ՎԱՍՆ ՎԵՐՋԱԲԱՆԻ «ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ. ՄՈՌԱՑՈՒԱԾ ԷՋԵՐ» ԳՐՔԻ Ա-Է ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ / Թորոս ԹՈՐԱՆԵԱՆ

 

«Արամ Հայկազ. Մոռացուած էջեր» գիրքերու շարքը իր լրումին կը հասնի Է հատորով: Հայուհի մը՝ Մարգարիտ Մամիկոնի Խաչատրեանը, ժրաջանութեամբ ու ճաշակով մատուցելէ ետք Համաստեղի գրականութեան նուիրուած հատորները՝ «Համաստեղ. Մոռացուած էջեր» գրքի 4 հատորները, հերթագրեց սիրելի անունի մը եւս՝ Արամ Հայկազի գրականութեան այն էջերը, որոնք կողքի մը ապահովութեան յանձնուած չէին՝ յաջորդաբար հրատարակելով «Արամ Հայկազ. Մոռացուած էջեր» գիրքի եօթը հատոր: Մեծերու այս ընտրանքը յարգանք եւ արժեւորում է ոչ միայն մեր զոյգ գրողներու ստեղծագործական աշխատանքին, այլ նաեւ Սփիւռքի հայ գրականութեան եւ արեւմտահայ ոսկեծին լեզուին:
Այս շարքին Ա հատորին մէջ – որ ընդգրկած էր 1924-1950 թուականները – եկան ապաստան գտնելու Արամ Հայկազի այն էջերը, որոնք ցրուած կը մնային այդ ժամանակաշրջանի հայ մամուլին մէջ:
Յոգնիլ չգիտցող ժրաջան ձեռք մը մայրական գորովով հաւաքած էր այդ բոլորը, կազմած ու յառաջաբանով մը օժտած զայն: Պրպտումի, դասաւորումի այս վարպետը նաեւ հետեւեալը գրած էր «Կազմողի կողմից» վերնագիրին տակ. «Տարիներ առաջ գիտական հետաքրքրություններս տարան Համաստեղի (Համբարձում Կելենյան, 1895-1966) գրական աշխարհ, հիացա բնօրրանից օվկիանոսով բաժանված այն հեքիաթային միջավայրով, որ գրողը ստեղծել էր Բոստոնում: Համաստեղի մտերիմներից երկուսը աչքի են ընկնում Հայի իրենց նկարագրով: Խոսքս Արամ Հայկազի (Չեքեմյան, 1900-1986) եւ Հակոբ Խաշմանյանի (1888-1968) մասին է: Փա՜ռք Աստծու, Համաստեղի գրականության բաց էջերը լրացնելու հնարավորություն եղավ (ճիշտ է, դեռ շատ անելիք կա, ու գրասեղանիս դարակում նյութերն անհամբեր սպասում են): Հերթը Արամ Հայկազինն է»:
Այսպէս իր բարի երթը սկսող գործը տարիներ պիտի խլէր իրագործողէ մը, որ կը կոչուի Հայաստանի Հանրապետութեան «Տարուայ Ուսուցիչ» (1993), բան. գիտ. դոկտոր Մարգարիտ Խաչատրեան:
Անհրաժեշտ է յիշատակել, որ այս շարքին նախորդած է մէկ այլ գիրք Արամ Հայկազի գրիչէն, որ կը կրէր «Նամակներ» խորագիրը: Այս նամականին ընդգրկած է աւելի քան 160 անուն Սփիւռքէն ու Հայրենիքէն, որով Արամ Հայկազ անխոնջ գրողը կը դառնայ ուժեղ շաղկապ մը հայրենի եւ Սփիւռքի մտաւորականներուն միջեւ: Շարքէն դուրս, բայց Արամ Հայկազին վերաբերող երկրորդ գիրքը անոր պատմուածքներէն ընտրուած շքեղ հատոր մըն է ՝ «Ապրող ծառ մը» խորագիրը կրող:
Ու այս կոթողային աշխատանքներու համար կազմողին եւ խմբագիր Գէորգ Եազըճեանին, գործին միւս աջակիցներուն շնորհակալ ենք ըսելը կ՚ըլլայ քի՜չ, շա՜տ քիչ: Ահա այսպէ՛ս, մշակոյթի ճամբով Սփիւռքը կը կապեն Հայրենիքին՝ ոսկի կամուրջ մը ստեղծելով:
Սփիւռքի եւ Հայրենիքի հայ մամուլի եւ արխիւներու անխոնջ խուզարկու դոկտոր Խաչատրեանը, քայլ առ քայլ, տարի առ տարի յայտնաբերելով Արամ Հայկազի՝ չորս հովերու բերնին ինկած գործերը, տքնանք ու նուիրում ցուցաբերելով Արամ Հայկազի գործերուն հանդէպ, յաջողեցաւ իր լրումին հասցնել գրողին` հոս ու հոն ցրուած համարեա բոլոր գրական ստեղծագործութիւնները, զանազան առիթներով անոր ելոյթները, անոր մասին զանազան հրապարակումները՝ տուեալ շարքը անուանելով «Արամ Հայկազ. Մոռացուած էջեր»:
Կազմողը չէ վարանած նաեւ ցանկագրել Արամ Հայկազի հրատարակուած ու անոր մասին լոյս տեսած գործերը, որոնց հասու եղած է ինք (տե՛ս Ա., Բ., Գ. հատորներուն մէջ): Այժմու վիճակին մէջ` Արամ Հայկազի հրատարակուած ու անոր մասին լոյս տեսած գիրքերուն եւ գրքոյկներուն ցանկը կը հասնի 23-ի:
Յիշեալ բոլոր տուեալներով երբ մեզի կը թելադրուի վերոյիշեալ եզրափակիչ հատորը օժտել վերջաբանով մը՝ կ՚ուզենք յայտնել, որ մեր ներկայացուցածը համապարփակ խօսք մը ըսելու յաւակնութենէն հեռու պիտի ըլլայ: Անցնիմ գործի՝ նախ ներկայացնելով Արամ Հայկազին ինքնակենսագրականը, որ մատուցուած է պարզին վսեմութեամբ (տե՛ս «Արամ Հայկազ. Մոռացված էջեր» գիրքի Է. հատորի «Յաւելուած 2»ին մէջ:
Ահա նաեւ հատուած մը Արամ Հայկազի խօսքէն, զոր այնքա՜ն սիրած եմ, եւ որ կրնայ ըլլալ ուղեցոյց մը շարք մը գրողներու. «Երբ կը գրեմ, մէկու մը բան մը սորվեցնելու առաջադրութիւն կամ յաւակնութիւն չունիմ: Երբ ըսելիք բան մը կ՚ունենամ, կ՚ըսեմ զայն գործածելով միտքս արտայայտող բառերուն ամէնէն պարզը ու ամէնէն ճիշդը: Իմ կարծիքով` արուեստի գործ մը յոգնեցնող ըլլալու չէ…
Կը գրեմ, որովհետեւ փառասէր եմ ու կ՚ուզեմ, որ մարդիկ մեռնելէս առաջ, վերջն ալ իմ մասիս խորհին ու յիշեն զիս… Ձեզմէ ոմանք պիտի չհաւատան այս խոստովանութեանս, բայց ճշմարտութիւնն է, որ կ՚ըսեմ:
Հայ գրողը ուրիշ ի՞նչ վարձատրութիւն կրնայ ակնկալել…
Կը գրեմ երջանիկ ըլլալու համար ալ: Հաւատացէ՛ք, եթէ չգրեմ տասը-տասնըհինգ օր, ապերջանիկ կ՚ըլլամ, քունս ու հանգիստս կը կորսնցնեմ: Խեղճ խմբագիրներն ալ կը կարծեն, թէ իրենց օգնելու կամ դիմումներու գոհացում տալու համար է, որ կը գրեմ:
Սխա՛լ:
Ու ահա՛ ըսի ըսելիքս ու ըրի խոստովանութիւնս»:
Համբուրելի խօսքեր՝ անդենականէն եկող:
Մի՛ հարցնէք, թէ վերոնշեալ հատորները բանասէրէն քանի՞ անքուն գիշերներ խլած են, ան քանի՞ նամակ յղած է աստ ու անդ ու գրողներու հարազատներուն…
