Երկուշաբթի օր մըն էր, 1981ին Մայիսի 18, առաւօտեան ժամը 6ին տանս հեռախօսազանգը հնչեց եւ որոտընդոստ արթնցայ։ Վազեցի քովի սենեակը լսափողը վերցնելու ու միտքէս հազար բան անցաւ – արդեօ՞ք մայրս հիւանդ էր, քոյրս կամ եղբայրս անհանգստացած էին։
Հազիւ ականջիս մօտեցուցի լսափողը, միւս կողմէն ձայն մը կ՛ըսէր.
– Ծօ. Օշին. արթնցիր։ Մեր ընկերը գնաց։
– Ո՞ր մէկ ընկերը, ո՞ւր գնաց։
– Ուիլին, Ուիլին գնաց։ Ալ չի վերադառնալու։ Վստահ եմ դրախտ գնաց,- ըսաւ հեկեկալով։
Գոյժը հաղորդողը քանդակագործ Վարազ Սամուէլեանն էր, Սարոյեանի տարիներու թերեւս ամէնէն մտերիմ ընկերը, միասին կերած ու խմած, տարտերը բաժնած հանրածանօթ արուեստագէտը, որուն կերտած Սասունցի Դաւիթ Ձիու վրայ նստած հսկայ արձանը (տեղադրուած 1971-ին), տպաւորիչ կանգնած է Ֆրեզնոյի Գլխաւոր Դատարանին առջեւ, տեսանելի բազմաթիւ անցորդներու կողմէ։
Սարոյեան շատ կը սիրէր այդ արձանը – խրոխտ Դաւիթը, որ ոյժ կը ցուցաբերէր։ Յաճախ կը մօտենար արձանին, կը դիտէր, շուրջը կը քալէր, կրկին կը նայէր ու կը զմայլանար։ Կարծես ինքն ալ ոյժ կ՛առնէր ու նոր ոգիով օրը կը շարունակէր։
Շատ մը ստեղծագործութիւններու կողքին, Վարազ կերտած է նաեւ Սարոյեանի կիսանդրին որ կը գտնուի Ֆրեզնոյի Համագումարներու Կեդրոնին Սարոյեան Հանդիսասրահին մուտքին։
Այդ օրէն քանի մը շաբաթ առաջ, Սարոյեան դժուար հասկնալի ձայնով կը խօսէր եւ չէր ուզեր որ ոեւէ մէկը իրեն հիւանդանոց այցելէր՝ զինք այդ վիճակի մէջ տեսնելով։ Սակայն, վերջին օրերուն Սարոյեանի զաւակները Արամը (այդ ժամանակ 38 տարեկան էր) եւ իր փոքրիկ աղջնակը Քրիմը եւ Արամի քոյրը Լուսին (այդ ժամանակ 35 տարեկան էր) այցելած էին հիւանդանոց իրենց հայրն ու մեծ հայրը տեսնելու՝ բաւական դժուարութիւններ յաղթահարելէ յետոյ, կրցած էին Սարոյեանի սենեակ մտնել, զինք տեսնել եւ քիչ մը հոն մնալ։
Արամ հետաքրքական եւ ուշագրաւ հատոր մը հրատարակեց այդ այցելութեան առիթով՝ իրենց ընտանեկան կեանքը ներկայացնելով – «The Last Rites» 1981։
Սարոյանի մահացած օրը, զարմուհին՝ Զապէլ քրոջ դուստրը Ճէքի Գազարեանը անկողինին մօտ կը գտնուէր, երբ Սարոյեան արթնցաւ, մէկ բառ փոխանակեց եւ փռնեց Ճէքիին ձեռքը։ Երբ Ճէքի զգաց որ Սարոյեան օգնութեան կարիքը ունէր, սենեակէն դուրս ելաւ հիւանդապահուին կանչելու եւ ակնթարթ մը ետք վերադարցան…
Սարոյեան արդէն հոգին ավանդեր էր եւ գացած էր միւս աշխարհ, Վարազի խօսքով՝ «դրախտ գնաց»։
Ինծի համար մեծ պատիւ եւ առանձնաշնորհում էր գլխաւորելու այն Յանձնախումբը որ Սարոյեանի Աճիւնին կէսը Հայաստան տեղափոխեց եւ մասնակցեցաւ պատմական յուղարկաւորութեան 1982ի Մայիսի 29ին բազմահազար հոգիներու մասնակցութեամբ Երեւանի Կոմիտասի Պանթէոնին մէջ։
