Վերջին հանդիպումը «Սօսէ Մայրիկի» հետ / Մովսես ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

«… Ես հիմա չեմ մտածում`
ինչպե՛ս արիաբար մեռնել:
Ես մտածում եմ, թե ինչպե՛ս
արիաբար ապրել»:
ԱՆՆԱ ՊԵՏՐՈՍՅԱՆ

Բնաւ ցանկալի չէր, որ այդ մէկը մեր վերջին հանդիպումը ըլլար, սակայն ի՞նչ կրնանք ընել, երբ Աստուած իր «թաքուն» հաշիւները ունի, իսկ բնութիւնը` իր «տարերային քմայքը»: Անոնք առանց ոեւէ մէկուս կարծիքը հարցնելու` անողաբար քեզ ալ բաժնեցին մեզմէ առ յաւէտ…
Այո՛, 2013-ի գարնան էր, երբ պատահաբար հանդիպեցանք, բանաստեղծ, գեղանկարիչ եւ հրապարակախօս Սվետլանա Յակոբեանին հիմնած ու ղեկավարած «ԴԱՐ» տարածաշրջանային Զարգացման եւ մրցակցութեան հիմնադրամի գրասենեակը, ուր ներկայ էր նաեւ արձակագիր, հրապարակախօս եւ լրագրող Լուսիա Մեհրաբեանը: Ան եկած էր զրոյց անցկացնելու ձեր երկուքի գրական-մշակութային համագործակցութեան մասին: Մեր հանդիպումը ջերմ էր, ինքնաբուխ ու վարակիչ: Անոնք զարմացած էին անոր համար, որ մենք ոչ միայն ծանօթներ էինք, այլեւ եղած էինք «գործընկերներ» ու նոյնիսկ` մտերիմներ: Շատ բան ունէինք խօսելիք, երբ նիւթէ նիւթ կ’անցէինք, յիշեցինք նաեւ ձեր տունը կայացած մեր հաւաք-ժողովները: Լուսիան առանձնապէս հետաքրքրուեցաւ ու իր հիմնած ու խմբագրած «Էկոնոմիկա» պարբերականի յաջորդ համարին մէջ գրեց. «…Երկու հայ մարդիկ յուզմունքով յիշեցին Աննա Պետրոսեանի յարկի ներքոյ հաւաքուող հայրենասիրական գաղտնի հաւաքոյթները, ուր յաճախ փոխանակում էին նաեւ ազգային արգիլուած գրականութիւն, ինչպէս` Պէյրութի «Բագին» ամսաթերթն ու այլ յեղափոխական գրքեր, քննարկում էին հարցեր, որոնցից շատերը, ո՛վ զարմանք, մենք այսօր արդէն որպէս իրողութիւն ունենք»:
Մտերիմներդ` Սվետլանան ու Լուսիան (այս վերջինը քու մասին «Ես արդէն վաղուց ծնուած էի» խորագրով գիրք գրած ու հրատարակած էր) կրկնակի զարմացած էին, որովհետեւ, դուն համեստաբար լռած էիր այս կարգի հայրենասիրական ու վտանգաւոր գործունէութեանդ մասին:
Սիրելի՛ Աննա, ես ալ իմ կարգիս զարմացած եմ քու համեստութեանդ վրայ: Ես գիտէի, որ ծնողներդ մշեցիներ էին, սակայն երբեք չէի լսած, որ հայրդ` Գրիգոր Տէր Պետրոսեանը եղած է կամաւոր ու կռուած` Հայկ Բժշկեանի ու Անդրանիկի խումբերու մէջ: Վերջերս պատահաբար հանդիպեցայ անոր նկարին` լուսանկարուած 16 տարեկանին իբրեւ կամաւոր: Անմիջապէս կապ պահեցի Նարինէին` դուստրիդ հետ եւ խնդրեցի յաւելեալ տեղեկութիւններ, իր մեծ հօր մասին: Ան էլեկտրոնային նամակով հետեւեալը ղրկեց ինծի, զոր այստեղ կը մէջբերեմ թեթեւ յապաւումներով:
«Ուղարկում եմ Աննայի հօր մասին փոքրիկ տեղեկութիւն եւ 2 նկար… Գրիգորը աջից առաջինն է` կանգնած: Գրիգոր Տէր Պետրոսեանը ծնուել է Մուշի Թէղուտ գիւղը: Մակար կաթողիկոսի եղբօր` Մխիթարի ճիւղից է: 16 տարեկանին միացել է կամաւորական հեծելազօրային մի ջոկատի, որի հրամանատարը Հայկ Բժշկեանն էր: Այս ջոկատը կռւում էր հայկական 6-րդ կամաւորական գնդի հետ: 1917-ին պոլշեւիկեան յեղափոխութեան լուրն առնելով, Բժշկեանը միանում է ռուսական զօրքին` ցարին գահընկէց անելու եւ յեղափոխութիւնը աւարտին հասցնելու համար անցնում է Կովկաս: Այդ ժամանակ Գրիգորը միանում է Անդրանիկի դէպի Էրզրում արշաւող զօրքին: Յետոյ որպէս թուաբանութեան ուսուցիչ աշխատանքի է անցել Ալեքսանդրապոլի Ամերիկեան որբանոցում: Տիրապետել է անգլերէնի»:
Հոս տեղին է յիշել դրուագ մը, որ դժուար թէ պատմած ըլլամ քեզի:
Փետրուար 1979, Երեւան: Խիստ ձմեռ էր: «Առիթը» Նարինէի ծնունդն էր: Ներկայ էին` Յակոբ Յակոբեանն ու կինը` Մարին, Ռազմիկ Դաւոյեանն ու կինը` Յասմիկը եւ ուստրը` Մհերը: Բիւրակ Չերազն (Վահան Չերազի աղջիկը) ու տղան` Վահանը, դերասանուհի Յասմիկ Տէր Կարապետեանը, Վազգէն Մանուկեանին կինը` Վարդուհին, Լութֆիկ Խաչատրեանը եւ ուրիշներ: Նմանօրինակ հաւաքոյթներուն, յաճախ հետս կը բերէի մօտիկ ընկերներէս ոմանց: Այս պարագային ներկայ պիտի ըլլային Վարուժան Խտըշեանն ու Մարտիկ Պոյաճեանը եւս: Կ’ուզէինք մեզի հետ տանիլ նաեւ Պօղոս Գասապեանին, որ կը դժկամէր ու կը մերժէր գալ: Վարուժանը իրեն յատուկ տրամաբանութեամբ ու թատերական խօսքի առոգանութեամբ կը փորձէր համոզել Պօղոսը, սակայն ի զուր: Նկատի առէք, որ ամիսներէ ի վեր Պօղոսն (որ նոր եկած էր Պէյրութէն) ու Վարուժանը կը վիճէին, թէ որն է առաջնայինը մեր ազգի համար` մշակո՞յթը, թէ՞ զէնքը: Վարուժանը իբրեւ վերջին «փամփուշտ» սկսաւ բացատրել.
– Պօղո՛ս, «եաւրո՛ւմ», Աննան պոյով, գեղեցիկ ու ազնուական կին է, հրաշալի դերասանուհի, տաղանդաւոր գրող ու բեմադրիչ, հալածուած ու տառապած մարդ, հասկցի՛ր, սիրտը բաց է եւ հիւրասէր, աղջիկներն ալ` Արմինէն ու Նարինէն, իրեն պէս գեղեցիկ են, մարդամօտ ու ջերմ… Մէկ խօսքով արուեստի եւ մշակոյթի ընտանիք են, ամուսինն ալ` Լեւոն Թուխիկեանը, մեծ դերասան է… ու մեր ընկերը:
Պօղոսը գլուխը շարժեց տարակուսանքով, ինծի նայեցաւ քիչ մը զարմացական եւ քիչ մըն ալ յանդիմանական ու ըսաւ.