Երկու գրողներուն` Համաստեղին եւ Արամ Հայկազին նուիրուած 16 հատորները ձեր սեղաններուն հասած են, երբ կազմողին մազերուն արդէն իջած է ձիւն, զոր չի պահեր ան, ինչպէս այլք կ՚ընեն: Ձիւնը ինքնեկ իջած չէ, քրտնաթոր աշխատանքի պսակ է:
Ինքն էր ըսողը մեզի, թէ «Արամ Հայկազ. Մոռացուած էջեր» գիրքին վերջաբանը կրնար անձամբ ինք կամ իր մէկ գործակիցը՝ խմբագիր, պատմաբան Գէորգ Եազըճեանը գրել, բայց կը վստահին ինծի: Շնորհաբեր աշխատանք մը անշուշտ, զոր սկիզբը կը դժուարանայի ընդունիլ: Բայց արդեօք ինչո՞ւ ինծի բաժին կ՚իյնար այս աշխատանքը: Անոր համար, որ անձնապէս ոչ միայն ճանչցած եմ Արամ Հայկազը, այլեւ` վայելած մտերմութիւնը գրողին:
Երբ Արամ Հայկազ 1969-ի սեպտեմբերին եկաւ Հայաստան` փնտռեցի զինք: Տեսայ «Արմենիա» հիւրանոցի մուտքին ու փորձեցի համբուրել գրողին ձեռքը, այն ձեռքը, որ մեր գրականութեան քսանէ աւելի մատեան պիտի նուիրէր: Երբ այդ փորձը կատարեցի, «Տղա՛յ,- ըսաւ Արամ Հայկազ,- ես ո՛չ քահանայ եմ, ո՛չ ալ վարդապետ, թո՛ղտուր ձեռքս»: Այդուհանդերձ, համբուրեցի հայ գրողին ձեռքը, որ մարգարիտներ հանած էր հայ կեանքի ծովէն:
Վերադարձ Մարգարիտ Խաչատրեանի` լոյսին բերած գործերուն: Բոլորն ալ ընծայականներով ունեցած ու կարդացած էի: Այդ հատորները մնացած են երէկի երազային Հալէպի մէջ, որ այսօր թրքական պետութեան ու Ընքըլ Սէմին ձեռքով վերածուած է կիսակործան Հալէպի… Վերանայիլ այդ բոլորը՝ անհրաժեշտութիւն էր: Բոլոր գիրքերը անմիջապէս գտայ Երեւանի քաղաքապետարանի` Աւետիք Իսահակեանի անունը կրող Կեդրոնական Գրադարանին մէջ, ուր մէկ միլիոն գիրք կայ ուզողներու համար իրենց էջերը սիրով բանալու պատրաստ: Այս գաղտնատունը խնամքով կը պահէ նաեւ Արամ Հայկազի գործերը: Աչքի անցընելով այդ բոլորը՝ յայտնեմ Արամ Հայկազի անկեղծութեամբ ու պարզութեամբ, որ ուրախութեան մը ալիքները արեանս պէս շրջագայութեան ելան մարմինովս մէկ:

***
Ու հիմա խոստումս հասցնեմ իր աւարտին՝ հերթագրեմ այն գրողները, որոնք Արամ Հայկազին մասին տուած են իրենց կարծիքները: Մեղմօրէն ըսեմ՝ անոնց բոլորին խօսք տալ այս էջերուն վրայ` դժուար փափաք մը պիտի ըլլար: Անոնցմէ միայն քանի մը հոգին պիտի խօսին յաջորդաբար:
Յակոբ Խաշմանեանին՝ հայ մշակոյթով խանդավառ հայուն է առաջին խօսքը. «Ճանչցէ՛ք եւ հպարտօրէն տէ՛ր կանգնեցէք իրեն ու իր նմաններուն՝ ձեզի մօտ ու հեռուն: Մենք բոլորս հպարտ ենք օտար լեզուներով գրող ու լայնօրէն վարձատրուող հայու արժանաւոր զաւակներով: Անդրադառնանք, որ անհամեմատ աւելի պէտք է հպարտ ըլլանք ու երախտագէտ մեր իսկապէս արժանաւոր հարազատներով, որ դեռ կը յամառին հայերէն գրելու, հայերու համար գրելու եւ գրելու առանց վարձատրութեան ակնկալութեան: Ահա՛ անոնց լաւագոյններէն մէկը՝ Արամ Հայկազը»:
Հրանտ Բալուեան խմբագիրը կ’ըսէ. «Գիտե՛մ, Արամ Հայկազին կեանքը եղած է ամբողջական տառապանք ու հատնում: Իր շահուն համար ըսեմ՝ շաղախդ փոխէ՞. երբե՛ք, սիրելի՛ Հայկազ: Ապրիլ 11¬24ի զարհուրանքը իր հաւատաւոր ու արուեստագէտ երգիչը պիտի ունենար: Հո՛ս է իր տաղանդին մեծութիւնն ու տեւականութիւնը, ասո՛վ Արամ Հայկազ անունը պիտի անցնի ապագայ սերունդներու երախտագիտութեան»:
Գրիգոր Շահինեան մանկավարժն ու քննադատը կը գրէ. «Իր ստեղծագործութեան մասին խօսելով` Արամ Հայկազ կ’ըսէ. «Իմ գրականութիւնս կեանքիս վէպն է, վէպ մը, որուն մէջ կը խառնուին քանի մը դրացիներ, ընտանիքիս անդամներ, սէրերս՝ յիմար ու խելօք, ու քիչ մըն ալ՝ գաւառացի տղու ապրում…»:
Յակոբ Կարապենց արձակագիրը եւս ունի իր խօսքը. «Նպատակս այնքան ձօն չէ, որքան գնահատանքի խօսք մի խումբ երիտասարդների, որոնք ծրագրել են յոբելինական հանդիսութիւններով մեծարել Արամ Հայկազին՝ իր գրական յիսնամեայ գործունէութեան առթիւ: Թերեւս «մեծարանք» բառը սխալ է, որովհետեւ Արամ Հայկազը չի սիրում ո՛չ մեծարանք եւ ո՛չ էլ ձօներգութիւն: Այսպէս թէ այնպէս, գեղեցիկ երեւոյթ է, որ մի խումբ երիտասարդներ, աւելի շուտ՝ վեց հայ մշակութային միութիւններ, ի մի գալով, որոշել են Միացեալ Նահանգների ու Կանադայի հայաշատ մի շարք քաղաքներում նշել հայ գրագէտի յոբելեանը: Երեւոյթը ոչ միայն գեղեցիկ է, այլ նաեւ՝ քաջալերական: Նշանակում է, որ վերջապէս ընկերային-հասարակական հողի վրայ սկսում ենք հասունանալ եւ ըստ արժանւոյն գնահատել մեր արժէքները: Երեւոյթը կրկնակի խանդավառութիւն է պատճառում, երբ ի նկատի ենք առնում այն հանգամանքը, որ նախաձեռնողները երիտասարդներ են: Եւ յատկանշականն այն է, որ աւագ գրագէտին պիտի ներկայացնի երիտասարդ գրագէտ Պօղոս Սնապեանը, որը Բէյրութից հրաւիրուել է ելոյթներ ունենալու Արամ Հայկազի յոբելինական հանդիսութիւններին»:
Կարօ Սասունին իր կարգին կ՚ըսէ. «47 տարիներ առաջ, երբ այցելեցի Ամերիկա, առաջին հրճուանքս եղաւ գրկախառնուիլ Համաստեղի հետ, որ փայլուն հորիզոն մը ուրուագծած էր մեր արդի գրականութեան անդաստանի բարձունքներուն: Ու ապա հրճուանքով քովս գտայ երիտասարդ Արամ Հայկազը՝ իր առաջին գրական քայլերուն մէջ, համեստ ու համակրելի, որ անաղմուկ՝ Համաստեղի վերելքի ճամբան բռնած էր: Այսօր, երբ իր գրական ստեղծագործութիւններու յիսնամեակը կը տօնուի, երիտասարդը արդէն ծերունազարդ է, բայց աշխոյժով իր ուսերուն կը կրէ իր հրատարակած գիրքերը՝ իբրեւ ամէնէն թանկագին