Յանձնախումբին միւս անդամներն էին Ֆրեզնոյէն Ալէն Եղիա Ճինտեան, Սան Ֆրանսիսքոյէն Իրաւաբան Ռապըրդ Տեմիր, իսկ Ֆրանսայէն մեզի միացաւ Տիգրան Գույումճեան։ Ելոյթ ունեցան Հայաստանի Գրողներու Միութեան Նախագահ Վարդգէս Պետրոսեան, Մշակութային Կապի Կոմիտէի Նախագահ Վարդգէս Համազասպեան, բանաստեղծ Վահագն Դավթեան, Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան եւ ուրիշներ, ի ներկայութեան Հայաստանի Կուսակցութեան քարտուղար Կարեն Տեմիրճեանի եւ այլ ղեկավարներու։
Մէկը Չի Կրնար Ինքզինք Ուրանալ
Ինքնաճանաչման ուղին ծննդաբանական աղբիւրէն կը սկսվի, կ՛ըսէր յաճախ եւ այն համոզումը ունէր որ մէկը չի կրնար ինքզինք ուրանալ, չի կրնար իր ինքնութիւնը ժխտել, եւ այս իմաստով ալ թողած է մեծ տպաւորութիւն առաջին օրէն իսկ երբ կը գրէր (ու շատ յաճախ մարդիկ կը մէջբերեն խօսքերը) – «գործած բառերս Անգլերէն են, միջավայրը որուն մասին կը գրեմ, Ամերիկան է, Ոգին որ ունիմ Հայկական է։ Ուրեմն ես Հայ գրող մըն եմ։ Խորապէս կը սիրեմ Հայ Գրողներու Մեծ ընտանիքին պատկանելուս պատիւը»:
Այսպէս կը գրէր Սարոյեան 1939ին եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ իր անժամանակ մահը։ Այդպէս ալ պիտի շարունակէ ապրիլ ան՝ մեր հոգիին, մեր սիրտին ու մանաւանդ մեր միտքին մէջ։
Սարոյեան այն հազուագիւտ անգլիագիր հայ հեղինակներէն է որ երբ նոր էր սկսած ճանչցուիլ հանրութեան կողմէ նոյնիսկ ստանալով Ամերիկեան մրցանակներ, իր պորտակապը պահած էր հայութեան հետ, միշտ կը շփուէր հայ դրացիներուն եւ ազգականներուն հետ, մասնաւոր մօտիկութիւն ունէր արձակագիր Վահէ Հայկի, բանաստեղծ Արամ Արաքսի, քանդակագործ Վարազ Սամուէլեանի եւ այլոց հետ։ Երբեմն ներկայ կ՝ըլլար հայկական ձեռնարկներու, եւ արդէն Հայաստան այցելած էր 1935ին։
60-ական թուականներու առաջին տարիներուն սկիզբը բարեկամացանք եւ մնացինք մտերիմ, մինչեւ իր կեանքին վերջին օրը։
Հանրաճանաչ դառնալէն ետք իր կապը չխզեց հայութեան հետ, ինչպէս յաճախ ըրած են շատ-շատեր։
Սարոյեան շրջեցաւ բովանդակ աշխարհը, տուն պահեց Ֆրեզնոյի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Լոս Անճելըսի, Փարիզի եւ այլ վայրերու մէջ ապա կրկին վերադարձաւ իր ծննդավայրը Ֆրեզնօ, ուր կնքեց նաեւ իր մահկանացուն, Մայիս 18, 1981-ին` յետ կարճատեւ հիւանդութեան մը, 73 տարեկանին, գոհունակ՝ բեղուն կեանք մը ապրած ըլլալուն համար։
Կը Կարծէր Թէ Ինք Պիտի Չմեռնի
Մահանալէն առաջ յաճախ կ՝ըսէր թէ ամէն մարդ պիտի մեռնէր, բայց ինք կը կարծէր թէ մահը իրեն համար բացառութիւն պիտի ըլլար։ Եթէ Ամերիկեան հինգ կարեւորագոյն օրաթերթերը – New York Times, Washington Post, Chicago Tribune, Los Angeles Times և San Francisco Examiner – «մահուանս լուրը առաջին էջին վրայ հրատարակեն, այն ատեն կրնամ ըսել որ արժէքաւոր մարդ եմ եղեր» կ՛ըսէր Սարոյեան։
Իրականութեան մէջ աշխարհի բազմաթիւ լրագիրներ եւ Ամերիկեան գրեթէ բոլոր թերթերն ալ մահագուժը տպած էին իրենց առաջին էջերուն մէջ, իսկ շատերն ալ գնահատական խմբագրականներով կամ երկարաշունչ վերլուծումներով մեկնաբանած էին Սարոյեանի գրական աշխարհը եւ իր բերած անժխտելի նպաստը Ամերիկեան եւ համաշխարհային գրականութեան:
