Հակառակ անոր, որ բոլոր շուրջիններս, նոյնիսկ մօտիկ հեռու բարեկամներս, մեծով-պզտիկով իրենց տուներէն ներս ունին համակարգիչներ, արդիական հեռաձայներ, «այ բատ»եր, հեռատեսիլ եւ անոր տեղական ու հայկական գրեթէ բոլոր կայանները, սակայն ամիսէ մը ի վեր եւ գրեթէ ամէն օր եւ ամէն յարմար առիթով, «հալ-քէֆ» հարցնելէն առաջ, միշտ մտահոգ ձայնով հեռաձայնելով, գրեթէ սովորական դարձած նոյն հարցումները կը հարցնեն: Գիտեմ, որ միշտ տեսակաւոր փսփսուքներ կը հասնին բոլորին, հիւսիսէն-հարաւէն, հասկցողէն եւ չհասկցողէն, զիրար խաչաձեւող, ուրախ եւ տխուր լուրերով, բայց անպայման կը հարցնեն:
– Է՛հ, Արցախէն ի՞նչ լուր…, ի՞նչ նորութիւն…, ո՞ւր ենք…, ո՞ւր հասանք… ի՞նչ լսեցիր… ըսէ՛…:
Ու իբրեւ պատասխան կը ստանան.
– Ամա՜ն, հէ՛չ մի ըսեր, վա՜յ… վա՜յ… չլսեցի՞ր մերինները, ջարդեր են… ա՜խ, այս մե՛ր հերոսները…:
Մարդիկ այդպէս են, միշտ յոյսին կապուած կ’ըլլան: Անոր համար են այդ բոլոր հեռաձայները: Թէեւ իրենք «լաւին» կամ «վատին» տեղեակ են, սակայն իրենց մտքի հանդարտութեան համար կ’ուզեն ուրիշէն լուրը լսել: Խապրիկը: Վատը կամ ցաւալին: Կարծես այս միջոցով բոլորն ալ յոյս կ’ուզեն մուրալ եւ կամ ձեւով մըն ալ, առաւել մխիթարուիլ եւ կամ՝ առաւել խրախուսուիլ:
Ըսեմ նաեւ, որ շաբաթներէ ի վեր, թէեւ մեր ուրախութեան ակերը ցամքած են: Թէեւ հայրենի հողին վրայ պատերազմ կայ, որ հարազատ ծնունդն է ոճրագործ քաղաքականութեան դիւային խաղերուն, եթէ ինծի հարցնելու ըլլային, եւ որովհետեւ կ’ուզեմ գոնէ ժպիտ մը բուսցնել իմիններուս չորցած այտերուն վրայ, բոլորին ալ միշտ նոյն պատասխանը կու տամ՝ կարճ եւ լակոնական.
– «Յաղթելու ենք…» եւ վերջ:
Բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք, թէ հոն ամէն վայրկեան դիւանագիտութիւնը մարդկային կեանքերը կը սակարկէ: Ամէն ժամ վախ եւ մահ: Աւեր եւ փլատակ: Ամէն վայրկեան կեանքի վտանգ: Եւ ահա մեզի պարտադրուած անբնական կացութիւն: Մահուան դէմ ամէնօրեայ պայքար: Իսկ աշխարհը, իր անտարբեր աչքերովը միայն կը դիտէ: Անոր համար մեր Աստուածը զզուանքով հեռացած է իրենցմէ: Բայց հակառակ այս բոլորին, պատիւ իրենց, հո՛ն մեր բանակի մարտիկներուն մօտ, տակաւին վառ է հայու սխրանքն ու ոգին եւ կեանքը մարտունակ եւ հայկականութեամբ շարունակելու կամքը: Ո՛չ մէկ կասկած: Ու աշխարհը լուռ եւ անտարբեր, միայն «տափակ» իր կոչերով, մեզ կը դիտէ: Կը փորձէ համոզել: Մեղքնալ կը ձեւանայ: Անոր համար ան աչքիս սեւ կ’երեւի: Միւս կողմէ, քաղաքականութիւն կոչուած աղբանոցին մէջ, տակաւին չարերն են, որ կը յաջողին բարձրացնել անմեղներու արիւնով թաթխուած վատութեան դրօշները: Հայը պարզապէս զոհ է համաշխարհային հաշիւներու: Ազգովին կը մնանք ապասումի եւ յոյսի լարին վրայ գամուած՝ առանձին: Միաժամանակ, տակաւին արդարութեան ու խաղաղութեան ուրախ ներկայութիւնը կը փնտռենք: Ես զիս կը համոզեմ: Փորձ մըն է: Կարծես, յուսահատութեան մը հարազատ ծնունդ: Ու միշտ եւ անմեղօրէն հարց կու տամ, արդար եւ անկեղծ հանդարտութեամբ.- ե՞րբ պիտի ցամքին մեր ժողովուրդի տառապանքի աղբիւրները: Արդեօ՞ք, տակաւին մեզի համար ինչե՜ր կան պահուած: Մեր հայութեան դէմ, ի՜նչ ծրագիրներ կան հիւսուած՝ ոճիրներով, տառապանքներով, ատելութիւններով, մահերով եւ սէրերով լեցուն այս աշխարհի ծոցին մէջ: Չեմ գիտեր: Դուք ըսէ՛ք:
