ԻՄ ԽՈՆԱՐՀ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ «ՆՈՐ ՀԵՐՈՍԱՊԱՏՈՒՄ» ԳԻՐՔԻՆ / Ե­րան ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

bgvcergtԵ­րան ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Գ­րող, հրա­պա­րա­կա­խօս, գլխա­ւոր
խմբա­գիր եւ ար­տօ­նա­տէր
«Ա­զատ խօսք» ե­լեկտ­րո­նա­յին պար­բե­րա­թեր­թի

­Մէկ շուն­չով կար­դա­ցի «ՆՈՐ ՀԵՐՈՍԱՊԱՏՈՒՄ» ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն պատ­մո­ւածք­նե­րու շար­քը, ար­տաս­ո­ւա­խառն աչ­քե­րով, յու­զու­մով այ­լեւ ներ­քին հպար­տու­թեամբ, քան­զի զայն մտայ­ղա­ցո­ղը՝ բա­նաս­տեղծ, գրա­կա­նա­գէտ, գրա­բա­րա­գէտ, բան. գիտ. թեկ­նա­ծու, «­Հայ միտ­քի դպրոց» հա­յա­գի­տա­կան կեդ­րո­նին ղե­կա­վար՝ ­Լու­սի­նէ Ա­ւե­տի­սեա­նը եւ պատ­մո­ւածք­նե­րուն շնոր­հա­լի հե­ղի­նակ­նե­րը այն­քան խոր ի­մաս­տա­սի­րու­թեամբ, վսեմ բա­րո­յա­կա­նու­թեամբ եւ վճիտ հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ կրցած են ներ­կա­յաց­նել, մեկ­նա­բա­նել եւ ի­մաս­տա­ւո­րել մե­րօ­րեայ «­Նոր հե­րո­սա­պա­տում»ի իւ­րա­քան­չիւր հե­րո­սի ապ­րում­նե­րը, յոյ­զե­րը, խո­հե­րը, ե­րա­զան­քը եւ աշ­խար­հա­յեաց­քը՝ մա­հու-կե­նաց ա­մէ­նէն նուրբ սահ­մա­նին վրայ, երբ կար­ծես ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ կը դառ­նայ թա­փան­ցիկ, յայտ­նա­գոր­ծե­լի, լոյ­սին պէս պարզ ու լոյ­սին պէս բարդ: ­Գիր­քը կ’ամ­փո­փէ, ինչ­պէս գրո­ւած է, «­Հայ միտ­քի դպրոց» հա­յա­գի­տա­կան կեդ­րո­նին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դա­սըն­թաց­քի սա­նե­րուն պատ­մո­ւածք­նե­րը, ո­րոնց նիւ­թը 2020 թ. ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մին հե­րո­սա­կան, յու­զիչ, յի­շար­ժան ու նո­ւի­րա­կան դրո­ւագ­ներն են։
Իւ­րա­քան­չիւր պատ­մո­ւած­քին մէջ, այն­քան կեն­դա­նի ու ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հա­րա­զատ եւ մաք­րա­մա­քուր ո­ճով նկա­րագ­րո­ւած, կը տո­ղան­ցեն հե­րոս­նե­րը՝ ա­մէն մէ­կը մի տան ճրագ, ա­մէն մէ­կը՝ ան­սահ­ման հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ, ար­դա­րու­թեամբ, վե­հանձ­նու­թեամբ, ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ տո­գո­րո­ւած լու­սա­կիր անձ, որ ա­մէն պահ պատ­րաստ է սխրանք մը գոր­ծե­լու, ինք­զինք նո­ւի­րա­բե­րե­լու յա­նուն ազ­գի, հայ­րե­նի­քի ար­ժա­նա­պատ­ւու­թեան, յա­նուն ա­նոր սրբու­թիւն­նե­րուն, յա­նուն ա­նոր ե­րա­զան­քին… ­Հե­րոս­ներ ո­րոնք «­Հո­ղի տա­կէն դուրս ե­լած դա­լար ծի­լեր էին, զորս, կը թո­ւէր, թե­թեւ քա­մին իսկ կրնար ջար­դել, սա­կայն դա­լար այդ ծի­լե­րը կրա­կոտ ի­րենց սիր­տե­րուն մէջ պայ­քար ու­նէին, եւ ա­նոնք փո­թո­րիկն ան­գամ կրնա­յին դի­մագ­րա­ւել։ ­Բա­ռե­րով ու խաւս­քե­րով չար­տա­յայ­տո­ւող հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն ու­նէին, որ հայ զի­նո­ւո­րը բնո­րո­շող ա­մէ­նէն ցայ­տուն զգա­ցումն է։ Ու­նէին պա­տիւ ու ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւն, ա­նոնց­մէ վեր բան մը չկայ հա­յու մը հա­մար: ­Պա­տե­րազ­մը չա­րիք է», ինչ­պէս կ’ար­ձա­նագ­րէ Ան­ժե­լա Մկրտ­չեան իր «ԿՈՉԵՄ ԶԱՊՐՈՂՍ» պատ­մո­ւած­քին մէջ: Պզ­տիկ բայց խո­րունկ այս պատ­մո­ւածք­նե­րուն մէջ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան տպա­ւո­րիչ կտոր­ներ կան, ո­րոնք այնքան սրտա­ռուչ են եւ դաս­տիա­րա­կիչ. Օ­րի­նակ, ըն­կոյզ վաճա­ռող փոք­րիկ ­Վա­հէին «­Փոք­րիկ տախ­տա­կը կ’ազ­դարա­րէր. «Փրկիչ ըն­կոյզ­ներ։ Ա­մէն ըն­կոյզ փամ­փուշտ մըն է»։ ­Սա գրու­թիւ­նը սի­րոյ եւ ջեր­մու­թեան փամ­փուշ­տի մը պէս դի­պաւ ա­մէն ան­ցոր­դի սիր­տին։ ­Հատ առ հատ վա­ճա­ռեց ­Վա­հէն ըն­կոյզ­նե­րը»։ ­Կամ այլ պատ­մուած­քի մը մէջ, «Ա­լէ­նին բա­նա­կա­յին ըն­կեր­նե­րը հար­ցու­ցած էին, թէ ինք ին­չու եր­բեք չի հայ­հո­յեր, եւ ան պա­տաս­խա­նած էր, թէ հա­յե­րէ­նը չա­փա­զանց գե­ղե­ցիկ լե­զու է, զայն հայ­հո­յե­լու հա­մար գոր­ծա­ծե­լը ան­նե­րե­լի մեղք ըլ­լա­լու է»։ ­Կամ ալ՝ այս մէ­կը. «Ա­լէ­նը կը յար­գէր կի­նե­րը, կը խո­նար­հէր կնոջ իր կա­տա­րե­լա­տի­պին՝ մաւ­րը առ­ջեւ, եւ ո­րո­շած էր գիրք մը գրել իր մաւ­րը մա­սին։ Ան կ’ը­սէր, որ կա­նայք՝ յատ­կա­պէս իր մայ­րը, շատ ու­ժեղ են»։ Այս­պէս, պատմուած դրո­ւագ­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն, կը պատ­մո­ւին պա­տե­րազ­մին՝ ո­րե­ւէ կեր­պով մաս­նա­կից հե­րոս­նե­րու աշ­խար­հա­յեաց­քը, ա­ռա­քի­նի վար­քա­գի­ծը, հե­րո­սա­կան սխրանք­նե­րը, հա­յու վճիտ հո­գին, որ­պէս խո­նար­հում, խրա­խոյս եւ կեան­քի օ­րի­նակ ներ­կայ եւ գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն:
­Գիր­քի յա­ռա­ջա­բա­նին մէջ, ­Լու­սի­նէ Ա­ւե­տի­սեան ճշմար­տա­ցիօ­րէն կը գրէ. «Ակն­յայ­տօէն լե­զուն է ծնո­ղը ազ­գին։ Ազգ մը կը ծա­գի եւ գո­յու­թիւն կ’ու­նե­նայ շնոր­հիւ լե­զո­ւի մը… ­Խո­րա­գոյնս ըմբռ­նե­լու է սա ի­րո­ղու­թիւ­նը։ Եւ ծնուն­դէն ի վեր ազ­գի մը ա­մէ­նէն ա­պա­հով ա­պաս­տանն իր լե­զուն է, իր մտա­ծո­ղու­թեան միակ ան­կո­ղոպ­տե­լի կրի­չը… Այն է ազ­գի ճշմա­րիտ հայ­րե­նի­քը, ուր­կէ ոչ ոք կրնայ տե­ղա­հա­նու­թիւն կազ­մա­կեր­պել, ե­թե միայն այդ ո­գե­ղէն հայ­րե­նի­քին ազգ-բնա­կի­չը ինք չլքէ զայն…»:
­Վա­հան ­Թէ­քէեան, մեծ բա­նաս­տեղ­ծը պի­տի ը­սէր. «­Քեզ, հայ լե­զու, կը սի­րեմ մրգաս­տա­նի մը նման», քան­զի լե­զուն, տա­րա­գիր ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան պա­րա­գա­յին, ե­ղած է ո­գե­ղէն հայ­րե­նիք մը, բռնագ­րա­ւո­ւած հայ­րե­նի­քի ո­գին, յի­շո­ղու­թիւ­նը, նկա­րա­գի­րը, մշա­կոյ­թը հա­մակ….եւ տա­րա­գիր մեր ժո­ղո­վուր­դը ան­սահ­ման սի­րով, գուր­գու­րան­քով փա­րած է իր լե­զո­ւին, զայն խնա­մած է մրգաս­տա­նի մը նման, զայն պաշտ­պա­նած է օ­տար հող­մե­րէն ու փո­թո­րիկ­նե­րէն, ո­ռո­գած է զայն իր սրտի ա­րիւ­նով ու ար­ցուն­քով… քան­զի ան մնա­ցած է այն միակ գան­ձը ան­կո­ղոպ­տե­լի, որ կա­րե­նայ հա­րա­զա­տօ­րէն ցո­լաց­նել իր ինք­նու­թիւ­նը, հա­յու հո­գին Ս­փիւռ­քի օ­տար ա­փե­րուն… Տա­րի­ներ ու տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ, հայ հո­ղին այ­րող կա­րօ­տը, ա­նոր կո­րուս­տին առ­թած ցաս­ման վրէ­ժը, ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը, հայ մնա­լու եւ ապ­րե­լու տեն­դը մղած են «փո­շի ազգ» դար­ձած Ս­փիւռ­քը՝ ամ­րօ­րէն կառ­չե­լու իր ազ­գա­յին ար­մա­տին՝ հա­յոց լե­զո­ւին, որ­պէս հաց հա­նա­պա­զօ­րեայ, որ­պէս սե­րունդ­նե­րու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան ան­քակ­տե­լի օ­ղակ, որ­պէս «­Տու­նը հա­յուն աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն», որ­պէս «­Ներ­քին ­Հա­յաս­տան»:
­Խո­րի­մաստ է ­Լու­սի­նէ Ա­ւե­տի­սեա­նի մտո­րու­մը. «­Սա գիր­քը սփիւռ­քի ե­րի­տա­սար­դին ու պար­մա­նիին իր իսկ մայ­րե­նիով պա­տե­րազ­մէն պա­տա­ռիկ­ներ պատ­մե­լու փորձ մըն է նաեւ։ ­Բայց եւ յոր­դոր ու խրա­խոյս՝ իր մայ­րե­նիին փա­րե­լու։ ­Սա գիր­քը հա­յաս­տան­ցիի պար­զած դող­դոջ ձեռք մըն է սփիւռ­քի իր եղ­բաւ­րը»:
­Թող այդ դող­դոջ ձեռ­քը տա­կաւ զօ­րա­նայ, պնդա­նայ եւ դառ­նայ ճշմա­րիտ ո­գե­ղէն կա­մուրջ՝ ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք կա­պե­րը ամ­րապն­դող: Այդ ո­գե­ղէն կա­մուրջն է այ­սօր եւ յա­ւի­տեան ե­րաշ­խի­քը մեր միաս­նա­կա­նու­թեան, մեր հա­ւա­քա­կան ոյ­ժին ու մշա­կու­թա­յին յա­րա­տեւ­ման:
­Ջեր­մա­գին զգա­ցում­նե­րով կը շնոր­հա­ւո­րեմ «ՆՈՐ ՀԵՐՈՍԱՊԱՏՈՒՄ» գիր­քի նա­խա­ձեռ­նողն ու բո­լոր հե­ղի­նակ­նե­րը, ո­րոնք ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն քաղց­րա­հունչ լե­զո­ւով հա­ղոր­դա­կից կը դարձ­նեն ըն­թեր­ցո­ղը մե­րօ­րեայ հե­րոս­նե­րուն ո­գիի սխրանք­նե­րուն, հո­գիի ճա­ռա­գայ­թու­մին եւ վսե­մա­գոյն ազ­գայ­նու­թեան ու մարդ­կայ­նու­թեան ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րուն: ­Վարձ­քեր­նիդ կա­տար:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։