Ամերիկայի մեծագոյն օրաթերթերէն Los Angeles Times, Majisi 19, 1981-ի խմբագրականով կը գրէր – «Հեղինակ Ուիլիըմ Սարոյեան ունէր տաղանդն ու հռչակը՝ արտայայտելու կեանքի եւ մահուան մասին զինք յուզող հարցերը եւ զանոնք լսելի դարձնելու իր լաւածանօթ թատրերգութիւններուն մէջ խորհուրդ կու տար - աշխատէք խորունկ շնչել, ուտելու ժամանակ իսկապէս համը առէք, եւ երբ քնանաք՝ իսկապէս քնացէք։ Սարոյեան համամարդկային նիւթերու մօտեցաւ արմատախիլ եղած ամերիկահայերու եւ այլ օտարածիններու զգացումները, անոնց ունեցած դժուարութիւններու ընդունումը, հաւատքը որ անոնց կեանքին մէջ աւելին կար քան նիւթական հանգիստը»։
50 Տարիներու Գրականութիւն
Սարոյեանի գրականութեան հարուստ, ճոխ ու պէսպիսուն վաստակը կ՛երկարի 50 տարիներու երկայնքին, աւելի քան 50 մնայուն հատորներով, որոնց մէջ կան շուրջ 400 որակաւոր պատմուածքներ՝ իր լաւագոյն ստեղծագործութիւնները՝ մատուցուած գեղարուեստական բարձր մակարդակով։ Թէեւ որոշ քննադատներ իր թատրերգութիւնները աւելի որակաւոր կը նկատեն եւ աւելի կարեւոր ներդրում՝ Ամերիկեան եւ համաշխարհային գրականութեան մէջ։ Յամենայնդէպս, Ամերիկայի ամէնէն բարձր գրական մրցանակը ստացած է։
Թէեւ երիտասարդ տարիքին փորձած է բանաստեղծութիւններ յօրինել, սակայն իմ հետ ունեցած մէկ հարցազրոյցի ընթացքին բացատրեց որ Ֆրանսացի գրող Կի Տը Մոփասանի «Զանգակը» պատմուածքը այնքան սիրած էր որ որոշեց արձակ գրել, մասնաւորաբար պատմուածք, եւ գրող դառնալ։
Իր ստեղծագործական վաստակը կը բնորոշուի չորս շրջաններով – պատմուածքներ (1924-1939), թատրերգութիւններ (1939-1943), վէպեր (1943-1962) եւ ինքնակենսագրական գործեր, յուշեր եւ խոհագրութիւններ 1963-էն մինչեւ իր մահը։
Իր երախայրիքի հրատարակութիւնը The Daring Young Man on the Flying Trapeze (Յանդուքն Երիտասարդը Թռչող Մարզաձողին Վրայ) լոյս տեսաւ 1934 թուականին, եւ նոյն տարին ստացաւ Ամերիկեան Օ՛ Հենրի մրցանակը նոյնանուն պատմուածքին համար՝ իր համբաւը տարածելով միջազգային գրական աշխարհին մէջ։
Յաջորդ տարին հրաւիրուեցաւ Մոսկուա մասնակցելու Միջազգային Գրական Համաժողովի մը, եւ ժողովէն ետք պատասխանելով արեան կանչին՝ այցելեց Հայաստան՝ օծուելու հայրենի ջուրով ու բոյրով, ծծելու հայրենի օդն ու մթնոլորտը, միանալով արմատներուն։ Հանդիպեցաւ Գուրգէն Մահարիի, Չարենցի եւ այլ գրողներու հետ։ Հայրենիքի հետ իր կապը եղաւ անքակտելի եւ բազմաթիւ առիթներով այցելեց Հայաստան։
Սարոյեանի Նպաստը Ամերիկեան
Գրականութեան
Ամերիկեան գրականութիւնը շատ բան կը պարտի Սարոյեանին, որ իր ինքնուրոյն եւ բնորոշ տեղը ունի՝ թատրոնի, վէպի ու մանաւանդ պատմուածքի բնագաւառին մէջ։ Բազմաթիւ գնահատականներ գրուած են իր մասին ամերիկեան քննադատներու կողմէ։ Եւրոպացի քննադատներն ալ զեղուն արտայայտութիւններ ունեցած են։ Ընդհանուր կերպով եւ առանց խորանալու, կարելի է Սարոյեանի ներդրումը, կամ իւրայատկութիւնները դասաւորել հետեւեալ կերպով։
