«Մէկ է մեր ճակատագիրը» / Հրանդ Մարգարեան

Հրանդ ՄարգարեանՀարցազրույց դրամատուրգ, Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության և Նյու Յորքի մասնաճյուղի թատերախմբի
ղեկավար Հրանդ Մարգարեանի հետ

Գ.Թ. – Ամեն տարի գալիս եք Հայաստան Ձեր տիկնոջ` տիկին Ժանէթի հետ և ամեն անգամ գալիս եք անակնկալներով: Միշտ չէ, որ այդ անակնկալը լինում է գրական կամ թատերական: Օրինակ, անցյալ տարի, ինչքան տեղյակ եմ, Ձեր բեռը ավելի շատ բանակի համար էր…
Հրանդ Մարգարեան – Մենք` Ժանէթն ու ես, Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, գրեթէ ամէն տարի եկած ենք ՏՈՒՆ: Չենք եկած որպէս այցելու-զբօսաշրջիկ: Միշտ նպատակ մը հետապնդած ենք: Սկզբնական տարիներուն, Ժանէթի կեդրոնացումը եղած էր` օժանդակութիւն հասցնել Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու դպրոցներուն. երբեմն վերանորոգում եւ յաճախ գրասեղաններու, ջեռուցման սարքաւորումներու, անհրաժեշտ պիտոյքներու հայթայթում: Նիւթականի մէկ մասը այս աշխատանքներուն հայթայթուած է ազնիւ, հայրենասէր, մտահոգ պարզ մարդկանց կողմէ: Այս գործին մէջ, մեզի ուղղութիւն տուած եւ օգնած է Երեւանի ՀՕՄ-ի գրասենեակը: Մենք պարզապէս այս ազնիւ հայերու եւ իրենց իղձերը իրականացնողները եղած ենք:
Ես, որպէս Ամերիկահայ Բժշկական Հիմնադրամի վարիչ քարտուղար, սոյն հիմնադրամի մշակուած ծրագիրներուն գործադրողը եղած եմ վերջին 26 տարիներուն: Սկզբնական շրջանին կեդրոնացած էինք հակատուբերկուլյոզի մարզին մէջ- Աբովեան, Գիւմրի, Գորիս, Վանաձոր, Մեղրի, Դիլիջան, Նորք-Մարաշ, Ստեփանակերտ, Շուշի շրջաններու հիւանդանոցներուն վրայ: Ապա Արցախի կառավարութեան եւ Համահայկական Ֆոնտի հետ միասնաբար կառուցեցինք Մարտունի շրջանի հիւանդանոցը: Օժանդակեցինք նաեւ Ամերիկեան Համալսարանի խիստ կարեւոր ուսումնասիրութեան մը, որը պիտի հրատարակուի մասնագիտական պարբերաթերթերու մէջ:
Այժմ կ’օժանդակենք այլ կարեւոր խնդրի մը: Անցեալ տարուայ Ապրիլեան պատերազմի հետեւանքով, կեդրոնացանք համաշխարհային` արիւն կասեցնող սարքերու վրայ: Գործակցելով` «Վիրաւոր Հայ Հերոսներ» կազմակերպութեան հետ, արեան հոսք կասեցնող սարքեր տրամադրեցինք ռազմաճակատի զինուորներուն: Աշխատանքը կը շարունակուի ներկայիս: Մեր նպատակն է ռազմաճակատ գտնուող ԱՄԷՆ ԶԻՆՈՒՈՐ պաշտպանուած ըլլայ այս սարքերով: Ուրախ եմ ըսելու, որ այս տարի արդէն նոր սարքեր հայթայթեցինք եւ 43 բուժակներ արդէն դաստիարակուեցան եւ ուղղորդուեցան Արցախ:
Այս օրերուն, ամէն Հայ, իր ներած ուժերով, պէտք է մէկ անբաժան մասնիկը ըլլայ Հայաստանի: Մէկ է մեր ճակատագիրը: Ապագայի առջեւ պատասխանատու ենք բոլորս:

Գ.Թ. – Ձեր թատերախումբը 50 տարի անչափելի մեծ առաքելություն է կատարել համայնքի կյանքում… Հիմա ի՞նչ վիճակում է թատերախմբի գործունէության հեռանկարը:
Հ. Մ. – Նիւ Եորքի Թատերախումբը հիմնադրեցի 1967-ին, նախ Մասիս անունը կրեց, ապա վերակոչուեցաւ` Համազգայինի Թատերախումբ: Վերջին յիսուն տարիներուն թատերախումբը գործած է առանց ընդմիջումի: Աւելի քան 405 մասնակցողներ ունեցած ենք, որոնց մէկ քառորդը պարման-պարմանուհիներ եղած են: Բեմադրութիւններ ըրած ենք ԱՄՆի եւ Քանատայի շրջաններուն մէջ: Ափիւռքի մէջ, մրցանիշեր հաստատած ենք որպէս մեծագոյն թիւով անդրանիկ բեմադրութիւններ ներկայացնող թատերախումբ: Եղած ենք Առաջին հայկական թատերախումբը, որ Նիւ Եորքի Օֆֆ Պրոտուէյի թատերական շրջանին մէջ երկու անգամ ներկայացում տուած է:
Դիւրին չէ Նիւ Եորքի նման մեծ, լափիւրընթոսային քաղաքի մէջ թատերախումբ պահել, Հայերէն հնչեցնել, երիտասարդներ մոտեցնել Հայ թատերական արուեստին: Բայց յամառութեամբ, նուիրումով, մեծ զոհաբերութեամբ մեր պարտքը կատարեցինք:
Իսկ հիմա: Պատկերը պայծառ չէ, դժբախտաբար: Լեզուն արդէն նահանջի մէջ է: Կեանքի պարտադրանքները մեծ զոհողութիւններ կը պահանջեն: Գիտէք անշուշտ, որ մեր մասնակցողները, ոչ միայն չեն վճարուիր, այլ իրենք կը ծախսեն հեռաւոր տեղերէ ներկայ գտնուելու փորձերուն: Երբեմնի 700 հոգի հանդիսատեսը, այսօր արդէն 200-ի հասած է եւ տակաւ պիտի նուազի: Ամերիկայի միջավայրը քաղցկեղի նման կը հիւծէ ազգայինը: Հոսանքը շատ զօրաւոր է, դիմադրելը, օրէ օր կը դժուարանայ: Եւ դժբախտաբար առաջին զոհը լեզուն է: Թէ ուր պիտի յանգի այս, չե՛մ գիտեր: Անշուշտ պիտի ըլլան «խենթեր», որոնք պիտի չընկրկին: Ես անձնապէս պիտի շարունակեմ: Միջոցներ պիտի որոնեմ թատրոնը «կենդանի» պահելու: Բայց…

Գ.Թ. – Հուսանք` «բայց»-ը շարունակություն կունենա: Խոսենք հուլիսի 17-ին ՀԳՄ Մեծ դահլիճում ներկայացվող Ձեր մոնոպիեսի և դերակատարի մասին:
Հ. Մ. – Յուլիս 28-ի մենաթատրոնը, Խրիմեան Հայրիկի մահուան 110-ամեակի առթիւ, նուիրած եմ իր «վերջին հանդիպման» իր իսկ ժողովուրդին հետ: Իր կեանքի դրուագներէն մեկնած, կը ներկայացնեմ իր կեանքի վերիվայրումները: Զիս միշտ հետաքրքրած է, թէ` մեր պատմութեան այս Հսկայի կենաց ընթացքը ի՞նչպէս կ’արձագանգուի մեր այսօրուան հետ: Ի՞նչ առաքելութեամբ ճամբայ ելաւ, ի՞նչ խոչընդոտներ դիմագրաւեց, ինչպէ՞ս տեսաւ կեանքը: Խորքին մէջ, այսօր, դար մը ետք, ի՞նչ «կ’ըսէ» մեզի Խրիմեան ԵՐԵՒՈՅԹԸ:
Խրիմեան «տիպարը» մարմնաւորել գերազանցապէս մեծ, իրականութեան մէջ, հսկայական յարգանք կը պահանջէ դերակատարէն: Խոնարհութիւն մը ՀՍԿԱՅԻՆ նկատմամբ կարենալ հասնելու Վեհին իմաստաւորեալ կեանքին: Յուսամ հանդիսատեսը Վեհին հետ կ’առնչուի այդ ժամուան ընթացքին:

Գ.Թ. – Եվ, իհարկե, խոսենք Ձեր ստեղծագործական ծրագրերի մասին:
Հ. Մ. – Ստեղծագործական բազմաթիւ ծրագիրներ զիրար կը հրմշտկեն: Անցեալ տարի անգլերէնով հրատարակեցի մեր 13 նահատակ գրողներուն նուիրուած հաւաքածոն: Արձակագիրներ` Հրանդ, Թլկատինցի, Զարդարեան, Ինտրա, Զոհրապ, Յարութիւնեան, Բարսեղեան, Չոկիւրեան, Երուխան եւ բանաստեղծներ` Վարուժան, Սիամանթօ, Բիւրատ եւ Սեւակ: Յայտնեմ` որ թարգմանութիւններու մեծ մասը առաջին անգամն էր որ թարգմանուած է: Ուրախ եմ ըսելու, որ մեծ ընդունելութիւն գտաւ ԱՄՆի մէջ: Տարի մը առաջ, Զահրատէն 153 բանաստեղծութիւն անգլերէնի թարգմանեցի:
Նոր թատերախաղեր եւ բանաստեղծութիւններ ունիմ, որոնք լոյսի կը սպասեն:
Գեղեցիկ աշխարհի մը մէջ եմ:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։