նա­րեկ:
– Իսկ ափ­սո­սում ես, որ գնում էինք հրա­պա­րակ:
– Դե՜հ… ժո­ղովր­դա­կան շար­ժում էր է­լի.- կմկմաց Նա­րեկ:
– Ը­հը՜՜, ժո­ղովր­դա­կան շար­ժում.- գլու­խը շար­ժեց Մա­նէ:
– Մա­նէ՛, ինձ կը նե­րես:
– Վա՜յ, Նա­րեկ ջան, էդ ինչ յի­մար խօսք է, մի բան յստակ թող լի­նի, ես ախ­պեր չու­նեմ, դու իմ ախ­պերն ես:
– Այդ­քա՞ն.- ճնշո­ւած հար­ցուց Նա­րեկ:
Մա­նէ բարձ­րա­ցուց նա­յո­ւած­քը, հո­րի­զո­նին՝ սի­գա­պանծ Ա­րա­րա­տը գա­գա­թը սպի­տակ ամ­պե­րուն մէջ խրած, բազ­մած էր փոքր Մա­սի­սի կող­քին, հիա­նա­լի գե­ղան­կարն էր: Տա­րա­ծեց ձեռ­քե­րը գրկե­լու հա­մար այն­քան մօ­տիկ թո­ւա­ցող շքե­ղու­թիւ­նը, թե­ւե­րը մնա­ցին կախ:
– Նա­րե՛կ դու լսած կա՞ս, թէ Ա­րա­րա­տի այս սէգ պատ­կե­րը սահ­մա­նից այն կողմ այլ է, շատ սո­վո­րա­կան, նոյ­նիսկ տխուր լե­րան մը պատ­կերն է:
– Ե՞ւ… ինչ ար­ժէ երբ այդ գե­ղեց­կու­թիւ­նը քո­նը չի.- տխուր պա­տաս­խա­նեց Նա­րեկ:
Եր­կար մնա­ցին ան­խօս:
– Վա­ղը ես գնում եմ բա­նակ ծա­ռա­յու­թիւնս շա­րու­նա­կեմ.- Նա­րեկ յայտ­նեց վճռա­կան:
– Մենք քա­րեր ենք Նա­րեկ, մեր քա­րէ եր­կի­րը պա­հող քա­րեր… ա­պա­հով ծա­ռա­յու­թիւն ու բա­րի վե­րա­դարձ.- եզ­րա­կա­ցուց Մա­նէ:
– Մի հատ սել­ֆի ա­նե՞նք.- խնդրեց Նա­րեկ:
– Ա­նենք Նա­րեկ.- պատ­րաս­տա­կամ պա­տաս­խա­նեց Մա­նէ:
Սր­բա­ցած քա­րե­րով յու­շա­հա­մա­լի­րի պաս­տա­ռին վրայ ող­ջա­գու­րո­ւող զոյ­գի ժպիտ­նե­րը ան­մա­հա­ցան:

12.08.2021, Եր­ևան

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։