Ա. Ան հունաւորեց 30-ականներու ամերիկեան գրականութիւնը մինչեւ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի վերջաւորութիւնը եւ քիչ մը աւելի՝ մասնաւորաբար լաւատեսութիւն ներմուծելով այնպիսի ժամանակի մը ընթացքին երբ Ամերիկան տնտեսական ծանր տագնատներու մէջ էր։ Ինք կարողացաւ իր գրականութեամբ լաւատեսութիւն եւ ուրախութիւն տարածել, նաեւ քիչով գոհանալու տրամադրութիւն ստեղծելով՝ իր արուեստի անառարկելի փայլուն ճանապարհով։ Ան մարդուն մէջ փնտռեց բարին ու լաւը՝ հակառակ աղքատութեան եւ տնտեսական տխուր վիճակին, եւ ինքնավստահ կերպով պատմեց անոնց մասին։
Բ. Իր պատմուածքներուն, վէպերուն եւ թատրերգութիւններուն մէջ ան ներկայացուց պարզ մարդը, պարզ Ամերիկացին՝ ինչ գոյնի կամ ազգութեան ալ պատկանած ըլլար։ Պարզ մարդը՝ բնիկն ու նորեկը, ամերիկեան կեանքի չվարժուած մարդը՝ իր հանապազօրեայ տաղտուկներով, իր ուրախութիւններով ու ցաւերով, ընտանեկան հարցերով ու երազներով։ Յաջողակ կամ ունեւոր անհատներու մասին արտայայտուած է բայց ոչ այնքան շեշտուած կերպով, եւ կեդրոնական տիպարներ գրեթէ չեն եղած։
Գ. Արտայայտութեան նոր ոճ մը սկսաւ չյոգնեցնող ընթացք մը տալով իր գրութիւններուն, թէեւ երբեմն կը թուի թէ անկազմակերպ ոճ մը ունի, սակայն հեռու մնաց իրականութեան մէջ ստեղծագործական արտայայտչական կերպագիտութենէն, չափուած ու ձեւաւորուած ըմբռնումներէն։ Գրեց վարար գետի մը նման՝ հոսեցնելով իր մտածումները՝ երբեմն հակասութիւններով եւ բառերու ընտրութեամբ յստակօրէն արտայայտուելով։ (Օրինակ There is killing on Pacific Avenue – «Մարդասպանութիւն կայ Խաղաղութիւն պողոտային վրայ», մարդասպանութիւն եւ խաղաղութիւն բառերը հակադրելով:
Դ. Գրելու արուեստի տեսակէտով յաճախ օգտագործեց յետսահայեացքի սկզբունքը (flash-back), անցեալը կամրջելով ներկային կամ ապագային հետ, զօրացնելու եւ շեշտաւորելու համար ներկան։ Նկատի պէտք է առնել որ իր ներշնչումի աղբիւրը իր կեանքն էր, վիճակը իր դրացիներուն որոնցմէ ոմանք տակավին իրենց ծննդավայրը վերյիշելով կ՝ապրէին անցեալին մէջ։ Իր եւ իր ազգականներուն փորձառութիւններուն կը հանդիպինք իր երկերուն մէջ՝ ձեւով մը Ամերիկեան կեանքի դիմագիծը ներկայացնելով։
Ե. Շնորհիւ Սարոյեանի ստեղծագործութիւններուն՝ հայ մարդը ներկայացուեցաւ Ամերիկայի մէջ առաջին անգամ ըլլալով իբրեւ աշխատասէր, պարկեշտ եւ կենսուրախ անհատ։ Հայ մարդը մտաւ Ամերիկեան ընտանիքներէ ներս՝ երբեմն տանելով նաեւ Ասորիներ, Արաբներ եւ ուրիշներ որոնք նոյնօրինակ կեանք կ՝ապրէին մասնաւորաբար արեւմտեան ափին վրայ։ Նոյնիսկ պատմական եղելութիւններուն մասին արտայայտուեցաւ վճռականօրէն։ Իր երկերուն մէջ ան նրբանկատօրէն Հայաստանն ու Հայը յաճախ ներկայացուց առանց յոգնեցնելու կամ ձանձրացնելու ընթերցողը։ Սարոյեանի համար ազգային պատկանելիութիւնը երբեք հարց չէ եղած։