զարդը իր կեանքին, իմաստը իր գոյութեան, եւ կ’իմաստաւորէ հայ գրականութեան անդաստանը իր արժէքաւոր ստեղծագործութիւններով: Արամ Հայկազ տաղանդաւոր գրագէտ մըն է, որ միայն իրեն կը նմանի ե՛ւ լեզուով, ե՛ւ ոճով: Իրական կեանքի դառնութիւններն ու ուրախութիւնները, ազգային եւ համամարդկային ապրումները կը տողանցեն առանց գոռում-գոչումի, բայց խորունկէն կը տեղաւորուին ընթերցողներու մտքին եւ սրտին մէջ»:
Լեւոն-Զաւէն Սիւրմէլեանը հապա՞. «Մենք երկուքս ալ եկած ենք Հայկական Պոնտոսէն, եւ երկուքս ալ հրաշքով վերադարձած ենք մահուան ճանապարհներէն: Առաջին անգամ Շապին Գարահիսարի պատմութիւնը լսեցի ինձմէ միայն քանի մը տարեկան մեծ պատանիի մը բերնէն. ան կռուած էր ճակատի վրայ եւ յաջողած էր փախչիլ Տրապիզոն՝ թուրք զինուորի մը համազգեստով ծպտուած: Քանի մը ամսուան համար՝ մենք դասընկերներ եղանք, բայց այնուհետեւ ես կորսնցուցի անոր հետքը: 1916-ին զիս կախարդեցին Վանի եւ Շապին Գարահիսարի հերոսամարտերը: …Բայց վստահ եմ, որ քու՝ ականատեսի վկայութեամբ գրուած Շապին Գարահիսարի հերոսամարտը, որ հայկական դիւցազնավէպ մըն է, ունեցած է այնքա՜ն ընթերցող, որքան Պոմպէյի հիմնած Նիկոպոլիս քաղաքին առասպելը: Շապին Գարահիսարին ես անդրադարձած եմ «Պ. Ֆարիտ» խորագրով իմ պատմուածքիս մէջ, որ տեղաւորուած է Ամերիկայի պետական վարժարաններու ընթերցանութեան գրքին մէջ:
…Կարօտով կը սպասեմ նոր գրքիդ՝ «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ»: Գեղեցիկ խորագիր մը: Հաճիս, շարունակէ՛ պատմել մեզի կեանքիդ անվերջանալի պատմութիւնը, որ առաջին հերթին պատմութիւնն է այս աշխարհի վրայ ապրող մարդուն»:
Այժմ, սիրելի՛ ընթերցողներ, ձեր թոյլտուութեամբ եկէք փակե՛նք այս տարածուն շարքը, ուր շատ արժանաւորներ կան, սիրտի օրհնեալ խօսքովը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Առաջինի, որ պսակ մըն է աղաւնակերպ Արամ Հայկազի կենսաժպիտ գրականութեան համար.
«Ս. Էջմիածին, 17 հոկտեմբեր 1972
Պատուարժան վարչութեան «Հայ Մշակութային» Միութեան
Մեզ համար հոգեկան անխառն մխիթարութիւն է շնորհաւորանքի եւ բարի մաղթանքների Մեր խօսքը բերել Արամ Հայկազի յոբելեանին:
Համայն մեր ժողովրդի, բայց մանաւանդ մեր պանդուխտ զաւակների համար Արամ Հայկազի կեանքն ու գործը ազգային ոգեկանութեան պայծառ ճառագայթում է եւ գեղարուեստական վայելք:
Մայր Հայաստանից եւ Սուրբ Էջմիածնից ողջոյն եւ օրհնութիւն տաղանդաշատ յոբելեարի կեանքին ու գրական վաստակին եւ ջերմագին մաղթանք արեւշատութեան»:
Արամ Հայկազ կը շարունակէ՛ ապրիլ իր հայկական ձայնով:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.