Պերճուհի ԱՒԵՏԵԱՆ / ԴԷՊԻ ԱՐՑԱԽ

«Ղարաբաղ մի՛ ասէք, թուրքերէն բառ է, ասէ՛ք Արցա՜խ»,- Նանէն է, քնքոյշ բայց դրական ներքին պոռթկումներով լի մեր գրչընկերուհին:
Թուրքերէ՞ն, թրքական ապրանք, թրքաճաշակ երգեր… Ամէնուրեք. անցումի մը փոքր կրպակին առջեւ վաճառորդուհին ցուցադրուած հողաթափերը կը գովաբանէ.- «Որակաւոր ապրանք է, թուրքակա՜ն»:
Ուրեմն թրքականը որակաւոր է, իսկ մեր վարպետները արհեստներու քաջ գիտակ՝ որ հին ժամանակներէ ի վեր եղած են բոլորին վարպետները, նման ապրանք, հողաթափ, զգեստ, բրդէ վերնաշապիկներ պատրաստելու անընդունակ են… հազա՜ր ափսոս:

Դէպի Արցախ…
Ուխտագնացութի՞ւն… ինծի համար թերեւս արմատներու որոնում: Երբ փոքր ենք, պատանի կամ երիտասարդ կ’անգիտանանք մեր մեծերուն յուշերը պրպտելու, անոնց թաքուն ծալքերը իմանալու անհրաժեշտութիւնը եւ կը գոհանանք պատառիկներով, նոյնիսկ երբեմն դժկամելով լսել տխուր բաժիններ (իսկ հայու յուշերու մէջ տխուր բաժինները անխուսափելի են):
Հայրս կը պատմէր, թէ իր մեծ հայրը Ուրմիոյ շրջանի ջարդէն փախած է, հազարաւոր մղոններ կտրած հասած Իզմիր… Թէ այդ շրջանի հայերը եղած են Ղարաբաղէն գաղթած հայեր… Թէ իր մայրը (հօրենական մեծ-մայրս) Գոնիայի շրջանի Պուլտուր գիւղէն էր ու այդ գիւղի բնակչութիւնը նաեւ Ղարաբաղէն գաղթած, կը խօսէին Ղարաբաղեան բարբառով:
Յետոյ-յետոյ… հայրս՝ տակաւին մանուկ Իզմիրի ջարդէն փախչող իր ընտանիքին հետ պիտի հասնէր Յունաստան ու… յետոյ… յետոյ, քանի որ «յետոյ»ները շատ են ի վերջոյ գաղթական ընտանիքը պիտի հաստատուէր Հալէպ:
Ջարդ եւ գաղթ, հայու ճակատագիր ու ամէն կողմ թուրքի ձեռագիր:
Նոյն ձեռագրով, նոյնանման ճակատագրով պիտի գար ամենավերջին «յետոյ»ն, սուրիական պատերազմի պատճառով մեր ընտանիքի մէկ մասը վերադառնար հայրենիք:

Շուշիի Նարեկացի կեդրոնի հրաւէրով խումբ մը գրողներ կ’ուղղուինք Արցախ:
Հիանալի բնութիւն, ոսկի աշուն. «Այս հողէն թիզ մը անգամ չենք զիչի ազիրի թուրքին, այս սարերը, այս չքնաղ բնությունը…».- բոլորիս միտքին մէջ այս նոյնն է: Անկասկած (ինչքա՜ն արիւն թափուած է այս հողին վրայ, արիւնով վերագրաւուած, արիւնով շաղախուած ու անասելի զոհողութիւններով պահուած այս հողը)… Չէ՛ այդ մասին մտածելն անգամ դաւադրութիւն է, ԵՐԲԵ՛Ք:
Աչքերս յառած քակուող ճանապարհին կը փորձեմ գուշակել թէ ուր ապրած են նախնիներս:
«Ես ի՛մը, ի՛մը, ես ի՜մն եմ ուզում…» Սեւակի տողերը կը մրճահարեն ուղեղս:
Դարաւոր այս հողին վրայէն անցեր են պարսիկ խաներ, արաբներ, թուրքեր, գրաւած, ջարդած, կեղեքած… ներքին որդը եւս գործած է իր աւերը, հայ մելիքներ իրար հանդէպ անհանդուրժող, դաւաճան, ուրացող: Ժողովուրդը միշտ տուժող, հարստահարուող: Պատմութեան անիւը կը դառնայ, նոյնանման դէպքեր, հայը միշտ անհամերաշխ, իր ազգակցին հանդէպ դաւադիր եղած է եւ…(է), իշխանաւորները գոռոզ, մեծամիտ: Մինչ թշնամին դարանակալ օգտուած է առիթէն:
Ինքնաշարժը կը սուրայ, ոլորապտոյտ ճանապարհը եզերող սարերը ձիգ կանգնած զինուորներու նման կը հետեւին անխախտ պահելով անվերջանալի շարքը: Անոնց գագաթները շղարշող մառախուղը քնքշօրէն կը սահի պատրանքի շողը մեխելով մեր հմայուած աչքերուն խորը:
Արցախ… Ստեփանակերտ, Շուշի:
Նորակերտ սիրուն շէնքեր նաեւ կիսաքանդներ, ակամայ կը յիշեմ հրասանդերով կիսափլատակ Հալէպի մեր բնակարանը:
«Հոսկէ անցած է բարբարոս թուրքը»…
Նարեկացի կեդրոնի շէնքի մուտքին մեզ կը դիմաւորեն կեդրոնի տնօրէն պրն. Հայկն ու կենսուրախ, պատրաստակամ Մարիամը: Վերանորոգուած հին շէնքը գեղեցիկ արուեստանոց մըն է: Կարպետագործութիւն, կաւէ անօթներու պատրաստութիւն, նկարչութիւն եւ մշակութային ձեռնարկներ… իւրաքանչիւր անկիւն արուեստ կը բուրէ, իսկ կեդրոնի գործունէութիւնը վառ պահողները մշակոյթի ծառայելու պատրաստակամութեամբ նուիրեալներ են:
Պրն. Հայկը շատ երկիրներ շրջելէ ետք կայք հաստատած է Շուշիի մէջ (հաւանաբար իր տեսած այլ քաղաքներէն տարբեր հմայք մը գտնելով հոն): Մարիամը այս քաղաքի ծնունդ երիտասարդուհի իր արմատները կ’ուզէ անսասան պահել հայրենի հողին վրայ:
«Երբ օրական չորս ավտո անցներ մեր փողոցէն ուրախ կը թրվրայինք…»,- կը պատմէ ան:
Ներկայիս աւելի մեծ է թիւը ասֆալթապատ փողոցներուն մէջ երթեւեկող մեքենաներուն, բայց ամայութիւնը ճնշող է: Ես կը սոսկամ այն մտքէն թէ կեանքով լեցուն այս երիտասարդները թերեւս օր մը մտածեն աւելի աղմկոտ ու մեծ քաղաքներ ապրիլ:
«Ես կը սիրեմ իմ երկիրը»,- կը շարունակէ Մարիամ ու ես լայն շունչ կը քաշեմ:
Այս սուրբ հողին հանդէպ սէրը դերասանուհի Գայանէի եւ ուրիշներու աչքերուն մէջ ալ կը փայլատակէ:
Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ մոմեր կը վարեմ պատկերացնելով տեսաերիզը Շուշին ազատագրող ազատամարտիկներուն, որոնք իրենց եղունգներով վերագրաւելով այս քաղաքը, պահեստանոցի վերածուած եկեղեցիի սուրբ խորանին առջեւ ծնկաչոք աղօթեցին, արտասուեցին:
«Տէ՛ր, Եկեղեցիս Անշարժ Պահեա՛»…
Եկեղեցւոյ ներքեւ գտնուող փոքր սենեակին մէջ կանգնած՝ Գոհարը, մեր շնորհալի բանաստեղծուհին, մեղմ ու աղաչական կ’երգէ «Տէր Ողորմեա՛», «Հայր Մեր» եւ Արցախին բարօրութիւն կը մաղթէ: Ձայնի ալիքները կը բարձրանան, աւելի-աւելի հզօրանալով կը դառնան արձագանգ, աղաչանք, պահանջք…
«Եւ Դարձեալ զօրանայք՝ Դարձեալ Ի Պարտութիւն Մատնեսջիք, Զի Աստուած Ընդ Մեզ Է»…
Կը փորձեմ ձայնակցիլ, կոկորդս սեղմուած է: Փակ աչքերով կը խնդրեմ Բարձրեալէն, որ պահէ-պահպանէ այս երկիրը, քաղաքը խայտայ ժպտացող երիտասարդներով, երեխաներու ճիչն ու կանչերը լեցնեն այս հանդարտ ու դատարկ թուացող փողոցները, մարդիկ չթողեն այս սուրբ հողը եւ խաղաղութիւն տիրէ ամէնուրեք:
«Տո՛ւր Մեր Երկրին Խաղաղութիւն, Զազգիս Հայոց Սէր-Միութիւն»…
Ես վստահ եմ որ Հայոց Աստուածը ականջալուր է ու կը լսէ մեր աղօթքը, մեր սրտաբուխ մաղթանքները:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.