Ա.
Ձմեռը թերեւս այնքան չենք անդրադառնար, բայց ամառը յաճախակի առիթներ ունինք նշմարելու: Բնութիւնը ապականած է: Այլ խոսքով բնութիւնը դադրած է բնութիւն ըլլալէ, որովհետեւ բնութիւնը ինքնին գեղեցկութիւն ու մաքրութիւն կը նշանակէ: Կը խաբուի՞նք արդեօք, կամ մենք մեզ կը խաբե՞նք արդեօք, երբ կը մտածենք, թէ անցեալի մէջ այնպէս չէր, թէ մեր մանկութեան օրերուն ծովուն ջուրը ըմպելի ջուրի նման ջինջ էր, օդն ալ` մաքրամաքուր: Ծառերը մէկ կողմէ աշխարհի ամէնէն համեղ պտուղները կուտային եւ միւս կողմէ աշխարհի ամենագեղեցիկ տեսարանները կը պարզէին: Դաշտերուն մէջ խոտերը կոյս էին, կարծես տակաւին հիմա հողէն դուրս ժայթքած էին, եւ երբեք ոտնակոխ չէին եղած: Հովը որ կը փչէր ու կուգար մեր երեսը գգուելու, միայն ծաղիկներու բուրմունք կը բերէր մեզի, եւ երբ իրիկունը ման կուգայինք պարտէզներու մէջ, ծղրիթներու ձայնն անգամ երաժշտութեան նման կը հնչէր մեր ականջներուն մէջ: Կարծես աստղերը տարբեր փայլ մը ունէին, կամ երկնակամարէն սահող-գացող ամպերը լուացուած, մաքրուած ու սանտրուած բուրդի չափ կակուղ էին ու մաքրամաքուր:
Այդպէ՞ս էին իրապէս, թէ ոչ մեր յիշողութիւնն է որ կը խաբէ մեզ:
Ես կʼըսեմ որ մեր յիշողութիւնը չի խաբեր մեզ: Բնութիւնը ավելի մաքուր էր ոչ միայն ասկէ երեսուն, քառասուն տարի առաջ, այլ նոյնիսկ երկու օր առաջ, կամ տակաւին երէկ: Ճիշդ է այն վարկածը, թէ բնութիւնը դարերէ ի վեր տեւաբար կը պայքարի մարդու ձեռքով կատարուած ապականումէն ինքզինք մաքրելու ու ատոր դէմ ինքզինք պաշտպանելու համար: Բնութեան ամենագեղեցիկ ու ամենէն հրաշալի կողմն է այս: Ինքզինք նորոգել ու ինքզինք պաշտպանել ընդդէմ մարդոց եւ ապրող բոլոր միւս էակներուն, որոնք շարունակ կʼապականեն զայն: Բայց ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ ապրիլը կը նշանակէ ապականել: Եթէ պիտի ապրինք, անխուսափելիօրեն պիտի ապականենք մեր շուրջբոլորը: Մաքուր օդը պիտի առնենք եւ ատոր տեղ աղտոտ օդ պիտի արտաշնչենք: Պիտի ուտենք բնութեան ամենագեղեցիկ սննդեղէնները եւ անոնց կեղտոտ ու աւելորդ մասերը դուրս պիտի շպրտենք: Պիտի կոխոտենք ամենագեղեցիկ խոտերը ու պիտի չորցնենք անոնց արմատը: Պիտի փրցնենք ծաղիկները ու երեք օր վերջ աղբանոց պիտի նետենք զանոնք: Աղբանոցները, որոնք ծնունդ պիտի առնեն մեր տուներուն մէկ անկիւնէն, հետզհետէ պիտի մեծնան, պիտի խոշորնան ու պիտի սկսին գրաւել ուրիշ սենեակներ ալ, յետոյ ամբողջ շէնքը, յետոյ պիտի յորդին դէպի փողոց, գետի նման պիտի հոսին փողոցներուն մէջէն եւ պիտի տարածուին ամբողջ երկրագունտին վրայ: Պիտի կտրենք ծառերը ու անոնցմէ տուն պիտի