Նորաբաց «Հայ մտքի դպրոց» հայագիտական կենտրոնի արեւմտահայերէնի խմբի ուսանողները ոչ միայն սովորում են արեւմտահայերէնի քերականութիւնը, այլեւ գործնականում կիրառում են այն, այս ծանր պատերազմական աւրերի հերոսական դրուագներից ոգեւորուած՝ գրում են փոքրիկ պատմուածքներ՝ հէնց արեւմտահայերէն։ Դրանք, իմ կարծիքով, ոչ միայն ոգեւորիչ են՝ որպէս մերաւրեայ հերոսապատումի գեղարուեստական կտորներ, այլեւ Հայաստանում արեւմտահայերէնը գործուն կերպով պահպանելու հայաստանցի մեր երիտասարդների խոստումնալից ջանքեր են։
Լուսինէ ԱՎԵՏԻՍԵԱՆ
ԼՈՒՐԸ
Գարնան պայծառ աւր մըն էր. մեր գեւղի կառատունէն դուրս ելաւ հանրակառք մը։ Հանրակառքին մէջ հաւաքուեր էին գարնան վերջին զաւրակոչի զինուորները։ Անոնց մայրերը հեռուէն կը նայէին հեռացող կառքին, որ իրենց տան ճրագները կը տանէր դէպի հայրենի մեծ տան սահմանները։ Անոնք, ըստ աւանդոյթի, ջուր կը շաղէին զինուորներուն ետեւէն։ Անյիշելի ժամանակներէն այդպէս բարի ճանապարհ կը մաղթէին հեռացողներուն։
Մարկոսեաններու ընտանիքի միակ արու զաւակը նոյնպէս զաւրակոչուածներուն մէջ էր։ Ան ալ հպարտութեամբ կ’երթար հայրենիքը պաշտպանելու։
Քանի մը ամիս էր, որ տղան կը ծառայէր, սակայն մայրը վայրկեանները կը հաշուէր, թե երբ որդին տուն պիտի դառնար։ Թե եւ ամէն բան ալ աղեկ էր, սահմանները յարաբերաբար խաղաղ էին, սակայն մայրը անհանգիստ անհամբերութեամբ կը սպասէր որդւոյն վերադարձին։ Ամբողջ ընտանիքը ամէն աւր կը խաւսէր զաւակին հետ, ամէն աւր անոր ձայնը կը լսէին ու քիչ մը կը հանդարտէին։
Սակայն փխրուն եւ վախուորած խաղաղութիւնը երկար չտեւեց. աշնան պայծառ առտու մը պայթեցաւ պատերազմը։
Լոյսը դեռ նոր բացուած էր, երբ Մարկոսեաններու տանտիրուհին պատերազմի լուրէն սարսափած՝ աճապարելով ինքզինք բակէն սենեակ նետեց եւ ամուսնոյն դիմեց դողդղացող ձայնով եւ արտասուքով լեցուն աչքերով.
– Հեռաձայնէ՛, Աստուած սիրես, ո՞ւր է զաւակս… սիրտս պիտի ճաթի, աճապարէ՛, կ’աղաչեմ, լուր մը, ձայն մը կ’ուզեմ զաւկէս…
Ժամերը կ’անցնէին, բայց զաւակէն լուր մը չկար։ Թշնամին ռումբեր կը ձգէր դէպի խաղաղ բնակավայրերն ալ, կը խորտակէր եկեղեցիներն ու տաճարները, մարդոց երազանքի բերդերը։ Ան սրբութիւն չունի, զայն շատոնց կը ճանչնանք։
Երեկոյեան, երբ մայրը, լուրի մը սպասելէն յուսահատ, կ’աղաւթէր, զանգի ձայնէ մը մեկէն սթափեցաւ։
Ձայնը, որ լսեց անմատչելի հեռուէն, հանդարտեցուց սիրտին անհանգիստ տրոփը, որ իր ձագը վտանգէն ազատելու նետուող հաւքի թպիրտին կը նմանէր։ Անկանոն, կցկտուր հարցումներու շարանին հետզհետէ կարգաւորումը յստակ կը պատկերէր անոր սրտագրութիւնը։ Մայրը հիմա արդէն գիտէ՝ որդին առաջնագիծ չեն տարած, ան թիկունքը կը գտնուի։
Ընտանիքը յաջորդ աւրը լուսաբացին խաղաղած՝ անցած էր ամէնաւրեայ գործերուն։ Գեւղացիները բոլորը արտ իջած՝ իւրաքանչիւրն իր գործը կ’ընէր, ճաշին ամէնքը կը խաւսէին ահաւոր սա իրավիճակէն, բոլորը անհանգիստ էին, ոչ ոք գիտէր, թե ինչ կը կատարուէր սահմանին։ Պահ մը, երբ վերստին լուռ իրենց գործը կ’ընէին, յանկարծ հեռուէն բարձր ձայներ լսուեցան։ Բոլորը մեկէն շտկուեցան, վեր ելան, ձայնին կողմը դարձան։ Գեւղի տղաքն էին, լուր բերած էին։
Անոնք «Մարկոսեան Եդգարը, Մարկոսեան Եդգարը» պոռալով կը վազէին։ Մայրը, որ լսեց իր միակ, անոյշ զաւակին անունը, ամէն բան թողուց եւ սկսաւ չկանխազգացած, բայց շատ սպասելի, ուր որ է գլխուն թափուող «բաւթէն» լալ։ Բոլորը կարծեցին, թե տղուն բան մը պատահած է։
Տղաքը շտապեցին հանգստացնել գեւղացիները՝ մեկզմեկու հերթ չտալով, մեկը մեկէն առաջ իյնալով պատմեցին եղելութիւնը.
– Եդգարին բան մը չէ պատահած, մեզի՛ պատահած է…
– Մեր գեւղը նոր հերոս մը ունի…
– Եդգար հերոսի կոչում ստացած է…
– Թշնամիին տասը հրասայլերը խոցած է միս-մինակը…
– Նախագահն անձամբ արտասանեց անոր անունը, ես իմ ականջովս լսեցի…
Երեկոյեան պատկերասփիւռը հանդիսաւորապէս անընդմէջ կը հաղորդէր Եդգարի մասին լուրը, լրահոսերը կ’ունկնդրէին հպարտութեամբ։ Սակայն մայրը չէր հասկնար տեղի ունեցածը, կը շարունակէր զարմանալ, թե որդին ինչպէ՞ս տասը հրասայլ խոցած էր… թիկունքէն…
Լիաննա ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
17 տարեկան
«Հայ միտքի դպրոց»
հայագիտական կեդրոնի սան, Վաղարշապատ