
Իգնա Սարըասլան, Օննիկ Ֆըչըճեան, Զահրատ, Զարեհ Խրախունի,
Վարդան Կոմիկեան և Հակոբ Մնձուրի (նստած).
Կ.Պոլիս, 1975թ., լուսանկարել է Մարի Սարըասլանը:
Փրօֆ. Օշին ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Իսթանպուլահայ գրականութիւնը 20-րդ դարասկիզբին նոր էջ մը բացաւ հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ, իսկ 1950-ական թուականներուն հայ բանաստեղծութիւնը հասցուց բարձր մակարդակներու։
Շարժումին սկզբնական քայլերը առին Կարպիս Ճանճիկեան, Հայկազուն Գալստեան եւ Ա. Շաւարշ, ապա Երուանդ Կոպելեան, Մկրտիչ Հաճեան, Ժագ Իհմալեան եւ ուրիշներ, ոմանք իրենց քաղաքական, համայնավարական սկզբունքներուն համար հեռացան Թուրքիայէն եւ անցան Հայաստան, Մոսկուա եւ Եւրոպա։
Իւրայատուկ ոճ մը հիմնաւորուեցաւ եւ գրեթէ բոլոր գրողները որդեգրելով այդ ոճին յատկանիշները՝ ընդհանրապէս իրենց ներաշխարհը անկեղծօրէն դրսեւորեցին։ Այդ ոճը ազդուած էր այդ շրջանի թուրք եւ ռուս ժամանակակից մտաւորականներէն։
Իսթանպուլահայ այդ շրջանի գրողները կ’աշխատակցէին Կռունկ, Նոր Օր, Կոհակ, Ճառագայթ, Թօ, Անիւ, եւ մասնաւորաբար Մարմարա օրաթերթի գրական բաժինին եւ Մխիթարեաններու Սան հանդէսին։
1950-ական թուականներուն արդէն շատեր սկսած էին հրատարակել իրենց բանաստեղծութիւնները գրական թերթերու մէջ՝ ներշնչուելով եւ քաջալերուելով մասնաւորաբար Զահրատի արձանագրած յաջողութիւններէն, ինչպէս նաեւ Զարեհ Խրախունիի, Վարդ Շիկահերի, Անդան Էօզրի, Օննիկ Ֆըչըճեանի ստեղծագործութիւններէն։ Այս շարժումը նոր ոճ մը մտցուց հայ գրականութեան մէջ եւ սկսաւ բարձր մակարդակով սքանչելի նորաշունչ գործեր հարատարակել։
Իգնա Սարըասլան այդ ակնառու խմբակին վերջին փայլուն աստղն է որ զանազան մրցանակներու արժանացած է։ Դժբախտաբար քիչ արտադրած է, բայց միշտ իւրայատուկ ներհայեցողութեամբ եւ բարձրորակ մակարդակով։ Եւ ցաւալի է որ իրմէ ետք ուրիշ որակաւոր հայերէն գրող անձ պիտի չգտնուի Իսթանպուլի մէջ, որովհետեւ հայ մամուլին մէջ նոր անուններու չես հանդիպիր եւ տեսնելով որ հայկական վարժարանները դժուար թէ կարենան այդ մակարդակի հունձք պատրաստել։
Տոքթ. Իգնա Սարըասլան ծնած է Իսթանպուլ 1945-ին եւ նախակրթութիւնը ստացած է Արամեան-Ունճեան Վարժարանին մէջ։ Բժիշկ վկայուած է 1969-ին եւ ապա մասնագիտացած է որպէս միզաբան-բժիշկ 1976-ին։ Իր կինն ալ բժշկուհի է։
Փոքր տարիքէն սկսած է բանաստեղծութիւններ գրել եւ իր առաջին հատորը լոյս տեսած է 1974-ին «Լօ» խորագիրով երբ ինք տակաւին 30 տարեկան էր։ Այս հատորը լուրջ հետաքրքրութիւն ստեղծեց իր անունին շուրջ՝ տարբեր քաղաքներու մէջ որպէս բաձառիկ բանաստեղծութիւններու փունջ մը եւ արժանացաւ Հ.Բ.Ը. Միութեան Ալեք Մանուկեան Հիմնարկի Գրական Բաժինի Ա. մրցանակին։
20 տարի ետք լոյս ընծայեց «Քառասմբակ Սէրերով» Բանաստեղծութեան երկրորդ հատորը, որ արժանացաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հայկաշէն Ուզունեան Մրցանակին։