շինենք, թուղթ պիտի շինենք, անոնցմով կրակ պիտի վառենք, ու բոլորին աւելցուքները պիտի յանձնենք օդին կամ ծովուն: Պիտի վառենք մեր կրակարանները, պիտի վառենք ջեռուցման մեր կաթսաները եւ մէկ կողմէն անոնց ծուխերն ու մուխերը պիտի ղրկենք մեր դրացիներուն, միւս կողմէն ալ անոնց աւելցուքները պիտի թափենք փողոց: Աղբահաւաքները ամէն օր անձանձրոյթ աղբ պիտի հաւաքեն եւ զանոնք պիտի թափեն ուրիշ տեղ մը, երկրագունտին վրայ հետզհետէ կազմաւորելու ու գոյացնելու համար աղբի կեղեւ մը: Եւ ամէն առաւօտ մենք մեր աչքերը պիտի բանանք երէկուրնէ մինչեւ այսօր քիչ մը եւս ապականած աշխարհի մը մէջ:
Եւ այս բոլորին փոխարէն, բնութիւնը ամէն գիշեր գործի պիտի լծուի մեր ապականածը մաքրելու, այսինքն նորոգելու ու դարմանելու համար: Օդին մէջ պիտի հալեցնէ մեր արձակած ծուխերը, մեր կտրած ծառերուն տեղ նոր ծաղիկներ պիտի հասցնէ, կոխկրտուած մարգերուն ու խոտերուն գլուխները դարձեալ պիտի բարձրացնէ, փողոց նետուած մեր աղբերը պիտի հալեցնէ ու անոնցմէ ածուխ կամ հանք պիտի շինէ, մեր կոյուղիներէն հոսող գացող աղտեղութիւնները օգտակար աղբիւսներու ու պարարտացուցիչներու պիտի վերածէ, մեր ցամքեցուցած աղբիւրներն ու ջրհորները դարձեալ ջուրով պիտի լեցնէ, մեր չորցուցած հողերը կրկին պիտի խոնաւցնէ ու պարարտացնէ եւ անոնց արգանդը պիտի յղացնէ նոր բարիքներով:
Բայց բնութիւնը պիտի կարենա՞յ լրիւ գլուխ հանել այսքան մեծ մաքրագործում մը: Ի՞նչպես կարենայ գլուխ հանել, քանի որ երբ ան մէկ կը մաքրէ, մենք տասը կʼաղտոտենք: Երկրագունտին բնակչութեան թիւը շարունակ կʼաճի: Հարիւր տարի առաջ, հազար տարի առաջ քանի՞ հոգի էինք, այսինքն քանի հոգիով կʼապականէինք բնութիւնը, եւ այսօր քանի՞ հոգի ենք: Հազար տարի առաջ ունէի՞նք ապականման բոլոր գործիքները, զորս ունինք այսօր: Չունէինք: Այդ շրջաններուն մենք եթէ մէկ կʼապականէինք, բնութիւնը տասը կը մաքրէր: Այսօր համեմատութիւնը շրջուած է: Եւ բնութիւնը, օրը քսանըչորս ժամ աշխատող գործարանի մը նման, լրիւ աշխատելով հանդերձ, այլեւս չի հասնիր մաքրելու մեր ապականածը: Մենք կրնա՞նք պակսեցնել ապականման մեր գործիքները: Մենք կրնա՞նք կրճատել մեր բնակչութեան թիւը: Մենք կրնա՞նք ապականելու մեր թափը գոնե հաւասարեցնել բնութեան մաքրագործելու թափին:
Բնութիւնը այն անտեսանելի աղբահաւաքն է, որ դարերէ ի վեր ամէն գիշեր, երբ մենք քուն կը մտնենք, փողոց կʼիջնէ ու փողոցները կʼաւլէ իր հրաշագործ աւելով:
Բայց ան ալ յոգնեցաւ, որովհետւ կը տեսնէ որ փողոցը ամէն գիշեր քիչ մը աւելի աղտոտ է եւ իր աւելն ալ այլեւս պզտիկ կը մնայ այսքան շատ աղտոտութեան դիմաց:
Բ.
