Վեհանոյշ ԹԵՔԵԱՆ

Վեհանոյշ ԹԵՔԵԱՆՀԳՄ վարչությունը
շնորհավորում է բանաստեղծ
ՎԵՀԱՆՈՒՇ ԹԵՔՅԱՆԻՆ
ծննդյան 70-ամյակի առթիվ
«Գրական թերթը»
միանում է շնորհավորանքին

ՄԱՂԹԱՆՈՒԱԳ ՀԱՅԿԻՆ

Անհատնեալ ապրում եւ ոռոգում իբրեւ
Հրաշախուռն բառեր՝ հողածոյ իգութեանս
Ոգեղէն հանդերձ կը մատուցանեն
Որ մայրութիւնը հոսի մարմինէս
Եւ հոգի դառնայ:

Բարձերը գոցած իրենց հառաչանքներու պատեանները
Հիմա գարնան տաք մազերը կը հիւսեն երգելով,
Լուսաթռիչ պահերը թաքնուած սպասեր էին
Որ մաքրափայլուն, սառած առաւօտներէն դուրս գայ
Ծիրանածագ առաւօտը Մայիսի:

Հոգեկան ո՛ր թակարդին մէջ մնացին բազմիցս կեանքերը,
Եւ իրաւա՞մբ կանչեցի
Ինքնաստեղծումն այս՝ ուր անխուսափելի ինքնախզում մը կայ:
Գոհաբանութեան թռչունները հասան պատուհանիս առջեւ,
Քեզ խանձարուրող պահերը անո՛նց երգերը ունին.
Աչքերս կակուղ են քեզ ինձմէ կարենալ անջատելու համար,
Ալ ինչո՞ւ փնտռել յոյզերու շքերթին մէջ
Լուսատարափ բառերու բացակայութիւնը:
Գոյութեանդ այգաբացին դէմ
Բառերս հող են բերրի, առաջին անգամ հերկուող,
Խորհրդաւոր աշխարհիդ մէջ ձայնս մինչեւ ո՞ւր պիտի հասնի:

Իբրեւ երակ ու երգ, իբրեւ ուղեւորում
Կեղաւորուած մարմինս իր օրերու բեռը
Յանձնեց հազարումէկ գիշերներու հովին.
Արդէն ձեռքերս ընծայման մոմերը վառած
Մանկութեանդ մահիճին վրայ աղօթող ձեռքերու նման կ’աճին:

Պիտի տեսնես տղաս, որ բառերս հովահար չեն
Եւ կեանքդ անհոգեմաշ աղօթք պիտի չըլլայ.
Վայելքի սրահներուդ մէջ բազում բարեկամներ պիտի բնակին,
Սակայն տառապանքի ներքնայարկիդ մէջ առանձին ես,
Անզօր ձայները կը լսես միայն հարազատներուդ,
Տափոտն թզուկներ կ’երթեւեկեն նկարահանելու տագնապդ
Եւ կը գիտակցիս որ սրտի տեղ հաշուիչ մեքենաներ ունէին:
Պիտի վարժուի՛ս ասոնց, վիրաւոր եւ անապաստան կեանքերու,
Փակուած ճակատիդ դէմ տրոփող ցաւը միայն դո՛ւն պիտի զգաս,
Հարազատ ձեռքեր միշտ պիտի չբռնեն թաթիկներդ մաքուր:
Պիտի տեսնես պատեանակիր եւ լորձնաշուրթն կրեաներու հաւաքականութիւն մը
Որոնք դրամը կը լիզեն շոքոլայի պէս եւ բարեւի շերտը
անգամ թթու է:
Պիտի տեսնես բարոյախօսներ որոնք գերագոյն ճգնաժամիդ
Սուսուփուս հեռանալու գիտութիւնը ունին:
Այս բոլորին դիմաց պիտի օրերդ դնես անկէզ աղիւսի պէս
Ամուր, իրարահիւս. ժամանակաւոր փրկութեան համար
Ինքնախզման ո՛չ մէկ շաղախով կը ծեփես
Կառուցուող կամ փլչող օրերուդ աշտարակը:

Գիշերները կրնան գիշակերի նման յարձակիլ վրադ,
Եւ ցերեկներդ թերեւս մթնաձոր թուին
Միայն անանցանելի խրամատներ բանալով առջեւդ:
Չմտնես երբեք միջակութեան սենեակներէն ներս,
Յուզմանդ օդահեղձ շնչառութիւնը կասեցուր
Եւ մտի՛ր քու սեփական մեծութեանդ գաղտնադուռերէն,
Ու հոգիիդ ստրկութիւններուն եւ իշխանութիւններուն հետ
զրուցէ գաղտնի:
Արդա՛ր եղիր, եւ պիտի զգաս մեծ եւ ամենակարող,
Չշօշափես անգամ երազներուդ փոշին քնատ
Եղիր մշտարթո՛ւն, եւ պիտի զգաս մեծ եւ ամենակարող:

Յաճախ արդարութիւնը անապաստան մանուկի պէս
պիտի քովդ կծկուի,
Կորսուած մանուկի պէս պիտի հասնի կոյս անտառներէն.
Միսմինակդ պիտի խնամես անոր վիրաւոր հոգին:
Մեծցո՛ւր արդարութիւնը
Ի մտի ունենալով որ զայն պիտի կարգես իշխանը աշխարհի,
Սնանեցուր անոր դատարաններու եւ մաքսավայրերու մէջ
բզկտուած հոգին,
Փոխէ թոյլ եւ անկար լաթերը
Անոր լեզուն քաշած են, սորվեցուր խօսիլ.
Եւ երբ քեզ չեն լսեր տղաս, սորվէ պոռա՛լ
Եւ ամենէն դժուարը պոռալ՝
առանց կայնելու տիղմին մէջ հայհոյանքի:
Եւ վրէժ վրէժ վրէ՜ժ ունեցիր
Մէկ ձեռքիդ՝ խունկ փխրուն, սակայն միւսին մէջ
Կարծր ու հաստատ ռումբը, պատրաստ նետելու
թշնամիի թաթին:
Սորվէ թշնամիիդ վահանը փճացնել նախ եւ յետոյ՝ սիրտը:
Մեծհայրս իր կապտաւուն լեռներու կարօտով մեռաւ,
Հօրս սիրտը անառիկ՝ իր տան հրկիզումէն ետք
մերժեց բաբախել,
Եւ ես տեղահան արծիւի նման իմ բոլո՜ր բոլո՜ր լեռներս կ’ուզեմ:
Այլեւս բռունցքը մեր ինքնութիւնը պիտի ըլլայ.
Հայութիւնը ականակիտ քար չէ, տղաս, այլ՝ երակներուդ
հիւթը եւ հոսքը,
Մեր երաժշտութեան նման տարախռով է եւ դեղի պէս լեղի,
Աղօթքի պէս անել եւ աղօթքի չափ անսասան:

Մեր մայրենին աղճատուած՝ գեղեցկատիպ տղաս,
Հայոց լեզուատունի իշխանի՛ն պէս խօսէ,
Տասնվեց հարիւրամեակ արեւ տեսած մեր գիրերը
Տանդ չորս կողմը սփռէ իբրեւ միւռոն.
Անոնք օրերուդ լուսամատեանը թող ըլլան.
Գահաւորակներ են զորս չանտեսես անգամ անհոգածութեամբ:
Մեր մատեանները մելան եւ տպագրութիւն չե՛ն,
Անոնք ալեւորներ են, որոնք քեզի գաղտուկ պիտի պատմեն
Մեր պատմութիւնը, մտիկ ըրէ անոնց:
Անոնք նահատակներ են, որոնցմէ ցաւի հառաչանք պիտի չլսես
Անոնք հերոսներ են որ քեզի կեանքի երկարութիւնը
ցոյց պիտի տան,
Անոնք պատմիչներ են, որոնք ոսկրուտ ձեռքով
եւ հանճարեղ գանկով
Յաճախ խեղանդամ՝ անցան եաթաղանի սալէն
եւ անապատի մրրիկէն:
Անոնք իշխաններ են հանուած իրենց երկրէն, բզկտուած,
Սակայն ծոցէ ծոց անցընելով՝ մայրեր մոռցած իրենց զաւակները
Այդ գահակալները վերստին հասցուցած են տունը սեփական:
Կը հաւատամ տղաս, որ աներեւոյթ ոգեձեռքեր կան
Որոնք մեր մատեանները կը բռնեն երկիւղով եւ հիացմամբ,
Իւրաքանչիւր մատեանը մասունքի պէս բռնէ
Ու քեզի պիտի պաշտպանէ Չարէն եւ Մահէն:

Խորհրդաբեր լուսորդի
Գիտութեան կամ արուեստի ո՛ր ալիքին մէջ ալ գտնուիս
Դարձիր մարդկայնութեան գերագոյն կարելիութեան
բուռվարակիրը
Եւ աշխարհը պիտի գոյատեւէ քեզմո՛վ:
Սրտիդ ամբողջ փափկութեամբ սիրէ սէրերդ
եւ սնուցանէ հաւատքներդ,
Ներել գիտցիր, միաժամանակ գիտնալով թէ ո՛ւր պիտի կասի
ներման առուն:
Հպարտութեան հրաբուխէն հեռու մնացիր
Միաժամանակ լեզուիդ խորշերուն մէջ սուր մը պահպանելով.
Եւ հաւատա բառերու եթէ լուսեղ հոգի ունին,
Մի հմայուիր անոնց շքեղ հանդերձանքէն,
Անոնք կեանքիդ մեծագոյն դաւադիրները կրնան ըլլալ:
Հեռու մնացիր ժլատ հոգիներէ որոնց փառքը դրամն է,
Հաւատա գեղեցիկ պահերու յաւերժութեան
Միաժամանակ տիրապետելով հեռանալու
արուեստին ներդաշնակելու կեանքդ:
Սեփական աչքերովդ եւ եղունգներովդ կերտէ
գեղեցկութիւնը կեանքիդ,
Եւ ամենէն կարեւորը՝
Ծուխը երդիքիդ տակ գիտցի՛ր պահպանել,
Սորվեցո՛ւր զաւակներուդ պաշտպանել մեր ցեղի
օրէնքները անգիր:
Գետի նման որ իր հունէն շեղած է
Փռուած ենք երկրագունդի բոլոր սահմաններէն ներս,
Չփորագրուող խօսքեր կան զորս շալկելու
Եւ քրտնաթաթախ տեղ հասցընելու սահմանուած ենք:
Հայրենիքը պատկանելիութեանդ զտաթուղթէն անցած
Այն հեղանիւթն է հոգիիդ ամանակին մէջ՝
հնաւանդ պատարագի ընթացքին
Որ կը քսես մաշկիդ վրայ՝ թունաւորումէ
պաշտպանուելու համար:
Այն նիւթն է՝ որ գոյութեանդ գերասուզումը կ’ապահովէ
անայց խորքերու,
Մակընթացութեանդ թէ տեղատուութեանդ
ընթացքին ուղղուէ՛ անոր
Գետի նման որ իր հունին կը դառնայ:

Խօսքերուս ծուխը թող չխեղդէ կոկորդդ,
Որքան որ կրնայի՝ փորեցի լոյսը եւ խաւարը
Որպէսզի տամ քեզի կապոցները, տղա՛ս, որոնցմով կարենաս
Քալել այս դարուն մէջ եւ ժողովուրդիդ մէջ:
Յիշէ յիշէ յիշէ՝ ընկրկում չկայ,
Ամբողջ աշխարհը քուկդ է,
Եւ ամբողջ կեանք մը արփաշող պատարագ մը կայ
երկուքիս միջեւ:
Կառուցանէ՛ կեանքդ, պիտի տեսնես թէ անոր
Աւերակին կամ ապարանքին
Փաթթուեր եմ որպէս բարունակ ամուր,
Եւ սրբազնագոյն շնորհակալութիւն
Որ մայրացուցի՛ր եւ որդիացա՛ր:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։