– Մշակոյթ, գրող-մրող: Ատիկա իմ տեղս չէ. դուք գացէք, թերեւս ուրիշ օր մը կու գամ…
Ճարահատ` ես միջամտեցի ու խնդիրը կարճ կապելու համար, կէս կատակ կէս լուրջ, Պօղոսին հասկնալի լեզուով ու մտայնութեամբ հատիկ հատիկ ըսի.
– Պօղո՛ս, այն, ինչ որ կ’ըսեմ քեզի, ճի՛շդ է, Աննան այստեղի մեր «Սօսէ Մայրիկն է…»:
Յանկարծ Պօղոսին աչքերը փայլեցան, շեշտակի նայեցաւ Վարուժանին ու աւելցուց.
– Ի՞նչ է մէկ ժամէ ի վեր հեքիաթներ կը պատմեն ինծի: Մէկ խօսքով ըսէք, որ «մեզմէ» է…- ապա ինծի դառնալով` ըսաւ:- Ես կամ, ակա՛մ… կու գամ կոր:
Շարունակութիւնը ծանօթ է քեզի, Աննա՛ ջան, կարեւորը` ապագային դուն ապացուցեցիր, որ ես այնքան ալ չէի սխալած… Խուսափելու համար քաղաքական հիմք ունեցող որոշ «անախորժութիւններէ», երկրաշարժէն առաջ մեկնեցար Գիւմրի եւ հոն ստեղծեցիր «Առասպելի դպրաթատրոն»-ը: Դպրաթատրոնի սաներէն, դերասան-դերասանուհիներէն, սաներէն ու աշխատակազմի անդամներէն շատեր աչքիդ առջեւ քանի մը վայրկեանի ընթացքին զոհուեցան: Վերապրողներէն շա՜տ շատեր կորսնցուցին ծնողք, քոյր, եղբայր, հարազատներ, որոնց շարքին նաեւ` սէրեր: Դուն, բոլորովին բախտաւոր, ողջ մնացիր ու յաջորդ օրերուն յուշատետրիդ մէջ գրեցիր.
«… Ես հիմա չեմ մտածում, թե ինչպե՛ս կարող եմ արիաբար մեռնել: Ես մտածում եմ, թե ինչպե՛ս արիաբար ապրել»:
Այո՛, դուն որոշեցիր ու արիաբար ապրեցար ազգիդ համար: Նախ` հերոսաբար յարութիւն տուիր «դպրաթատրոն»-ին, ու սորվեցուցիր «աշակերտներուդ» թէ ինչպէ՛ս արիաբար ապրիլ: Դուն չկաս հիմա, սակայն գիտե՞ս, թէ անոնք ի՜նչ «Գեղեցիկ» խօսքեր արձանագրած են քու մասին: Կը խոստանամ «դպրաթատրոնի» գործունէութեան անդրադառնալ այլ առիթով մը: Գրեցիր բազմաթիւ գիրքեր: Չհաշուած անտիպները` ազգային բնոյթի գիրքերու շարքին, տասնեակէ մը աւելի թատրերգութիւններ եւս գրեցիր, բեմադրեցիր ու երբեմն ալ խաղցար նաեւ: Անոնցմէ չորսը ուղղակիօրէն առնչուած են Եղեռնի թեմային:
Սիրելի՛ Աննա,
Ընթերցողներուն ծանօթ կենսագրութիւնդ թերի է ի հարկէ: Առաւելաբար հոն կը խօսուի քու գրական ու թատերական վաստակիդ մասին, որ թէեւ պատկառելի է ու հպարտառիթ, սակայն ոչ մէկ խօսք կայ «Թարգմանչաց տօն» ազգային շարժման մասին, իսկ «Առասպելի դպրաթատրոն»-ը կը յիշուի հպանցիկ կերպով` առանց անդրադառնալու յատկապէս երկրաշարժէն ետք զայն վերակենդանացնելու հերոսական ջանքերուդ: Չի խօսուիր նաեւ մեր միւս ընկերներուն (Ռ. Իշխանեանի, Յ. Յակոբեանի եւ յատկապէս Ռ. Դաւոյեանի) բնակարաններէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթներու մասին, որոնց ոչ միայն յաճախ կը մասնակցէիր, այլեւ երբեմն դուստրերդ եւս` Նարինէն եւ Արմինէն ալ կը բերէիր հետդ:
Այո՛, դուն «Արիաբար ապրեցար» Սօսէ Մայրիկի նման, արիաբար գործեցիր ու գրեցիր եւ «կրակեցիր նոյն կէտին», այնպէս` ինչպէս Խաչիկ Դաշտենցը, Պարոյր Սեւակն ու յատկապէս Մուշեղ Գալշոյեանը:
Աննա՛ ջան, նմանօրինակ մեր հաւաքոյթներու մասնակիցներէն շատեր (Ռ. Իշխանեան, Յ. Յակոբեան, Վ. Խտըշեան, Լ. Խաչատրեան…) չկան արդէն: Անշո՛ւշտ բոլորին (ինչպէս քու) անդարձ մեկնումը ցաւալի է, սակայն նախանցեալ տարուան Մհեր Դաւոյեանին վաղաժամ մահը ցնցիչ էր… Որովհետեւ ան փորձեց ու «չկրցաւ» արիաբար մեռնիլ արցախեան ճակատի վրայ. կռուեցաւ, վիրաւորուցաւ, կորսուցաւ. օրեր ետք միայն գտնուեցաւ ու որոշեց «արիաբար ապրիլ»: Սակայն ճակատագիրը դաժանօրէն վարուեցաւ իրեն հետ` կրկնակի ու կսկծալի ցաւ պատճառելով մեզ բոլորիս…:
Մինչեւ հիմա երբ կը հանդիպիմ Մարտիկին կամ Պօղոսին (անցեալին` նաեւ Վարուժանին) հետ, կարօտով կը յիշենք քեզ ու ողջ ընտանիքդ` իբրեւ հարազատ: Ես չեմ մոռցած նաեւ մեր նախավերջին հանդիպումը` դուստրերուդ ու թոռներուդ հետ: Նարինէին այն ջերմ ընդունելութիւնը, որուն ընթացքին քու օրհնութիւնդ տուիր եւ թելադրելով` «պահանջեցիր», որ մենք բոլորս, յատկապէս թոռներդ մի՛շտ պատրաստ ըլլանք արիաբար մեռնելու, սակայն ձգտինք դժուարագոյնին. արիաբար ապրիլ` ապրեցնելու համար ազգը, հայրենիքն ու հայ մշակոյթը:
Սիրելի՛ Աննա,
Վստահ եղիր, որ ինչպէս մենք բոլորս, նաեւ ժառանգներդ, ներառեալ` ծոռներդ (որոնցմէ առաջինը տեսնելու բախտը ունեցար) հպարտութեամբ պիտի յիշեն անունդ եւ ամօթով պիտի չձգեն քեզ: Արդէն իսկ Նարինէն ազգային ու մշակութային գետնի վրայ արիաբար կը շարունակէ քեզի նման նուիրեալներու գործը:
Այո՛, թէեւ մեր վերջին հանդիպումը տեղի կ’ունենար տասնհինգ տարիներ առաջ, սակայն քու ցանկութեամբդ մեր կապը շարունակուեցաւ միայն հեռաձայնով, որովհետեւ պէտք էր, որ աւարտին հասցնէիր եօթհատորանոց «Բոլոր ժամանակների Հայաստանը» կոթողային երկը: Եւ յաջողեցար` ի հեճուկս վերջին տարիներուդ անկողնային կեանքիդ:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։