Շաբաթը մէկ կամ երկու անգամ բարեկամ մը զիս կը հրավիրէ իր զբօսանաւով ծով բացուելու, ծովային շրջապտոյտ մը ընելու, մանաւանդ ծովու լոգանք առնելու: Միասին դէպի դիմացի ափերը կը նաւարկենք, յետոյ կը շրջինք Վոսփորի մէկ ծայրէն դէպի միւսը, կը մտնենք մեզի ծանոթ մէկ երկու ծովածոցերէ ներս, կը փնտռենք ծովածոց մը, ուր ջուրը մաքուր ըլլայ, ուր ուրիշ զբօսանաւեր եկած չըլլան, ուր հովը թեթեւ փչէ, կարճ խօսքով, բնութիւնը պահած ըլլայ իր ամբողջ գեղեցկութիւնը:
Անցեալ օր բարեկամս դարձեալ հրաւիրեց զիս:
– Եկուր, ըսաւ, երէկ նոր ծովածոցի մը գիւտը ըրինք: Հիանալի անկիւն մը, իսկական դրախտ մը: Կարելի չէ նկարագրել թէ որքան գեղեցիկ էր: Բլուրներով կտրուած փոքրիկ ու անմարդաբնակ ծովափ մը, ուր կարծես մինչեւ այսօր մարդու ոտք չէր դպած: Ամբողջ բլուրը վերէն վար ծածկուած էր թուփերով, որոնք դեղին ծաղիկ բացած էին եւ որոնցմէ անդիմադրելիօրեն գեղեցիկ բուրմունք մը կը հասնէր մինչեւ մեր նաւը: Հարիւրաւոր թռչուններ կը գեղգեղէին, թուփերուն մէջ պար կը բռնէին: Երազային բան մը կար տեսարանին մէջ: Որոշեցինք այսօր դարձեալ երթալ հոն: Եկուր մեզ հետ:
Անմիջապես ընդունեցի: Եւ թէ ի՛նչ ուրախութեամբ: Բայց շարունակ ես ինծի հարց կուտայի թէ մեր անմիջական շրջանակին մէջ մնացա՞ծ էր տակաւին այնպիսի անկիւն մը որ դրախտ յիշեցնէր:
Շուտով հասանք:
Հեռուէն նշմարեցի արդէն դեղին ծաղիկները, որոնց մասին խօսած էր բարեկամս: Եւ երբ բաւական մօտեցանք ծովափին, արդէն բուրմունքը հասաւ ռունգերուս: Շնչեցի, երկար շնչեցի: Օտար ոչ մէկ գարշահոտութիւն կը խառնուէր ծաղիկներու այդ բուրմունքին: Ոչ գարշահոտութիւն, ոչ ծուխ, ոչ ալ մուխ: Քիչ մը եւս մօտեցանք ծովեզերք եւ վերջապէս նաւապետը խարիսխ նետեց, զբօսանաւը անշարժացուց:
Բարեկամս իրաւունք ուներ: Իսկական դրախտ մըն էր այդ, որուն կարծես մարդիկ տակաւին գիւտը չէին ըրած: Մերինէն ուրիշ ոչ մէկ զբօսանաւ կար այդ փոքրիկ ծովածոցին մէջ, մեզմէ ուրիշ ոչ մէկ մահկանացու, ոչ ծովուն վրայ, ոչ ալ ցամաքը: Ջուրը մաս-մաքուր էր եւ կը տեսնէի յատակի քարերը, հոսկէ հոնկէ խոյս տուող փոքրիկ ձուկերը: Բայց ինչ որ ամենէն տպաւորիչն էր, լռութիւնն էր: Բացարձակ ու կատարեալ լռութիւն մը, որ բաղկացած էր միայն բնութեան ձայներէն, ինչպէս թռչուններու դայլայլ, հովու թեթեւ շոյանք մը, եւ ծովու ջուրին քաղցր մրմունջը: Բնութեան բոլոր այս ձայները իրարու միանալով կը կազմէին հոյակապ լռութիւն մը, որուն դիմաց մարդկային ամէն աղմուկ սրբապղծութիւն կրնար նշանակել:
Մեր տրամադրութիւնը շատ բարձրացաւ եւ մենք շուտով այն տպաւորութիւնն ունեցանք թէ այլեւս այս բնաշխարհին նոր աստուածները կը նկատէինք: Կը շնչէինք մաքուր օդն ու ծաղիկներու բուրմունքը, զբօսանաւուն կամրջակին վրայ արեւու լոգանք կʼառնէինք, յետոյ ծով կը ցատկէինք ու կը լողայինք կոյս ջրերուն մէջ, մինչեւ մեր թոքերուն խորերը կը ծծէինք ծովուն ինքնուրոյն հոտը:
Մեզմէ մէկը առաջարկեց լողալ մինչեւ ցամաք: Հեռու չէր, ուստի սկսանք լողալ եւ արդէն շուտով հասանք եզերք, ուր շատ փոքրիկ աւազամաս մը կար, կարծես յատկապես մեզի սպասող: Սահուն քարերու վրայ կոխելով դժուարաւ ելանք ծովափ, նայեցանք մեր շուրջբոլորը, փնտռեցինք մարդու հետքեր, որոնք չկային եւ քանի մը վայրկեանի համար ուզեցինք նստիլ աւազներուն վրայ:
Ճիշդ այդ պահուն մեր ընկերակիցներէն մէկը ճիչ մը արձակեց ու մատովը ցոյց տուաւ օձ մը, որ քարերու ետեւէն յայտնուած էր եւ դարձեալ անհետացած էր ծովուն յատակի քարերուն միջեւ: Ցամաքի՞ օձ էր, օձաձո՞ւկ էր, չհասկցանք, որովհետեւ արդէն մենք չկրցանք տեսնել: Մեր ընկերակիցները վախցան, ուզեցին շուտով նաւ վերադառնալ, հազարումէկ վախով կոխեցին ծովուն քարերուն վրայ, մինչեւ որ ցամաքէն հեռացան ու լողալ սկսան:
Մինչեւ որ նաւ ելանք ու դարձեալ նստանք արեւուն տակ, ես ինծի հարց կուտայի. «Այս ի՛նչ հակասութիւն, սա օձը ի՞նչ գործ ունի այս համայնապատկերին մէջ: Օձ մը չի հակասե՞ր սա դեղին ծաղիկներուն կախարդանքին, անոնցմէ հասնող բումունքին, սա հրաշագեղ ծովուն եւ աւազին հմայքին: Այսքան գեղեցկութեան մէջ ինչո՞ւ այս տգեղութիւնը, այս վտանգը, այս թոյնը»:
Բայց յետոյ հասկցայ: Օձը կը խորհրդանշէր բնութեան ինքնապաշտպանութեան բնազդը: Օձը պահակն էր բնութեան կուսութեան ու անբծութեան: Բնութիւնը թերեւս դիտումնաւոր կերպով ամէն գեղեցկութեան եւ ապահովութեան քով դրած էր տգեղութիւնն ու վտանգը, որոնք պիտի պաշտպանէին այդ գեղեցկութիւնն ու ապահովութիւնը: Բնութիւնը մեզի դէմ էր որ կը պաշտպանէր ինքզինքը եւ օձը բնութեան աչքին, այնքան գեղեցիկ ու օգտակար էր, որքան սա դեղին ծաղիկը ու ծովուն ջինջ ջուրը:
«Քանի մը ծառեր անտառին մէջ»
ժողովածուից. 2009 թ.