Զ. Թէեւ իրմէ առաջ որոշ հեղինակներ տոհմային տիպարներ մտցուցած են գրականութեան մէջ, սակայն Սարոյեան տոհմական շեշտավորումը հունաւորեց Ամերիկեան գրականութեան մէջ՝ արտայայտուելով նաեւ ուրիշ ժողովուրդներու մասին։ Իր այս քայլը նոր էջ մը բացաւ եւ այսօր կան հանրաճանաչ գրողներ որոնք իտալական, արաբական, մեքսիքական, քորէական ծագում ունին եւ իրենց գրականութիւնը կը նմանին Սարոյեանական ստեղծագործութիւններուն։ Այսօր Ամերիկայի լաւածանօթ գրողներէն կը նկատուի Մեքսիքական ծագում ունեցող Սանտրա Սիսներոսը որ կը ներկայացնէ Մեքսիքացի ընտանիքներու տուայտանքները Ամերիկայի մէջ մասնաւորաբար ինքնութեան հարցեր կը բարձրացնէ, ինքնափնտռտուքի ելած մեքսիքացին կը ներկայացնէ, կը նկարագրէ։
Կան Նաեւ Ուրիշ Գրողներ
Կան նաեւ ուրիշներ եւս։ Ունինք կարեւոր թիւով ամերիկահայ անգլիագիր հեղինակներ որոնք կշարունակեն Սարոյանական ոգին։
Է. Իր սկզբնական երկերուն մէջ, Սարոյեան ուշագրաւ կերպով կը ներկայացնէր Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Սան Ուաքին շրջանի բանուորներու կեանքը՝ ըլլան անոնք հող հերկողներ, պտուղ քաղողներ կամ երկրագործութեամբ օրապահիկ ապահովողներ՝ Ֆրեզնոյի, Թօւլարէի, Եդեմի կամ Քինկզպըրկի մէջ։ Այս եւս նորութիւն էր Ամերիկեան գրականութեան մէջ։ Նաեւ Ճան Սթայնպէք Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Սալինասի շրջանի բանուորներուն մասին կ՝արտայայտուէր եւ հասարակաց բանուորական բարութիւն մը կը տեսնէր անոնց մէջ։
Ը. Սարոյեանի տիպարներու կեանքի մասին կարդալէ ետք կը մղուի իր մտահորիզոնը լայն բանալու եւ զգալ գոյութենական (existential) հոգեվիճակ մը, զոր Սարթրեան համամարդկային մակարդակի կը բարձրացնէ՝ իր ստեղծած տիպարներով, անոնց փոխյարաբերութիւններով, մտածումներով ու մանաւանդ արարքներով։
Թ. Իր գործերով կը զբաղէր շատ յաճախ եւ իր ճամբորդութիւններու ընթացքին գրամեքենան հետը կը տանէր ու կ՝աշխատէր երբեմն հիւրանոցին մէջ՝ փոխանակ աւելի ժամանակ տրաամադրէր ման գալու։
Ժ. Իր երկերուն մէջ կ՛արտայայտէ այն գաղափարը որ մարդկային ոչ մէկ ընկերութիւն աւելի արժէքաւոր ու թանկագին բան ունի քան իր արուեստն ու մշակոյթը (իր կարծիքով)։
Սարոյեանի մասին շատ մը կարեւոր հատորներ եւ յօդուածներ գրուեցան զանազան մասնագէտներու կողմէ – Հաուըրրտ Ֆլոն, Ճան Մէյսըն Պրաուն, Պրուքս Աթքինսըն, Ճորճ Նէյթըն եւ ուրիշներ։
2018-ին Ֆրեզնոյի մէջ Բացուեցաւ Սարոյեան Թանգարանը
Ֆրեզնոյի մէջ Օգոստոս 31, 2018-ին Սարոյեանի բնակարանը պաշտօնապէս վերածուեցաւ թանգարանի ուր կը գտնուին բազմահարիւր լուսանկարներ, գիրքեր, իր մասին գրուած յօդուածներ, գծանկարներ, նամակներ եւ տարբեր իրեր Սարոյեանի կեանքէն առնուած:
Յաճախ ըսած է որ իր հայկականութիւնը ավելի զօրացաւ իր մէջ երբ Զօրավար Անդրանիկ հաստատուած էր Ֆրեզնօ։
«Ներշնչել եւ Արդաշնչել» հատորին մէջ Սարոյեան կը գրէ. – «Որքան ալ փորձէք կործանել Հայաստանը, դուք փիճերու զաւականեր, պիտի չկրնաք որովհետեւ երբ երկու հայեր հանդիպին իրարու այս աշխարհին վրայ որեւէ տեղ՝ տեսեք թէ ինչպէս պիտի կերտեն նոր Հայաստան մը»։