Ծնվել է 1968 թ. Թուրքիայում, Սեբաստիայի նահանգի Ատըեաման գյուղում: Գրում է բանաստեղծություններ ու պատմվածքներ թուրքերեն լեզվով, որոնք մեծամասամբ տպագրված են թերթերում և ամսագրերում: Նրա բանաստեղծությունները թուրքերենից հայերեն թարգմանել է Զահրատը:
I
Այո – իմս էր օրը
եւ ապրեցայ զայն –
Հիմայ
բանաստեղծութիւն կարդամ
քիչ մը –
Կարճ կարճ
աչքերս համը կը նային
քերթուածներուն
Որ գտնեմ հատ մը
հասկնալու չափ զոր
սիրտս դիմանայ –
կամ ինծի ծանօթ
հին քերթուածներուն դառնամ
– հին ու թախծոտ –
Մինչ կը նուագուի երգ մը հեշտ
II
Կամայ ակամայ խորհեցայ
մահուան վրայ –
Մեռնիլ առանց կարդալու
այս քերթուածները բոլոր
առանց ճաճանչաւորելու ներսիդիս
ջուրի պէս
Մինչ քերթուածները կը կենան
դարակներուն վրայ
գաւաթ մը ջուրի պէս
ԾԻԱԾԱՆ
Առտու մը
Ելլեմ գամ քեզի
Ձեռքերուս գոյներ
զորս հաւաքեցի
Մինչեւ հիմա
Բոլոր ծիածաններէն
ԵՐԲ ԿՈՒԳԱՄ ՔԵԶԻ
Եկայ քեզի
Ոչ մէկ խոստում ունէի
Սապէս կամ նապէս ըլլալու
Պարտք չունէի ոչ ոքի
Պարզապէս
Կային կարգ մը փողոցներ
ուրկէ անցեր էի
առանձնութեանս հետ միատեղ
Կային կարգ մը
երգեր քերթուածներ
զոր սիրեր էի բարակուկ
Կարգ մը բարեկամութիւններ –
երկու հոգինոց –
Որոնց խորութիւնը
փոխադարձաբար կը
չափուէր
Մէկ մ’ալ փոքր ճաճանչներ
կային
մանկութենէս մնացած –
Զանոնք երբեք
չկրցայ պատմել
ՍԷՐԸ ՀԵՏՔ ԿԸ ՁԳԷ
Կրնայ շրջանակել
աշխարհը բովանդակ
իր նայուածքներով –
ու գծել սէրերը ամէնեն նուրբ
Եւ կ’ուզեմ փայփայելով անցնիլ
ամէն մէկ վայրէն
ուր երազն է դպած
– Սէրը հետք կը ձգէ – ըսաւ ան
գիտեմ
թող ձգէ
ՀԵՌՈՒ
Ողբ մը
ամպ կը հաւաքէ աչքերուս մէջ
Իսթանպուլէն հեռու ենք
– Քանի՞ ամպ
չեմ կրնար կռահել
Քով քովի ենք քեզի հետ
– Քանի՞ սէր մեր միջեւ
չեմ կրնար համրել
Չեմ կրնար սիրել այս կողմերը
Այս պանդոկը, այս ճամբան,
այս դուռը
Որքա՞ն հին
չեմ կրնար տեսնել
Ողբ մը
ամպ կը հաւաքէ աչքերուս
– Ե՞րբ պիտի իր անձրեւը պարպէ-
Թող հաւաքուի անձրեւը,
թող տեղայ
Թող կոտրէ քանդէ
երդիքը տարիներուն
որոնց գոց են դուռները
– Ես օտար եմ այս
եղանակին սիրելիս
թէ երբ կուգայ անձրեւը
չեմ կրնար զատորոշել
ՀՈՎԸ
I
Մութը երբ կոխէ
կը վախնանք
երկուքս ալ ապագայէն –
Դուն կը խօսիս
Ես կը լռեմ
– Նոյնիսկ հակառակը կ’ըսեմ
երբեմն –
Մինչդեռ այնքան շատ կը
նմանինք իրարու
II
Կը դժուարանայ մեռնիլն ալ
Նաեւ ապրիլն ալ
Չենք կրնար հանդուրժել հովուն
– Մեր սիրտերը կը չորնան
Ու մեր գոյները կը քաշուին
դէպի ներս –
մեր ուսերը բեռ
մեր ձեռքերը ձանձրոյթ
կը դառնան –
ճաշ եւ հանրաշարժեր –
կեղտոտ ձեռքեր –
Փոշոտ կոշիկներ –
նեղ վերարկուներ –
– Միշտ մութը կը պատէ
մեր ներսիդին
III
Այսպէս չեն քալեր այդ օրերը –
հաւատա –
Արեւը կը ծագի դարձեալ գեղեցիկ
Ու գեղեցկօրէն կը տաքցնէ –
Կը սիրենք արդուկը
մեր տաբատին
Կ’երերտկան մեր ուսերը վեր վեր
Եւ ապրիլ կը սիրենք դարձեալ
Անցնիլ փողոցներեն
Շոգենաւ նստիլ
Ու նորէն տղաքը կը մեծնան
դիւրին