Հայաստանի մէջ 1995 թ. իր առաջին երկու հատորներէն քաղուած հաւաքածոյ մը լոյս ընծայուեցաւ «Լօ» անունով։
Ստացած է նաեւ Փարիզի Սարգիս Պօղոսեանի «Կիյոմ Ափոլինէր» մրցանակը երբ ինք տակավին 17 տարեկան էր։
1998-ին հրապարակ իջաւ «Սիրոյ Գոյնը», իր երրորդ գիրքը որ ինծի տրամադրեց Իրանահայ գրող Խաչիկ Խաչեր, որ այժմ Լոս Անճելըս կը բնակի։
«Սիրոյ Գոյնը» գիրքը պատրաստուած է 1998-ին Մուրատ Օֆսէթ տպարանին մէջ, Իսթանպուլ, 6 մասերու բաժնուած՝ 35 բանաստեղծութիւններով, 55 էջերու վրայ տարածուած։ Աշխատանքին կէսը գրուած է 1990-1997 շրջանին, իսկ ոմանք թուական չունին։ 2-էն 9 տողերով 13 գործեր կան մնացեալները քիչ մը աւելի երկար գրուած են։
Գիրքը ամբողջութեամբ սիրոյ մասին է ինչպէս նաեւ իր նախորդ գործերը։ Ամէն էջ սէր կը բուրէ - անապական սէր մարդկութեան եւ հայութեան հանդէպ, անխարդախ սէր կնոջ նկատմամբ, եւ ապրուած՝ բոլորին մէջն ալ զգալի է, այնքան պարզ կերպով, պատկերներով ագուցուած, նրբաճաշակ սիրոյ բոլոր երեսները՝ միշտ ու միշտ ճշգրիտ Հայերէնով ցոլացող։
Սարըասլան ընդհանրապէս քիչ բառեր կը գործածէ, նաեւ կարճ, բայց լիակատար իմաստով, եւ քանի մը տողով իր հարուստ ներաշխարհը եւ միտքը լռիւ կ’արտայայտէ, այսպէս –
Պրիսմակ
Պրիսմակը կը բեկանէ
Ճառագայթները դէպի խարիսխ
Իմ պրիսմակս
Քեզ կը բեկանէ
Դէպի սիրտս։
Թէեւ չեմ ճշտած բայց հաւանական է որ Սարըասլան բաւական կ’աշխատի իր քերթուածներուն վրայ, որովհետեւ կ’անդրադառնաս իր հոգեվիճակին երբ կը տեսնես որ ճշգրիտ բառեր կը գտնէ, դիպուկ պատկերներ կու տայ, կարճ ու կտրուկ կերպով կ’արտայայտուի, ու մանաւանդ պարզ մօտեցումով եւ գեղեցիկ պատկերներով կը ներկայացնէ իր ներաշխարհը, իր ապրած առօրեան, ինչպէս խորագիրները ցոյց կու տան – «Պապ Քաֆէթերիա», «Հին Թանկօ մըն է Հիմա Օրթագիւղը», «Այդ Օրերուն» եւ ուրիշներ։
Ահաւասիկ հաճելի եւ իմաստալի երեք տողերով գրուած բանաստեղծութիւն մը –
Կողմնացոյց
Դուն իմ բեւեռս ես
Ես սիրոյ կողմնացոյցը
Սլաքս միշտ քեզի կ’ուղղուի։
Ինչպէս կը նկատէք, ազատ տաղաչափութեան կը հետեւի, բայց ձայներու օգտագործումը այնքան պարզ կերպով կը փոխանցէ իր յուշերու ներաշխարհը.
Այդ օրերէն ինծի
Այդ օրերէն մեզի
Որքան շատ բան
Կամ որքան քիչ բան մնաց։
Սարըասլան թարգմանուած է 14 լեզուներու՝ կրկին ապացոյցը տալով իր ստեղծագործութիւններուն համամարդկային բնոյթին եւ իր տաղանդին, նաեւ զանազան ժողովուրդներու հետաքրքրութեան ծիրին մէջ մնալու իրականութիւնը դրսեւորելով։
Երբեմն կը գրէ թուրքերէն քերթուածներ որոնք հրատարակուած են թրքական գրական պարբերաթերթերու մէջ, մանաւանդ թրքական դասագիրքերու մէջ։ Թուրքիոյ Գրողներու Միութեան միակ Հայ անդամն է։ Անդամ է նաեւ Համաշխարհային Գրողներու Միութեան Պատուոյ Խորհուրդին (Pen Club)։
Ինծի համար մեծ հաճոյք էր իրեն հանդիպիլ Իսթանպուլի մէջ 2010-ին Յունուարի առաջին օրերուն երբ այցելած էի ելոյթներ ունենալու եւ ինք ներկայ էր դասախօսութիւններէս մէկուն՝ Մխիթարեան Վարժարանին մէջ։