Այս օրերուն մեր պապենական երկինքէն, սեւ տախտակ մը կախուած է, որուն վրայէն սրբուած են կեանքին ու պատմութեան բոցավառ գիրերը: Բայց լաւ յիշեցէ՛ք, Արցախը, իր ժողովուրդին հետ միասին, իր նոր պատմութիւնն է, որ կը գրէ հարիւրաւոր զաւակներու արիւնով: Աստուած իմ, տակաւին ինչե՜ր կան գրուած, չգրուած եւ տակաւին գրուելիք: Բայց անպայման պիտի գրուի պատմութիւն մը, ուր պատիւի եւ վստահութեան, հաւատքի եւ մահուան ընդմէջէն պիտի կրնանք կարդալ յաղթանակի մեր երգը: Որովհետեւ կը հաւատամ, որ վերջ ի վերջոյ, ամէն բան վերջ մը ունի կամ անպայման պիտի ունենայ: Յաւիտենական ոչինչ կայ բացի՝ Ամենակալէն: Ուստի այս վիճակն ալ իր վերջակէտը պիտի գտնէ: Օր մը, ուշ կամ կանուխ, այս մահ հնձող փոթորիկը պիտի մեռնի ու իր վախազդու եւ կատաղի ալիքները պիտի քնանան ու նոյնիսկ վայրագն ու դահիճը պիտի վախնան մեր հարուածներէն, մեր անէծքներէն աւելի: Ապա պիտի գայ ժամանակը, ուր հայ մարդիկ իրենց շինարար ձեռքերը պիտի շարժեն նորակերտելու մեր այս երկիրը: Օր մը դարձեալ, այդ դահիճներու ականջին պիտի երգուին մեր ազգին երգերը, աւելի խանդավառ եւ բարձրաձայն:
Այս բոլորը պիտի կատարուին հայերու համախմբուած եւ միասնական իրավիճակով: Նաեւ կը հաւատամ, որ օր մը մահուան այս ծանր հպումէն ետք, ազգային վերաշինութեան յաղթական քայլերը պիտի ճեղքեն պատերազմի աղմուկը, եթէ իսկապէս մենք բոլորով հետեւինք այս բոլորին: Ցոյց պիտի տանք համայն աշխարհին, թէ այս հայը, որուն կեանքը միշտ լեցուն է տխուր եւ ուրախ անակնկալներու երկար ու կարճ շարքերով, ոչ կայուն, ուղղակի փոփոխական, դիմագրաւելով ճակատագրի հարուածները, պիտի զարմացնէ այս աշխարհը: Որովհետեւ մեր միասնականութիւնն է մեր անվտանգութեան եւ յաղթանակի գրաւականը: Նաեւ որովհետեւ, այս ա՛յն նոյն հայն է, որ վեց դար սպասելէ ետք, տակաւին հարիւր տարի առաջ հայրենիք ստեղծած է եւ որ այս օրերուն անտարբեր չէ կեանքին եւ մահուան նկատմամբ: Որովհետեւ ան դարձած է զինուոր: Եղած է բռունցք, խոր գիտակցութեամբ եւ Արարատը լուսաւորող գաղափարով: Հայու հոգին սրբութիւն է եւ այս օրերուն Սարտարապատն ալ ականջ դրած մտիկ կ’ընէ մեր սրտի զարկերուն եւ հեւքին: Ազատութեան ձայնը լեռնէն դէպի վար հոսող աղբիւրի նման յստակ կը հնչէ բոլորին հոգիներուն մէջ:
Մենք հայ ենք, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքներու տարածքներուն եւ մեր հոգին ամէն տեղ է, ազատութեան եւ յոյսի կարգերով համադրուած: Մենք նոյնիսկ գիտենք յոյսի լարերը թրթռացնել: Թէեւ դէպքերը, մեր զինուորներու եւ անմեղ քաղաքացիներու զոհերը, աւերակ շէնքերու եւ փլատակած բնակարաններու եւ քաղաքներու աւերուած տեսարանները կը մրճահարեն մեր մարմիններն ու կը սարսափեցնեն մեր մտքերը, բայց միւս կողմէ հայու խիզախութիւններն ու անպարտելի կամքը եւ ցարդ տարած յաղթանակներն ու հերոսութիւնները, կը բոցավառեն մեր երակները: Հայը չի կրնար ինքզինք ուրանար: Յատկապէս այս օրերուն: Ուստի պէտք է ան հաւատարիմ մնայ իր ժողովուրդին, որ կը հաւատայ արդարութեան յաղթանակին: Միամիտ հաւատք պիտի ըսէին, շատեր հիմնուելով այն վարկածին, թէ արդարութիւն չկայ այս աշխարհի մեծ ու փոքր եւ բազմալեզու բառարաններուն մէջ:
Բայց մենք, որոշած ենք իրագործել մեր պատմական ճակատագիրը: Որովհետեւ շնորհիւ մեր գերագոյն ճիգերուն, մեր արեան այս անժամանակ հոսքը շուտով պիտի դադրի եւ յաղթանակը պիտի գտնէ մեզ: Ու շնորհիւ հայու բռունցքի հարուածներուն, ան պիտի փաստէ, որ արդարութիւնը յաւիտեան չի կրնար իր երեսը մեզմէ ծածկել եւ օր մը անպայման պիտի կանգնի մեր դրան սեմին: Այս բոլորը կ’ըսեմ խորունկ հաւատքով եւ զգացումով, որովհետեւ մեր երազը սերունդէ սերունդ մեզի հետ քալած է եւ կը քալէ: Մեզի հետ կ’ապրի: Մեզի հետ կը շնչէ: Անոր համար չենք ուզեր որ մեր երկիրը ուրիշներու դռներուն առջեւ, իբրեւ անտունի եւ կամ մուրացկան շրջի:
Մենք ենք մեր հողերու տերէրը եւ պիտի մնանք այն ժողովուրդը, որ կը հաւատայ իր ուժին եւ նպատակի սրբութեան:
ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ: