«Ինչ պիտի ըլլայ այս վիճակը, ինչ պիտի ըլլայ ասոր վերջը, աս ինչ փորձանք էր, բանտարկութիւն, Աստուծոյ պատիժը, աշխարհի վերջը…»:
Չեմ գիտեր ինչո՞ւ «Ողբ Կորոնայի» անուանումը տուի ձայներիզի վրայ արձանագրուած կրկներգի նման մօրս ամէնօրեայ հեռախօսային զրոյցներուն: Ի դէպ ութսունհինգամեայ մայրս` աշխոյժ ու պարտաճանաչ տանտիկին, ճաշն ու դասաւորումները ընելէ ետք, սուսիկ-փուսիկ կը վերցնէ իր աղօթագիրքերը անհատնում աղօթքներով իր բարոյական օգնութիւնը մատուցելու դժուարութեանց մէջ եղող բոլոր հարազատներուն: (Աղօթագրքեր, որոնք առաջնային տեղ գրաւեցին իր պայուսակին մէջ մեր կիսափուլ տունէն դէպի ժամանակաւոր կայքի չորս հանգրուաններ, ապա հայրենիքի մէջ սեփական տուն տեղափոխուելու ընթացքին):
Թագավարակը թէ պսակաւոր ժահրը (ի պատիւ կորոնավիրուսին շնորհուած անուններուն, որոնց համար ալ մեր հայագէտները ինչպէս միշտ իրար հակասեցին, իսկ ես ոչ մէկը չվիրաւորելու միտումով կ’օգտագործեմ բոլորը) Հայաստանի սահմանէն ներս սպրդելէ առաջ ալ մայրս հազուադէպ տունէն դուրս կու գար: Մեկուսացումը իրեն համար նորութիւն չէ, բայց չեմ հասկնար ինչու նոյն նախադասութիւնները, նոյն ափսոսանքը անդուլ կը հնչեն, հաւանաբար շրջապատի իրավիճակին հետ հոգեւոր համագոյութիւն ու միասնութիւն պահպանելու:
Ու «Ողբ Կորոնան» հնչեց… Վարակը աննախատեսելիօրէն տարածուեցաւ, ի հեճուկս երկրի ղեկավարներու կողմէ գործ դրուած բազմազան ջանքերուն, հիւրանոցային փառաւոր մեկուսացումներուն ու յատկապէս բուժաշխատողներուն հերոսական-շնորհակալ նուիրումին:
Վարակի առաջին օրերու անտարբեր էի խուճապին: Վերջին տասնեամեակի ընթացքին մեր առօրեայէն ներս անակնկալներն ու փոփոխութիւնները այնքան այլազան էին, որ բոլոր երեւոյթներու հանդէպ զսպուած մօտեցում կը ցուցաբերէի: Մեր տան վրայէն սուրացող հրասանդներէն, գետինը ցնցող դղրդիւններէն, խլացնող պայթիւններէն աւելի ահաւոր չէր այդ աներեւոյթ թշնամին… Իսկ երկրի առողջապահութեան նախարարին «պարզ կռիփ» որակաւորումը քաջալերանք էր անտարբերութիւնս հիմնաւորելու: Հետեւաբար շարունակեցի երթուղայինով երթեւեկել, կողքկողքի ու երբեմն գիրկգրկի` «նեղ ըրէ, տեղ ըրէ» նշանաբանով, առանց դիմակի, առանց ձեռնոցի: Յետոյ եղան զգուշացումներ շրջապատէն, արտերկրի բարեկամներէն` «Հարցը լուրջ է… ՈՒՇԱԴԻՐ»: Լրջացան նաեւ պետական մօտեցումները… կռիփի ու կծող շան հանդէպ վերաբերմունքը հիմնովին այլափոխուեցաւ:
«Մնա տանը» թելադրանքը ահազանգեց: Այս մէկը առիթ էր ինքնամփոփուելու, ինքնազննման, ընթերցելու, երբեմն մուսաները հիւրընկալելու եւ ստեղծագործելու բերկրանքը վայելելու, լոյս ընծայելու նոր գիրք մը պատրաստելու, առցանց աշխատելու: Ու զուգահեռ վիրուսի մասին օրուայ թարմացած լուրերը լսելու: «Վարակուածների, բուժում ստացողների, փաստացի առողջացողների, թեստաւորուողների թիւեր, մահացողների…»: Հակառակ նախազգուշացումներուն վարակուածներու թիւերը զգալիօրէն կրկնապատկուեցան, մահերը եւս:
Կորոնա-պացիենտ-ները բազմացան: Ես չեմ ըմբռներ թէ ինչո՞ւ անգլերէն patient այս բառը փառաւոր տեղ գրաւեց մեր ոսկեղենիկի «հիւանդ թէ բուժառու» բառը ոտնահարելով եւ հնչելով ամէնուրեք, պետական այրերէն մինչեւ լրատուական միջոցներու տեղեկատուութիւններուն մէջ… ու կը մտածեմ մայրս «հիւանդաց բժշկութիւն» պիտի աղօթէ թէ՞ «պացիենտաց բժշկութիւն» որպէսզի օրուայ շունչով հնչէ աղօթքը. ուրեմն մեր դարաւոր աղօթքներն ալ պարտաւոր ենք ձեւափոխել, ինչպէս կը ձեւափոխուի նոր սերունդի մտայնութիւնը ընկալելով այլասերումը, սեռափոխման տարածումը եւայլն, եւայլն:
Ո՞վ է պատասխանատուն վարակի տարածման, մեծ պետութիւններ անկարող են դիմակայել կորոնավտանգը, ալ ուր մնաց մեր «Նոր, Թաւշեայ, Փխրուն, Փոքրիկ Հայաստանը»: Վարակի հանդէպ զգալի անտարբերութիւնը առկայ է, հաւաստիացնողներ կան թէ հայու կէնը նման վարակ չընդունիր… Ուրեմն այդ է պատճառը, որ խորհրդարանէն մինչեւ փողոց ու սգոյ տուն, երեսփոխան, աշխատաւոր, տարեց, երիտասարդ, պատանի անտեսելով սոցեալական հեռաւորութիւն կը ծեծկտուին, կը գրկախառնուին, կը ձեռնուին: Զգո՜յշ սակայն պարետային նոր որոշումներ կան, իրավիճակը լուրջ է: Երկու ամիս անդիմակ, անձեռնոց թափառելէ ետք, հիմա դիմակ (ճիշդը դնչակալ պիտի ըսեմ) կրելը պարտադիր դարձաւ, փորձն ու հետեւողականութիւնը հասցուց այդ եզրահանգման:
Թէեւ Աւստրալիոյ բժշկական համակարգը գիտական հիմնաւորումներով բացարձակապէս արգիլած է իր քաղաքացիներուն դիմակ կրելը, մենք պիտի կրենք զանազան գոյնի, որակի, լուացուող թէ միանգամեայ գործածելի դնչակալները` քթին վրայ, քթին կամ ծնոտին տակ սահած, մէկ ականջէն կախուած… պիտի կրենք նոյնիսկ երբ սենեակի մէջ ոչ ոք կայ, պիտի կրենք որովհետեւ հարցը սկզբունքային է ու մենք հպարտ բայց հնազանդ քաղաքացիներ ենք:
Մօրս հեռախօսը կը զնգզնգայ, աչքի պոչով կը դիտեմ, ան արդէն ինքնուրոյն գլուխ կը հանէ մատին տակէն փախչող գնդիկը սահեցնելու ու կապը հաստատելու: Կը սպասեմ «Ողբ Կորոնային», մտովի թելադրելով «մա՛յրս, արձանագրէիր որ նոյն բառերը չկրկնէիր», բայց ի զարմանս.
– Ա՜խ կարօտցայ, գայիր միասին սուրճ խմէինք… կը լսեմ անկեղծ հառաչանքը:
Կարօտն է հիւր ընդունելու, հիւրասիրելու: Այո՛, կ’անդրադառնամ մէջս խլրտացող այլ կարօտներու կողքին գլուխ բարձրացուցած է բնականոն կեանք վարելու կարօտը: